Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՂՈՑ ՈՒ ԱՂՋԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2017-ը նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքեթպոլի նոր նուաճումը, երբ 19 օրուան տարբերութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի տղոց ու աղջկանց խումբերը յաջողեցան արաբական ակումբներու ախոյեանութեան տիրանալ, լաւագոյն նուէրը հրամցնելով 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն պատրաստուող իրենց միութեան եւ համակիրներուն։
Առաջին բաժակը եկաւ Լիբանանի 2016-ի եւ 2017-ի ախոյեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի աղջկանց խումբէն, որ յաջողեցաւ փայլուն իրագործում մը կատարել, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրանալով ախոյեանութեան բաժակին։ Անցեալ տարի, խումբը տիրացած էր ախոյեանութեան երրորդ դիրքին։ Երկու տասնամեակ առաջ, նմանօրինակ յաջողութեան մը հասած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի աղջկանց խումբը, երբ յաջորդաբար երկու տարի՝ 1996-ին եւ 1997-ին յաջողած էր արաբական ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ հանդիսանալ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աղջկանց խումբի յաղթանակին հիմնական կերտիչները հանդիսացան Ճէսիքա Պրելընտ, Քամիլ Լիթըլ, Լաթշիա Ուիլիըմզ, Ռեպեքա Աքըլ, Նաթալի Սվաճեան, Մեղրի Թորոսեան եւ խմբակիցներ։ Իրենց տպաւորիչ խաղարկութեամբ անոնք յաջողեցան ախոյեանութեան բոլոր մրցումները աւարտել առանց պարտութեան եւ 14 Հոկտեմբերին տիրանալ տիտղոսին եւ բաժակին։
Ստորեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աղջկանց խումբին արձանագրած արդիւնքները.-
Ա. Հանգրուանի մրցումներ
Հ.Մ.Ը.Մ.-Օլիմփիք (Եգիպտոս) 96-66
Հ.Մ.Ը.Մ.-Սաֆաքս (Թունուզ) 65-44
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆուհէյս (Յորդանան) 96-71
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հիւսէյն Տայ (Ալճերիա) 75-52
Կիսաւարտական
Հ.Մ.Ը.Մ.-Օլիմփիք (Եգիպտոս) 96-67
Աւարտական
Հ.Մ.Ը.Մ.-Սաֆաքս (Թունուզ) 61-50
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՄՕՏ
Ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացումէն 10 օր ետք, 24 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Դրօ Մանտալեանի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եղբ. Ժորժ Սապունճեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ քոյր Թալին Խաչատուրեանի, այցելեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:
Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին յանձնեց արաբական ակումբներու ախոյեանութեան առաջնութեան բաժակը:
«Մեր տուած խոստումը իրականացուցած` հպարտօրէն այս բաժակը կը նուիրենք ձեզի», ըսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ զօր. Աուն շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուները, մարզիկներն ու մարզիչները, աւելցնելով, որ անոնք իրենց արձանագրած յաջողութեամբ բարձր կը պահեն Լիբանանի եւ հայութեան անունը: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային եւս կը կրկնուին նման իրագործումներ:
ՏՂՈՑ ԽՈՒՄԲԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աղջկանց խումբին յաջողութենէն 19 օր ետք, 2 Նոյեմբերին, պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբը, իր կարգին, մարզական մեծ իրագործում մը կատարեց, երբ Մարոքի մէջ տիրացաւ արաբական ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին։
Տեղին է նշել, որ տղոց մրցումները եղան աւելի դժուար եւ հետաքրքրական։ Հ.Մ.Ը.Մ., Մարոքի թագաւորական բանակին, Քաթարի Ղարաֆա խումբին եւ Օմանի Նազուային հետ մաս կազմեց ախոյեանութեան Բ. խմբակին։
Իր առաջին երեք ճակատումներուն յաղթելէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. գրաւեց իր խմբակին առաջնութիւնը եւ դիւրութեամբ անցաւ քառորդ աւարտականի հանգրուան, ուր դէմ յանդիման եկաւ Պահրէյնի Մուհարրաք խումբին։ Զայն եւս պարտութեան մատնելէ ետք, դէպի աւարտական երթը դժուար չեղաւ։ Ալճերիոյ Մուժամաա Փեթրոլիին դէմ յաղթանակը խումբը առաջնորդեց պատմական աւարտական, ուր մարզիչ Ճօ Մուժահէսի տղաքը սուր ճակատումէ մը ետք, յետ երկարաձգման, պարտութեան մատնեցին դաշտին տէրը՝ Մարոքի Սալա խումբը եւ արժանացան այնքան սպասուած տիտղոսին եւ բաժակին։
Այս ախոյեանութեան Հ.Մ.Ը.Մ.էն ամէնէն աւելի փայլեցան Հայկ Կէօքճեան, Սամուէլ Եանկ, Մաքրամ Պըն Ռամատան, Ուոլթըր Հոճ, Էլի Շամուն, Իսմայիլ Ահմէտ, Քարամ Մըշրէֆ, Սեւակ Քէթէնճեան եւ Փաուլօ Պետիկեան։ Հայկ Կէօքճեան եղաւ առաջին հայը, որ ախոյեանութեան ոսկեմատեանին մէջ անունը արձանագրեց, իբրեւ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկ։
Ստորեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց խումբին արձանագրած արդիւնքները.-
Ա. հանգրուանի մրցումներ
Հ.Մ.Ը.Մ.-Թագաւորական բանակ (Մարոք) 93-78
Հ.Մ.Ը.Մ.- Ղարաֆան (Քաթար) 80-68
Հ.Մ.Ը.Մ.-Նազուա (Օման) 92-74
Քառորդ աւարտական
Հ.Մ.Ը.Մ.-Մուհարրաք (Պահրէյն) 94-70
Կիսաւարտական
Հ.Մ.Ը.Մ.-Մուժամաա Փեթրոլի (Ալճերիա) 99-78
Աւարտական
Հ.Մ.Ը.Մ.-Սալա (Մարոք) 99-98
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց խումբին իրագործումը արժանացաւ լիբանանեան լայն շրջանակներու շնորհաւորութիւններուն։ Առաջին շնորհաւորողը եղաւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ «Թուիթըր»ի վրայ կատարեց գրառումը. «Կը շնորհաւորեմ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Յաւելեալ յաջողութիւններու եւ յաղթանակներու մաղթանքներով. արժանի էք աւելիին»։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը շնորհաւորեցին նաեւ քաղաքական գործիչներ, մարզական պատասխանատուներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով, իր գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքը ուղղեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, որ նշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը` արաբական պասքեթպոլի աշխարհին մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը շնորհաւորեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Ռիատի ակումբի նախագահ Հիշամ Ժարուտի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ ուրիշներ:
Հայկական իմաստով, Հ.Մ.Ը.Մ.ին շնորհաւորական նամակ մը յղեց Հ.Բ.Ը.Մ.- Հ.Ե.Ը.` նշելով, որ Լիբանանի եւ աշխարհի տարածքին մեծ անուն ունեցող ակումբը` Հ.Մ.Ը.Մ.ը այս նուաճումով եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը եւ փաստելու, որ լիբանանահայերը կրնան մեծապէս նպաստել իրենց երկիրին մարզական իրագործումներուն եւ արձանագրուած յաղթանակներուն:
ՄԱՐՈՔԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Արաբական ակումբներու ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց խումբը Պէյրութ վերադարձաւ Շաբաթ, 4 Նոյեմբերին, արժանանալով ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան։
Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը դիմաւորեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիէր Քախիա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ, պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամներ, մարզական լրագրողներ եւ հարազատներ։
Օդակայանին պատուոյ սրահը իր արտասանած խօսքին մէջ, Փիէր Քախիա շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ կատարած մեծ իրագործումին համար, աւելցնելով, որ այսպէսով Հ.Մ.Ը.Մ. եկաւ իր անունը արձանագրելու արաբական պասքեթպոլի պատմութեան մէջ:
Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեան բարի գալուստ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց խումբին։
Պէյրութի օդակայանէն խումբը իրեն տրամադրուած յատուկ փոխադրակառքով (որուն վրայ փակցուած էին հայկական Եռագոյնը եւ խումբին նկարը), ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր մարզիկներուն անհամբեր կը սպասէին հարիւրաւոր համակիրներ:
Խումբը հրապարակ հասնելով ծափահարութիւններու տարափով մը բարձրացաւ փոտիում:
Արաբական ակումբներու ախոյեան խումբը դիմաւորելու եկած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Կարօ Յարութիւնեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիէր Քախիա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան անդամներ, մարզական լրագրողներ եւ մեծաթիւ համակիրներ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի տղոց յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Կի Մանուկեան խօսք առնելով ըսաւ. «Ասկէ հինգ տարի առաջ, երբ Բ. դասակարգ էինք, խոստացանք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի հասցնենք մեծ յաջողութեան, որուն այժմ ականատեսը կ’ըլլաք դուք: Թէեւ Մարոքի մէջ Լիբանանը ներկայացուցինք, բայց ամբողջ աշխարհի Հ.Մ.Ը.Մ.ին բերինք փառք ու պատիւ` միեւնոյն ժամանակ սարսափեցնելով բոլորը: Այս յաղթանակը կերտեցինք ձեզի հետ միասին եւ զայն կը նուիրենք ձեզի՛, սիրելի համակիրներ:
«Թէեւ մենք լիբանանեան առաջին խումբը չենք, որ արաբական ախոյեանութիւնը կը շահինք, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ. հանդիսացաւ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին խումբը, որ նոյն տարուան մէջ տիրացաւ թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջկանց արաբական ակումբներու ախոյեանութեան: Չեմ կարծեր, որ բաւական երկար տարիներ որեւէ խումբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրագործումը կարենայ կատարել»:
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, նախ` Հ.Մ.Ը.Մ.ին կենացը, համակիրներուն կենացը, առանց որոնց այս յաղթանակը պիտի չիրականանար: Վարձքը կատար բոլորին, անխտի՛ր: Այս յաղթանակը կը նուիրենք Լիբանանի եւ անոր իշխանութեան երեք պետերուն` նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին: Զայն կը նուիրենք ամբողջ հայութեան: Հ.Մ.Ը.Մ.ին միջոցով փաստեցինք, որ Լիբանանը դուրս պիտի գայ իր ամէնէն դժուար պայմաններէն:
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ. այսպէսով կատարեց մեծ իրագործում մը, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Լիբանանը յաղթանակէ բացի ոչինչ կ’ուզեն»:
Ապա, յաջորդաբար խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի յանձնախումբի անդամները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց խումբի մարզիչ Ճօ Մուժահէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետ եղբ. Սեւակ Քէթէնճեան, խումբին մարզիկները, որոնք ըսին, թէ այս բոլորը կը կատարուին համակիրներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար, որպէսզի միութեան անունը բարձր մնայ լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային մարզական աշխարհին մէջ:
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեան խօսք առնելով ըսաւ. «Նախ եւ առաջ, արձանագրուած այս պատմական յաղթանակը շնորհաւոր ըլլայ բոլորին: Շրջանային Վարչութիւնը առաջնահերթ նպատակ ունի բոլոր մարզերուն մէջ ախոյեանութիւններ ապահովել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին: Մեր տղաքը ատիկա իրագործեցին Մարոքի մէջ: Նորանոր յաղթանակներ կը սպասենք տարբեր մարզախաղերու մէջ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր մարզիկներէն եւ խումբերէն»:
Խօսքերէն ետք, եղբ. Կի Մանուկեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ քոյր Թալին Խաչատուրեան միասնաբար բարձրացուցին արաբական պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութիւններու տղոց եւ աղջկանց բաժակները:
Քոյր Թալին Խաչատուրեան խօսք առնելով շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը` նշելով, որ միշտ կ’ուզենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր խումբերը ախոյեան տեսնել:
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց ժողովրդային ընդունելութիւնը յաջողցնելու համար:
Աւարտին, խումբը լուսանկարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին հետ: Տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ մը ետք, 11 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ախոյեան խումբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի եւ անոր նուիրեց իր նուաճած ախոյեանութեան բաժակը։
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Կի Մանուկան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ եղբ. Ճորճ Սապունճեան, յանձնախումբի անդամները, մարզիչ Ճօ Մուժահէս եւ խումբին մարզիկները:
Ախոյեանութեան բաժակին հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին յանձնեց իր անունը կրող Հ.Մ.Ը.Մ.ի թիւ 1 մարզաշապիկը:
Նախագահ Աուն շնորհաւորելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւոր իրագործումը, յայտնեց, որ Մարոքի Սալա քաղաքին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը, երբ տիտղոսակիր դարձաւ՝ ինքզինք պարտադրելով ախոյեանութեան մասնակից խումբերուն:
Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը շուրջ տարիէ մը ի վեր մեծ վերելք կ’արձանագրէ պասքեթպոլի մարզին մէջ, եւ ատոր շնորհիւ լիբանանեան մարզաշխարհը կ’ապրի զարգացում, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Լիբանանի երիտասարդ սերունդը կը մնայ մարզաշխարհի մէջ, հեռու՝ մոլորեցուցիչ այլ ճամբաներէ, որոնք երիտասարդները կը տանին այլ վայրեր:
Այցելութեան աւարտին, նախագահ Աուն նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց խումբին` յոյս յայտնելով, որ ապագային անոնք յաւելեալ տիտղոսներու կը տիրանան եւ բարձր կը պահեն Լիբանանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը: