Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանի վերջին տասնամեակի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի տասնօրեայ այցելութիւնը Արժանթին եւ Ուրուկուէյ։ Յիշատակելի այցելութիւն մը, որուն ընթացքին եղբ. Մկրտիչեան խօսքով եւ խրախուսանքով շրջանի միութենականներուն փոխանցեց իր մեծ գնահատանքը՝ զանոնք մղելով յաւելեալ աշխատանքի եւ նորանոր յաջողութիւններու։

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ
Եղբ. Մկրտիչեան Պուէնոս Այրէս ժամանեց 28 Օգոստոս 2017-ին։ Զինք դիմաւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Տանիէլ Ճիւպէլեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Օրասիօ Թերզեան:


Նոյն օրը, երեկոյեան, եղբ. Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան հետ: Հանդիպումին արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.- Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայաստանի, Սփիւռքի եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական վերջին մարզախաղերը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական յառաջիկայ բանակումը, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւնները:


Յաջորդ օր, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը տեսակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամներ՝ եղբայրներ Արթուրօ Յովհաննէսեանի եւ Գարլոս Սէֆէրեանի հետ։ Ապա, Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայրներու հետ ան մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան ժողովին:


Ժողովին եղբ. Մկրտիչեան խօսեցաւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին մասին: Ժողովին աւարտին տեղի ունեցաւ եղբայրական ընթրիք, որուն ընթացքին խօսուեցաւ միութեան եւ Սփիւռքի առնչուող հարցերու մասին։


2 Սեպտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի, Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Տանիէլ Ճիւպէլեանի, Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Օրասիօ Թերզեանի եւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Էտուարտօ Կոստանեանի հետ, եղբ. Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Արժանթինի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան տիկ. Եսթեր Մկրտումեանի եւ հիւպատոս տիկ. Էլէն Արզումանեանի հետ:


5 Սեպտեմբերին, եղբ. Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պուէնոս Այրէսի ատենապետ Ռուբէն Կէտիկեանի եւ այլ վարչականներու հետ:


6 Սեպտեմբերին, Արժանթինի սկաուտներու գաղութային բաժինի հրաւէրին ընդառաջելով, եղբ. Մկրտիչեան այցելեց «Քուրու» ռատիոկայանը, ուր հարցազրոյց մը ունեցաւ:
Հարցազրոյցէն ետք, եղբ. Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Արժանթինի ազգային սկաուտական խմբապետ եղբ. Խեռարտօ Մաթէի հետ։ Հանդիպումին արծարծուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հարաւային Ամերիկայի շրջանի եւ Արժանթինի սկաուտական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։


Այս առիթով, եղբ. Մկրտիչեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով Խերարտօ Մաթէին յանձնեց խաչքար մը, իսկ Մաթէ եղբ. Մկրտիչեանին փոխանցեց արժանթինեան յուշանուէր մը:
Հարցազրոյցին եւ անոր յաջորդած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Տանիէլ Ճիւպէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական Շրջանային Խմբապետ եղբ. Ակուսթին Անալեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան եւ Արժանթինի սկաուտներու գաղութային բաժինի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ քոյր Պէթի Սէֆէրեան:


9 Սեպտեմբերին, եղբ. Մկրտիչեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ Պուէնոս Այրէսի վարչական անդամներու հետ ճաշկերոյթի մը, որմէ ետք ան մասնակցեցաւ «Արարատ» սկաուտական խումբի դրօշակի արարողութեան: Այնուհետեւ, ան հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ Պուէնոս Այրէսի վարչականներու, սկաուտներու եւ երիտասարդներու հետ, որոնք հարցումներ ուղղեցին հետեւեալ նիւթերու շուրջ.- 2018-ի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակում, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային կառոյց, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատի վերաբերեալ հարցումներ: Հարկ է նշել, որ արարողութեան եւ հանդիպումին սկաուտները ներկայ եղան պաշտօնական լրիւ համազգեստով:


Նոյն օրը, երեկոյեան, եղբ. Մկրտիչեան մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի 90-ամեակի ընթրիքին, որուն ընթացքին եղբայրը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը (տեսնել առան ձին), շնորհաւորելով մասնաճիւղը բեղուն աշխատանքին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ամուր ոգիին համար: Եղբայրը խօսեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն մասին:

ԳՈՐՏՈՊԱՅԻ ՄԷՋ
30 Օգոստոսի կէսօրին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի ընկերակցութեամբ, եղբ. Մկրտիչեան այցելեց Գորտոպա։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները դիմաւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայն Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Սամի Մերտինեան, Գորտոպայի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Արթին Մերտինեան, Հ.Յ.Դ. տեղւոյն կոմիտէի անդամ Ռոպերթօ Թերզեան, ՀՕՄ-ի Գորտոպայի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Կիւլու Թասքայեան, ՀՕՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ Քրիստինա Մարսօ- Տօնիկեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գորտոպայի մասնաճիւղի անդամներ եւ «Արագած» սկաուտական խումբի խմբապետ եղբ. Մարիանօ Տօնիկեան:


Գորտոպայի մէջ, եղբ. Մկրտիչեան այցելեց «Անդրանիկ» ակումբ, ուր իրեն կը սպասէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արագած» սկաուտական խումբը:


Եղբայրը իր առաջին հանդիպումը կատարեց սկաուտական խումբի խմբապետներուն հետ։ Ընկերական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում եւ հարց-պատասխան:


Յաջորդեց եղբայր Մկրտիչեանի զրոյցը՝ «Անդրանիկ» ակումբին մէջ գործող կազմակերպութիւններու անդամներուն հետ:
80 հոգիէ աւելի լեցուն սրահին մէջ եղբ. Մկրտիչեան յստակօրէն ներկայացուց միութեան ներկայ եւ ապագայ պատկերը, պարզ ու հասկնալի պատասխաններ տալով իւրաքանչիւր հարցումի:


Զրոյցի աւարտին, ներկաները ծաղկեպսակով մը յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին ազգային հերոս Արամ Երկանեանի շիրիմին, որ կը գտնուի ակումբին մէջ: Ապա, գաղութի հոգեւոր հովիւ Յարութիւն Քհնյ. Ստեփանեանի հետ, անոնք աղօթեցին «Տէրունական աղօթք»ը:


Աւարտին, մասնաճիւղին վարչութիւնը հիւրասիրութեամբ մը պատուեց ներկաները:


Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսի առաւօտեան, եղբ. Մկրտիչեան պաշտօնապէս այցելեց «Մարիօ Քեմփէս» մարզադաշտ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Գորտոպայի մարզախաղերու կեդրոնի ատենապետ Մետարտօ Լիկորիայի հետ:


Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում, կազմակերպութեան եւ աշխատելակերպի զանազան ձեւերու մասին:


Կէսօրին, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Գորտոպայի հայ գաղութի ղեկավարներուն հետ, որմէ ետք եղբ. Մկրտիչեան գաղութի ատենապետ եղբ. Էտուարտօ Թութուճեանի հետ այցելեց հայկական Սահակ-Մեսրոպ դպրոցը: Ապա, Յարութիւն Քհնյ. Ստեփանեան զինք դիմաւորեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղեկութիւններ տուաւ 1926-ին հիմնուած Հարաւային Ամերիկայի այս առաջին եկեղեցւոյ մասին:


Եկեղեցւոյ այցելութենէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանին դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, ուր եղբայրներ Մկրտիչեան եւ Թութուճեան խօսքեր արտասանեցին եւ այս եզակի հանդիպումը դրուատեցին։


Երեկոյեան, եղբ. Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գորտոպայի մասնաճիւղի վարչութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում, հարց ու պատասխաններ կարգ մը մտահոգութիւններու, Սփիւռքի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագային մասին:


Հանդիպումին յաջորդեց խորովածի ընկերային երեկոյ մը՝ ի պատիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին։

 

ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՈՅԻ ՄԷՋ
2 եւ 3 Սեպտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղ, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Տանիէլ Ճիւպէլեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Թամարա Պլոյս Հոճաճանեանի:


Հիւրերը դիմաւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղի ատենապետուհի քոյր Ալէքսիա Պարպարեան, մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Անգինէ Աթթարեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Սկաուտական Խորհուրդի անդամ եղբ. Արամ Պարաքեան։ Ներկայ էին նաեւ «Կամք» սկաուտական խումբի անդամները եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը:


Ժամանումէն եւ ճաշէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը այցելեց «Կոմիտաս» ռատիոժամ եւ մասնակցեցաւ հարցազրոյցի մը: Այս մէկը առիթ մը եղաւ ունկնդիրներուն ծանօթանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին այցելութեան պատճառներուն եւ լսելու եղբայրներ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Արմանտօ Թորգոմեանի, Տանիէլ Ճիւպէլեանի եւ քոյր Ալէքսիա Պարպարեանի խօսքերը՝ ուղղուած բոլորին:


Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց «Վռամեան» ակումբը, ուր կը սպասէր սկաուտական խումբը։ Ակումբին մուտքին, հայկական տարազներ հագած երկու քոյրեր աւանդական բարի գալուստի արարողութիւնը կատարեցին աղ ու հացով:


Ակումբին զանազան սրահները շրջելէ ետք, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Վռամեան» կոմիտէին հետ։ Հանդիպումին մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի անդամներ:


Պատիւ մը եղաւ մասնաճիւղին, յատկապէս «Կամք» սկաուտական խումբին համար, եղբ. Մկրտիչեանի ներկայութիւնը դրօշակի արարողութեան: Այս առիթով եղբայրը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ իբրեւ յիշատակ ստացաւ «Կամք» խումբին փողկապը եւ շապիկը:


«Կամք»ի խմբապետութիւնը եւ մարզիկները մասնակցեցան եղբ. Մկրտիչեանի հետ բաց հանդիպումի մը, որուն ներկայ եղան եղբայրներ Արմանտօ Թորգոմեան, Տանիէլ Ճիւպէլեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ: Հանդիպումին ընթացքին, եղբօր խօսքերէն ետք, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ մասնաւորապէս միութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին:


Գիշերը տեղի ունեցաւ եղբ. Մկրտիչեանի եւ իրեն ընկերակցող պատասխանատուներուն ի պատիւ բարի գալուստի ընթրիք՝ «Վռամեան» ակումբին մէջ: Մասնակցեցան շուրջ 70 հոգի, եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ: Ընթրիքը սկսաւ Յակոբ Արք. Գըլընճեանի «Տէրունական աղօթք»ով եւ խօսքով։ Ապա, խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթէվիտէոյի մասնաճիւղի ատենապետուհի քոյր Ալէքսիա Պարպարեան, Հ.Յ.Դ. Մոնթէվիտէոյի կոմիտէի անդամ Զապէլ Գույումճեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Տանիէլ Ճիւպէլեան:


Ընթրիքէն ետք, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելէ ետք, եղբ. Մկրտիչեան Գառնիկը մեծարուեցաւ յուշատախտակով մը։


Կիրակի, 3 Սեպտեմբերին, եղբ. Մկրտիչեան, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, ներկայ գտնուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին:


Յետմիջօրէին, եղբ. Մկրտիչեան ներկայ գտնուեցաւ ֆութպոլի մրցումի:


Աւելի ուշ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղի վարչութեան հետ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան: Ժողովին ընթացքին տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում։ Ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ հարցնելու:


Ժողովի փակումէն ետք տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք, որուն ընթացքին ներկաները իրենց սրտի խօսքերը յայտնեցին այս կարեւոր այցելութեան մասին:
Եղբ. Մկրտիչեանի շրջան այցելութիւնը, անկասկած, նոր ուժ ներարկեց եւ խրախուսեց մասնաճիւղին մեծ ընտանիքը աշխատանքը շարունակելու վերանորոգ յանձնառութեամբ, միշտ բարձր պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայութեան անունը:

 

 

Տարածենք