ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին խառն նիստը, որ ամիսներու քննարկումներէ ետք վերջնականացուց 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք յոբելենական կեդրոնական ձեռնարկներուն շարքը:


Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ, որ 19-29 Յուլիս 2018 երկարող օրերը հռչակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շաբաթ եւ այս առիթով Հայաստանի մէջ իրագործուին հետեւեալ ձեռնարկները.- համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի բացման հանդիսաւոր տողանցք Երեւանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր երրորդութեան բարձրաքանդակներու զետեղում Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի կեդրոնի մուտքին, նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յարգանքի տուրք Եռաբլուրի մէջ եւ մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգեհանգստեան պաշտօն, Վահան Չերազի արձանի կառուցում եւ զետեղում Գիւմրիի մէջ, պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի սրահին մէջ, ցուցահանդէս-գիտաժողով, 100-ամեակի նամականիշներու շնորհահանդէս եւ 100-ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին խառն նիստը քննեց նաեւ այս առիթով յառաջացուած հինգ յանձնախումբերու (քարոզչական, տնտեսական, ընկերային, գիտաժողովի, գործադիր) աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւնները եւ համապատասխան թելադրանքներ կատարեց յանձնախումբերու մօտ իր ներկայացուցիչներուն, որպէսզի 100-ամեակի տարուան առաջին օրէն անոնք աշխատանքի լծուին յոբելենական տարին համահայկական շուքով եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարողութեամբ նշելու համար:


Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք