Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ-ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Ձմեռ, Յունուար ամիս, ձիւն, ցուրտ եւ բանակում։ Այո՛, շատերու համար անկարելի բան է, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին համար անկարելին կը դառնայ կարելի, երբ իր նուիրեալ Սկաուտական Խորհուրդի անդամներով, խմբապետական կազմով եւ 183 գայլիկ-արծուիկներով, արի-արենոյշներով եւ երէց-պարմանուհիներով ան կը դառնայ հաւաքական մէկ ուժ: Արդարեւ, 12-14 Յունուարի շաբաթավերջին, մասնաճիւղին սկաուտական ընդհանուր կազմը իր մասնակցութիւնը բերաւ ձմեռնային դպրոց-բանակումին «Camp Samac» բանակավայրին մէջ:

12 Յունուարի երեկոյեան, հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խումբերու հաւաքը՝ նախքան բանակավայր մեկնումը. երէց-պարմանուհիները ստանձնեցին գոյքերու, պայուսակներու եւ ուտելիքներու դասաւորումը փոխադրամիջոցներու մէջ:

Խումբերը բանակավայր հասան, ստանձնեցին իրենց տնակները եւ բանակումի բացման արարողութիւնը կատարեցին «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք անոնք բաժնուեցան խմբակներու։ Իւրաքանչիւր խմբակ կոչուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն մէկուն անունով:

Իւրաքանչիւր խմբակ ունեցաւ իրեն յատուկ յայտագիրը, որ ընդգրկեց ազգային եւ սկաուտական նիւթերով դասախօսութիւններ, երգեր, սկաուտական խաղեր, լուսարձակով պատրաստուած նիւթեր եւ ձեռային աշխատանքներ:

Յաջորդ առաւօտ, սկաուտները աշխուժութեամբ սկաուտական իրենց մարզանքը կատարեցին: Նախաճաշէն ետք, գայլիկ-արծուիկները եւ արի-արենոյշները կատարեցին փողկապի տուչութեան արարողութիւն. գայլիկ-արծուիկները իրենց փոքր տարիքով, բայց բարձր գիտակցութեամբ վերանորոգեցին իրենց խոստումը, ինչպէս նաեւ՝ կրկնեցին վոհմակին օրէնքը եւ արժանացան դեղին փողկապի: Աքելլան եւ մասնաճիւղին խմբապետը շնորհաւորեցին անդամները՝անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ։ Արի-արենոյշները, իրենց կարգին, վերանորոգեցին իրենց խոստումը եւ ստացան կապոյտ փողկապներ՝ խոստանալով որ յանձնառու պիտի ըլլան յաւելեալ պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու ստանձնման, ինչպէս նաեւ տէր պիտի ըլլան ամէն օր բարի գործ մը կատարելու իրենց խոստումին:

Ձմրան եւ ձիւնի առիթը օգտագործելով, խումբերը պատրաստեցին սայլակներ եւ իրարու հետ մրցելով հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Սկաուտները նաեւ սորվեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած քայլերգը: Յայտագիրները շարունակելով՝ հասած էր խարոյկին ժամը. ճիշդ էր, որ օդը քիչ մը ցուրտ էր, բայց այդ մէկը պատճառ չեղաւ որ խարուկահանդէս չկատարուի: Երէց եւ պարմանուհի փաղանգները պատրաստեցին խարոյկը, որ սկսաւ կանչերով եւ շարունակուեցաւ ազգային երգերով ու զաւեշտով: Այդ բոլորը աւելի ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծեց բանակողներուն միջեւ: Արդէն ճրագմարի ժամը հասած էր եւ սկաուտները պէտք է պատրաստուէին յաջորդ օրուան:

Բանակումին փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով:

Վերադարձի ժամը հասած էր. սկաուտները ձեռք-ձեռքի բռնած «Ցտեսութիւն» երգը երգեցին. «Ցտեսութիւն մըն է եղբայր, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրարու կը հանդիպինք ու կ’երգենք միաձայն»:

Տարածենք