Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԻ ՆԻՍՏԵՐԸ
ՄԱՐԶԻԿ (Նիկոսիա)- 2015-2019 քառամեակի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան միջ-դիւանական 9-րդ խորհրդաժողովի նախօրեակին, 25 եւ 26 Հոկտեմբեր 2016-ին, Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս։
Լիագումար նիստերուն ներկայ գտնուեցան Կեդրոնական Վարչութեան գրեթէ բոլոր անդամները եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին խմբագիրը։ Յարգելի պատճառներով նիստերէն բացակայեցաւ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան։
Լիագումարը նախ զեկուցում մը լսեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու գործունէութեան մասին։ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ ընդհանուր գիծերով ներկայացուցին իրենց շրջաններու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններուն աշխատանքները։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանին, որ հակառակ քաղաքական եւ ապահովական ծանր պայմաններու, անխափան կը շարունակէ միութենական գործ կատարել։
Լիագումարը գնահատանք արձանագրեց Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի աշխատանքներուն ընդարձակման համար։ Այսօր, Երեւանի մէջ արդէն կը գործեն 5 միաւորներ։ Աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն նաեւ Երեւանէն դուրս գտնուող 8 միաւորները։ Աշխատանք կը տարուի միաւորները օժտելու համապատասխան վարչութիւններով։ Լիագումարի նախօրեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. հիւրընկալեց սկաուտական եւրոասիական տարածաշրջանի 6-րդ համաժողովը եւ երիտասարդական 3-րդ ֆորումը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ներկայացուցիչ եղբ. Արթիւր Խաչատրեան ընտրուեցաւ եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի անդամ։
Հ.Մ.Ը.Մ. զգալի գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Մոսկուայի մէջ։ Թիֆլիսի պարագային, ուր 50-60 սկաուտներ կը գործեն, լիագումարը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեանի Վրաստան մուտքին դէմ դրուած արգելքին։ Շեշտուեցաւ, որ սկաուտութիւնը ոչ-քաղաքական շարժում է եւ մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտում է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչին դէմ կամայականօրէն դրուած արգելքը։
Լիագումարը առանձին նիստերով քննեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին համար նախատեսուած տօնակատարութիւնները եւ անհրաժեշտ նկատեց քարոզչական ու հրատարակչական լայնածաւալ աշխատանքով 100-ամեակը ներկայացնել նաեւ օտար շրջանակներու։ Նպատակայարմար նկատուեցաւ 100-ամեակի ձեռնարկներուն բացումը կատարել 2017-ի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերով, իսկ փակումը՝ 2018-ի բանակումով եւ եզրափակիչ հանդիսութեամբ, Երեւանի մէջ։ Որդեգրուեցաւ միութեան 100-ամեակի նշանակը, երգը (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտ.՝ Վահրամ Էմիիեանի, կատարողութիւն՝ Գառնիկ Սարգիսեանի) եւ նշանաբանը («Պատուաբեր անցեալէն՝ յաղթական ապագայ»)։
Օրակարգի յատուկ նիւթ դարձան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն եւ բանակումին առնչուած հարցեր։ Ցարդ կատարուած աշխատանքներու մասին փաուըր փոյնթով զեկուցումներ ներկայացուցին Կեդրոնական Վարչութեան տուեալ մարզերու պատասխանատուները։
Այնուհետեւ, քննուեցան միութեան կազմակերպական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն վերաբերող ծրագիրներ, որոնց կարգին հիմնական նորութիւնը կը կազմէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական բաժանմունքը, որ միութեան ռազմավարական ծրագիրի գլխաւոր առաջադրանքներէն մէկն է։ Բաժանմունքը կը նպատակադրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ համախմբել 18-26 տարեկան երիտասարդներ։ Այս գծով բաւական լուրջ փորձեր կը կատարուին Արեւմտեան Մ. Նահանգներու մէջ։ Եւրոպայի մակարդակի երիտասարդական նախաձեռնութեան մը դիմած է նաեւ Վիեննայի մասնաճիւղը։
Առանձին քննարկումի արժանացան միութեան սկաուտական եւ մարզական գործունէութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարման ձեւերը։ Խօսուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյր մասնաճիւղերու դրութեան, արհեստագիտական տեղեկատուութեան, համահայկական մարզախաղերու, զանազան հրատարակութիւններու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանի, արխիւներու եւ տնտեսական գլխաւոր ծրագիրներու մասին։
Իբրեւ նորութիւն, լիագումարը ծանօթացաւ Կեդրոնական Վարչութեան առցանց վաճառատան ծրագիրին, որուն շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ. այսուհետեւ կարելիութիւնը պիտի ունենայ միութենական իրեր, յուշանուէրներ, տարազներ, սկաուտական եւ մարզական պիտոյքներ վաճառել առցանց դրութեամբ։ Նոյն առիթով, ներկայացուեցաւ նաեւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի համացանցի արդիական նոր կայքէջին ծրագիրը։
Տեղին է նշել, որ ի տարբերութիւն նախորդ լիագումարներու, այս լիագումարին քննութեան արժանացած բոլոր նիւթերը ներկայացուեցան լսատեսողական արդիական միջոցներով՝ տեսանիւթերով, փաուըր փոյնթերով եւ համակարգչակային նորագոյն ծրագիրներով։
Աւարտին, լիագումարը արծարծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական խորհրդաժողովին ուշադրութեան յանձնուելիք հարցեր։