ԵՂԲ. ՅԱԿՈԲ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Տերեւաթափ է դարձեալ:

Հարազատ ու սիրելի դէմքեր մէկիկ-մէկիկ կը հեռանան մեզմէ:

Այս անգամ եղբ. Յակոբ Համամճեանն էր հրաժեշտ տուողը` Գանատայէն, ուր լուռ ու մունջ իր հոգին կ’աւանդէր, առանց ,մնաք բարովե ըսելու մեզի:

Ան անվերադարձ կը բաժնուէր մեզմէ, իր ետին ձգելով վիշտ ու յուզում, խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, հարազատները, ծանօթներն ու բարեկամները:

Իր մահով կը կորսնցնենք արուեստագէտ ու տիպար հայ մը եւ վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ երկար տարիներ իր ներդրումը ունեցած է միութեան վերելքին ու ծաղկումին:

Եղբ. Յակոբ Համամճեան ծնած է 1932-ին, Հայաշէն:

Նախնական ուսումը Սէն Կրէկուար ճեմարանին մէջ ստանալէ ետք, ան կը նետուի կեանքի ասպարէզ` ոսկերչութեան, եւ կարճ ժամանակի մէջ, ինքնաշխատութեամբ կը տիրանայ արհեստի բոլոր գաղտնիքներուն՝ արհեստը վերածելով արուեստի ու դառնալով փնտռուած ոսկերիչ մը:

Եղբ. Յակոբ Համամճեան 40 տարիներ վարած է Լիբանանի ոսկերիչներու սենտիքայի ատենապետի պաշտօնը։ 2004-ին ան ,Վարպետե կոչումը ստացած է Հայ Ոսկերիչներու Միութեան կողմէ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսները օրին իրեն վստահած են կաթողիկոսութեան յուշանուէրներն ու շքանշանները պատրաստելու աշխատանքը:

Եղբ. Յակոբ Համամճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Փոքր տարիքէն ան մաս կազմած է միութեան սկաուտական շարքերուն` ըլլալով գայլիկ, արի եւ երէց:

Սկաուտութեան մէջ իր արձանագրած փայլուն գործունէութեան շնորհիւ, ան կը նշանակուի նախ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութ մասնաճիւղի եւ ապա՝ Շրջանային մակարդակով խմբապետ:

Մարզական կեանքն ու սկաուտութիւնը իր անբաժան առօրեան ըլլալով, եղբ. Համամճեան 1960-ական տարիներուն մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աթլէթի խումբին` մասնակցելով միջ-մասնաճիւղային խաղերու: Ան հիմնադիր անդամ կը հանդիսանայ ,Սիփանե դահուկարշաւի միութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ գործելէ ետք, եղբ. Համամճեան 1962-ին կը լծուի վարչական գործունէութեան: Երկար տարիներ ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի իրերայաջորդ Սկաուտական Խորհուրդներու, Շրջանային յանձնախումբերու եւ վարչութիւններու, ապա կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան անդամ:

Իբրեւ գնահատանք տարիներու իր վաստակին, եղբ. Համամճեան 1986-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կ’արժանանայ ,Ծառայութեանե շքանշանին, իսկ աւելի ուշ` 2014-ին, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն՝ ,Արժանեացե շքանշանով:

Եղբ. Յակոբ Համամճեան եղած է տիպար հայր։ Ան ընտանեկան իր օճախը կազմած է Աշխէն Պէօյիւքեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու զաւակով:

Եղբ. Համամճեան իր բոլորանուէր մասնակցութիւն բերած է լիբանանահայ ազգային-կրթական գործին, գործելով Ազգային Թորգոմեան եւ Չաթալպաշեան վարժարաններու խնամակալ մարմիններուն մէջ:

Մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը ան Գանատայէն կը հետեւէր Հայաստանն ու հայութիւնը հետաքրքրող լուրերուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական խումբերու արձանագրած արդիւնքներուն:

Եղբ. Յակոբ Համամճեան մահացաւ 7 Նոյեմբեր 2017-ին եւ հողին յանձնուեցաւ Գանատայի մէջ, իրեն սիրելի հայրենիքէն եւ Լիբանանէն տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու:

Հայու ճակատագիր: Աստուած միայն գիտէ, թէ հայը ո՛ւր պիտի ծնի, ո՛ւր պիտի ապրի եւ ո՛ւր պիտի թաղուի:

Սիրելիի մը կորուստին անսպասելի գոյժը մեզ կը ստիպէ, որ անցեալի քաղցր յիշատակները արթուն պահենք մեր մէջ եւ տարիները քանի մը վայրկեանի մէջ տողանցեն մեր յիշողութեան պաստառին վրան:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ եղբ. Յակոբ: Խունկ ու մոմ քու անմոռաց յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Տարածենք