ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹՈՎ

 

Միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու շարքին բացումը կատարելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան մամուլի յանձնախումբը 18 Յունուար 2018-ին կազմակերպեց դասախօսական երեկոյ մը, նիւթ ունենալով՝ ,Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած հայ մարզիկները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութիւնըե, դասախօսն էր հալէպահայ հրապարակագիր, Հայ Ծերանոցի տնօրէն, Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Ակադեմիայի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան:

Դասախօսական երեկոյին բացման խօսքը ներկայացուց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց քոյր Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեան: Ան մատնանշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սերնդակերտ դերը՝ վերջին 100 տարուան մեր պատմութեան մէջ։

Այնուհետեւ, դասախօս Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց օրուան նիւթը՝ պարզաբանելով Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած նշանաւոր հայ մարզիկները, ինչպէս նաեւ՝ արխիւներու եւ բաժակներու այն մեծ կորուստները, զորս հայ ժողովուրդը 1915-ին ունեցաւ։

Իր դասախօսութեան մէջ, Գաթր ճեան լուսարձակի տակ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան պայմանները, յիշելով անոր հիմնադիրները, կանոնագիրը, քայլերգը, նշանաբանն ու նշանակը: Ապա, ան իր խօսքը առաւել տպաւորիչ դարձուց արխիւային լուսանկարներու ցուցադրութեամբ:

Դասախօսութեան աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան: Ան ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն շարքը եւ գնահատեց օրուան դասախօսը իր ներկայացուցած շահեկան դասախօսութեան համար: Տաթեւ Ա. Քհնյ. Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայացուց, իբրեւ միշտ երիտասարդ միութիւն, որ կը կերտէ իրերայաջորդ հայ սերունդներ:

Դասախօսական երեկոն փակուեցաւ Քահանայ Հօր «Պահպանիչ»ով:

Տարածենք