«ԱՐԵՒԵԼՔ ՄԱՐԶԱՇԽԱՐՀ»ԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան մամուլի յանձնախումբը կազմակերպեց ,Արեւելք Մարզաշխարհե մարզական շաբաթաթերթին նուիրուած յուշ-երեկոյ մը՝ Հինգշաբթի, 22 Մարտի երեկոյեան ժամը 7-ին, ,Արամ Մանուկեանե Ժողովրդային Տան ,Լեւոն Շանթե սրահին մէջ:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի քայլերգներով: Յանձնախումբի ատենապետ քոյր Անի Գալտընեան բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ յարգանքի խօսք ուղղեց 100-ամեայ միութեան եւ անոր շարքերուն ծառայող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն: Այնուհետեւ, ցուցադրուեցաւ շաբաթաթերթին մասին տեսերիզ մը (պատրաստութիւն՝ քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի):

Թամար Աւետեան-Գատէհճեան, Սօսի Քէօրիւկեան, Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան եւ Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան շաբաթաթերթէն հատուածներ ընթերցեցին, իսկ գայլիկ Արա Արոյեան արտասանեց շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած ,Քալէ՛, գայլիկեէն հատուած մը:

Այնուհետեւ, հանդիսավար Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսըզեան հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ ,Գանձասարե շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեանը։

Յարգելի բանախօսը ,Մարզաշխարհե շաբաթաթերթի հարուստ բովանդակութիւնը ներկայացնելով շեշտեց անոր դերը 1957-1963 տարիներուն՝ Սուրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաղկուն կեանքին պատմութիւնը արձանագրելու եւ շահեկան յօդուածներով հայ երիտասարդներուն ցուցմունք տալու իմաստով: Ան դիտել տուաւ, որ ,Մարզաշխարհեը մարզական սովորական թերթ մը չէր, այլ՝ ,Առողջ մարմին, արթուն միտքե կարգախօսին մեկնաբանն էր իր մարզական լուրերով եւ յօդուածներով: Ան էր, որ հայ երիտասարդութեան մարզական համաշխարհային ձեռքբերումներուն անդրադառնալով՝ բարձրանալով բարձրացնելու ուղին լուսարձակի տակ կը բերէր: Պօղիկեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուները հրաւիրեց ,Գանձասարեին հետ գործակցաբար զարկ տալու մարզական-սկաուտական յօդուածագիրներ պատրաստելու աշխատանքին:

Գեղարուստական յայտագիրով Եղիա Քիլէճեան մեներգեց ,Հայրենիքիս հետե երգը՝ ոգեւորելով ներկաները: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան արտասանեց Շրջանային Վարչութեան խօսքը՝ կարեւորելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ յաղթանակները, մարզական եւ սկաուտական կեանքը արտացոլող ,Մարզաշխարհեին արժէքը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ տեւաբար նեցուկ կը կանգնի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Շրջանային Վարչութեան կողմէ ան բանախօսին նուիրեց յանձնախումբին հրատարակած ,Արեւելք Մարզաշխարհեի խմբագրականներուն գիրքը:

Աւարտին, Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց: Ան հայ ժողովուրդի կեանքէն պատմութիւն մը ներկայացնելով՝ ժողովուրդի մը անմահացման համար անհրաժեշտ նկատեց գիրը, գրականութիւնը եւ գիրքը: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, մամուլի յանձնախումբին եւ օրուան բանախօսին՝ այս բովանդակալից ձեռնարկին համար:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ,Պահպանիչեով եւ ,Յառաջ նահատակե քայլերգով, որմէ ետք ներկաները դիտեցին սրահին մէջ ցուցադրուած ,Արեւելք Մարզաշխարհեի թիւերը:

Տարածենք