«ԱՏՈՄ ԵՒ ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ» ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԵՒ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՓԱԿ ԴԱՇՏԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ՝ ,ԱՂԲԱԼԵԱՆ-Հ.Մ.Ը.Մ.ե ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 7 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Անթիլիասի ,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ ,Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանե պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի փակ դաշտերուն, որոնց վերանորոգումը, սարքաւորումը, առաստաղով մը փակելն ու զանոնք իբրեւ մարզադաշտ յարդարելը սիրայօժար կերպով ստանձնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամներ` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները: Ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ ջանքերով եւ հետեւողական աշխատանքով ,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրի տնօրէն խորհուրդին եւ բարոյական ու նիւթական աջակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին:
ԲԱՑՈՒՄԸ
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն տողանցքով` առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի շեփորախումբին, որմէ ետք կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ Հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Իշխան Եղիայեանի եւ ՐաՖՖի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեանի եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Կարօ Պէրպէրեանի եւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներու, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու, քաղաքական-ազգային մարմիններու անդամներու եւ հայ թէ օտար հրաւիրեալներու։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին բացումը կատարեց եւ ձեռնարկը վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Լեւոն Աբղ. Եղիայեանը եւ Արտաւազդ Աբղ. Շառոյեանը` օրհնելու մարզադաշտը:
ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ
Առաջին խօսքը արտասանեց ,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրի տնօրէն Րաֆֆի Թիւթէլեան։ Ան անդրադարձաւ բացման հանդիսութեան նախորդած վեց ամիսներու հետեւողական աշխատանքին, որուն մղիչ ուժը նման մարզադաշտ մը ունենալու կարեւորութիւնն էր, բարերարութիւնը Թնճուկեան ամոլին եւ նեցուկը Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին:
Թիւթէլեան հաստատեց, որ աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէր, սակայն այն համոզումը, թէ այդ երդիքին տակ հասակ պիտի առնեն հայեցի կազմաւորում ստացած սերունդներ, ի գործ դրուած ճիգերուն լաւագոյն արդարացումը հանդիսացաւ:
ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ
,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրի տնօրէն խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մեսրոպեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ` յանուն այս կառոյցներէն օգտուող իւրաքանչիւր անդամի ու անոր երդիքին տակ հարազատութիւն ապրելու կոչուած անհատի, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս մարզադաշտերու ծրագիրին յաջողութեան: Ան դիտել տուաւ, որ տնօրէն խորհուրդը թէեւ միշտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ծառայելու իրեն դիմողներուն, սակայն նոր մարզադաշտերու կառուցումով կարելի պիտի ըլլայ կրկնապատկել գործունէութիւնը, աշխատանքի աւելի յարմար պայմաններ ընձեռել տարուան բոլոր եղանակներուն:
Րաֆֆի Մեսրոպեան հայերէնով եւս խօսք առաւ եւ հաստատեց, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ կատարուած իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն` նորահաս սերունդներու առողջ ու հայեցի դաստիարակութեան ծառայող, կը մնայ վաւերական արժէք, իսկ անոր բարերարութիւն կատարողները կը վայելեն իրերեյաջորդ սերունդներու յարգանքն ու երախտագիտութիւնը եւ օրինակ կը դառնան նոր սերունդներուն` հաւաքական նպատակներու իրականացման նեցուկ ըլլալու: Ան անդրադարձաւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ ,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրին վճռորոշ դերակատարութեան, կենսական ու տիրական գործունէութեան` աւելցնելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հարիւրաւոր մարզիկներու, սկաուտներու, բազմահազար համակիրներուն, Հ.Յ.Դ. պատանեկան եւ երիտասարդական միութեանց անդամներուն համար սիրելի եւ հարազատ երդիք դարձաւ ան: Այդ պատճառով ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները իրենց հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին կեդրոնը` ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր: Ան իր խօսքը եզրափակելով դիտել տուաւ, որ կեդրոնը պիտի շարունակէ ըլլալ մարդուժ պատրաստող քուրայ` կերտելով այնպիսի սերունդներ, որոնք տէր պիտի կանգնին Հայ Դատին եւ պահանջատէր հայութեան իրաւունքներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԽՕՍՔԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբ. Կարօ Պէրպէրեան։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց մասնաճիւղին 48 տարիներու բազմաճիւղ աշխատանքները` դիտել տալով, որ մասնաճիւղը վերջին տարիներուն յաւելեալ աճ ունեցաւ բոլոր բնագաւառներու մէջ` թէ՛ թիւի եւ թէ՛ որակի իմաստով: Ան յատուկ կերպով յիշեց մասնաճիւղին աղջկանց պասքեթպոլի խումբը, որ լիբանանեան եւ արաբական մակարդակներու վրայ մեծ նուաճումներ արձանագրեց: Այս բոլորին լոյսին տակ, եղբ. Պէրպէրեան անդրադարձաւ մասնաճիւղին աճող կարիքներուն, որոնց գոհացում տալու համար նման մարզադաշտերով օժտուիլը համազօր է երազի մը իրականացման, որպէսզի միութենականները մնան իրենց հարազատ տան մէջ, չստիպուին այլընտրանքներու դիմելու, ըսաւ ան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին անդրադառնալով, եղբ. Պէրպէրեան յայտնեց, որ չի բաւեր յիշել անցեալի իրագործումները, այլ պէտք է մտածել միութեան առաքելութեան շարունակութեան մասին` կերտելու առողջ, ծառայասէր, պատասխանատու, բարոյական բարձր արժանիքներու տէր ու տիպար հայ երիտասարդներ` նշելով, որ մասնաճիւղը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ նոր մարզադաշտերուն շնորհիւ յաւելեալ լիցք հաղորդելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան խումբերու գործունէութեան:
Իր խօսքին վերջաւորութեան, եղբ. Պէրպէրեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղին անունով երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլին:
ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ ԽՕՍՔԸ
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ եղբ. Ատոմ Թնճուկեան, որ մեծ երջանկութիւն նկատեց նման երազի մը իրականացումը, մանաւանդ եթէ մտաբերուի, որ հին սերունդները ինչպիսի՜ պայմաններու մէջ տարած են իրենց աշխատանքները, այն ատեն այսօրուան մարզադաշտերուն գոյութիւնը նախանձելի պիտի նկատուի: Ան անդրադարձաւ կեդրոնի պատմականին։ Ան յիշեց կեդրոնին հիմնարկէքի արարողութիւնը` շեշտելով, որ օրին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն խանդավառուեցաւ եւ փափաքեցաւ մարզամշակութային այս կառոյցին մէջ ունենալ իր միաւորները, եւ այսպիսով բոլորը միացան եւ իրականութիւն դարձուցին նման կարեւոր ու իւրայատուկ համալիրի մը:
Եղբ. Ատոմ Թնճուկեան շնորհաւորեց տարուած յաղթանակներն ու արձանագրուած պատուաբեր նուաճումները, որոնք երիտասարդութեան մօտ խանդավառութիւն կը ստեղծեն եւ կը մղեն զանոնք միանալու այս միութեան: Ան ըսաւ, թէ իրենց երիտասարդութեան այլ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ բարձրացուցին զիրենք, իսկ այսօր իրենց կարգն է բարձրացնելու ուրիշները: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց միանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Դաշնակցութեան ու անոնց ճամբով ծառայելու ազգին:
Ապա, խօսք առաւ քոյր Սելլա Թնճուկեան։ Ան շնորհաւորեց այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որովհետեւ այս միութիւնը դպրոց է, որմէ զրկուողը շատ բան կը կորսնցնէ: Ան նշեց, որ թերեւս անմիջական կերպով Հ.Մ.Ը.Մ.ին մէջ ըլլալու արժէքին գիտակցիլը դժուար է, բայց կեանքի ընթացքը ցոյց կու տայ, որ նման միութեան մը անդամը ըլլալը, մարզական եւ սկաուտական կեանքէն ժառանգուած ոգին ու դաստիարակութիւնը հարստութեամբ չի գնուիր կամ այլ դպրոցներու մէջ չի փոխանցուիր: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր կառոյց Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար հարազատ տուն է, իսկ իւրաքանչիւր միութենական` քոյր ու եղբայր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ ԽՕՍՔԸ
Աւարտին, խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Ան հպարտութիւն յայտնեց ի տես բանախօսներուն ետեւի աստիճաններուն վրայ նստած սկաուտներուն ու մարզիկներուն` ըսելով. ,Հաւատացէ՛ք, սիրելիներ, երբ այսպիսի սերունդ կանգնած է մեր կռնակին, կը նշանակէ մեր ապագան շատ փայլուն էե: Ան անդրադարձաւ անցեալի պատասխանատուներու կատարած աշխատանքին, նպատակին ու հաւատքին` կերտել հպարտ, ազատ եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն: ,1980-ական թուականներուն կարգ մը լուսամիտ հայրենակիցներ, պատասխանատու կուսակցականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ Համազգայինի անդամներ, անհատ, պարզ, համեստ հայրենակիցներ մտածեցին այս ժայռոտ շրջանը, որ հետագային բոլորին սիրելի Հրաչ Տասնապետեանին կողմէ կոչուեցաւ Ծաղկաձոր, վերածել հայկական նոր կեդրոնի մը, որ կարենար ունենալ հայօրէն շնչելու ամէն պայման, տուեալ, հայօրէն ապրելու ամէն միջոց: Հայը ո՛ւր ալ երթայ, առաջին գործը կ’ըլլայ դպրոց եւ ակումբ կառուցել՝ եկեղեցիէն ետք: Եկեղեցին կար, քիչ մը վար, անհրաժեշտ էր դպրոցը, որ կառուցուեցաւ, սակայն անհրաժեշտ էր սրտին երկրորդ կէսը` մարզամշակութային կեդրոնը, եւ ահա այսօր, իր հիմնարկէքէն ուղիղ 25 տարի ետք, մէկ օրուան տարբերութեամբ, մենք դարձեալ հաւաքուած ենք նոր յաւելում կատարելու` քայլ պահելու համար այն կարիքներուն հետ, զորս այս շրջանը ունիե, յայտնեց Յակոբ Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ այսօրուան սերունդները պիտի ըլլան վաղուան ղեկավարները, որովհետեւ մեր կեանքը մեզի սորվեցուցած է պատասխանատուութեան, ջահի փոխանցում, ուս-ուսի, ձեռք-ձեռքի դէպի յառաջ երթալ: Շեշտելով, որ մեր ակումբները միշտ ալ կոչուած են տուն, այսինքն` ընտանիք, հարազատ երդիք, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը հպարտութիւն նկատեց ունենալ այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք կը հաւատան, թէ նման կեդրոններով կ’ապրի ազգը, եւ ոչ թէ մակերեսային ու գնայուն արարքներով եւ կեցուածքներով, այլ՝ մեր կեանքին մէջ մնայուն ու հետեւողական ներկայութեամբ, մեր ժողովուրդին հետ ըլլալով առօրեայ դրութեամբ, անոր ցաւն ու տառապանքը ապրելով ամէն օր` հաստատելով, որ ժողովուրդը լաւապէս գիտէ զանազանել ու արժեւորել:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը սին խոստումներ չի տար, այլ անոր խոստումը իր կեանքն ու գործն է, նոյնն է պարագան կուսակցութեան ուղեկից միութիւններուն, որոնք կ’ապրին կենդանի գործով, ժողովուրդին հետ, անոր համար, որովհետեւ կը հաւատան, թէ առանց ժողովուրդին իրենց գոյութիւնը անիմաստ է, իսկ անոր սիրոյն տարուած հսկայական աշխատանք ու քրտինքի իւրաքանչիւր կաթիլ ադամանդ է, որ կը դրուի մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ. ,Այդ ադամանդներուն լաւագոյն օրինակը այս փոքրիկներն են, մեր զաւակներն են, որոնք անցեալէն եկած դէպի ապագայ կը նային` ,Բարձրացի՛ր-բարձրացուրե գոչելովե:
Աւարտին, Յակոբ Բագրատունի Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ Լիբանանի կազմակերպութեան մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, որոնք պատահական բարերարներ չեն մեր կեանքին մէջ: ,Դուք բարերարներ էք, որ կ’ապրիք ձեր բարերարութեամբ, կ’ապրեցնէք ձեզի հետ մեր կեանքը, առօրեան, կը նայիք այս երեխաներուն, կը յիշէք ձեր պատանեկան տարիները եւ դէպի ապագայ նայելով այս գաղութը` լիբանանահայութիւնը կ’ուզէք ոտքի պահել: Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակի լաւագոյն նուէրը, առաջի՛ն նուէրը, Լիբանանէն, այս դաշտն է` ,Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանե դաշտն էե, հաստատեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Սփիւռքի հիմնական գաղութը, որ կը պատրաստէ այնպիսի մարդուժ, որ կը զօրացնէ Սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը:
Իր խօսքը եզրափակելով, Յակոբ Բագրատունի հայութեան տրուած շքանշաններ նկատեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը:
Խօսքերէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի մարզական խումբերը` քոնկ ֆու, պասքեթպոլ, ֆութպոլ ու ճատրակ, կատարեցին ցուցադրութիւններ։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ,Յառաջ նահատակե քայլերգով: