ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ, ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ ՝ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 7 Ապրիլ 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի շրջանը յաջողութիւն մը եւս աւելցուց վերջին երեք տարիներու իր յաջողութիւններուն վրայ: Արդարեւ, մասնաճիւղի վարչութեան, Մխիթարեան միաբանութեան ներկայացուցիչին, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունենցաւ սկաուտական ցուցահանդէս, խոստման արարողութիւն եւ վկայականաց բաշխում՝ նուիրուած «Հայ սկաուտի օր»ուան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Երեկոն ընթացք առաւ աւելի քան 40 արի-արենոյշներու սրահ տպաւորիչ մուտքով: Բացման խօսքը արտասանեց եղբ. Յակոբ Սահակեան, որ ի միջի այլոց ըսաւ. «Հայ սկաուտի օրը ծառայութեան, իրերօգնութեան, եղբայրասիրութեան եւ մարդասիրութեան օր է։ Հայ սկաուտի օրուան ընդմէջէն կը վստահեցնենք, որ գաղութներու ազգային, կրօնական եւ մշակութային կեանքի զանազան առիթները կը հարստանան, առաւել խորք եւ իմաստ կը ստանան Հ․Մ․Ը․Մ․ի սկաուտներուն ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ։ Այս երեկոն նուիրուած է նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի հիմնադրութեան դարադարձին։ 100 տարի անցան եւ 100 տարուան փորձառութեամբ կը շարունակենք առաքելութիւնը բոլոր անոնց, որոնք հիմնադիրները եղան կամ անոնց հետ ու անոնցմէ ետք շարունակողները հանդիսացան միութեան վեհ նպատակները իրագործողներուն»:

Ապա, տեղի ունեցաւ նորագիր անդամներու խոստման արարողութիւն։ Անոնք խոստացան ծառայել ազգին ու հայրենիքին եւ գործել իբրեւ պարտականութեան գիտակից, արի ու վեհանձն մարդիկ: Խոստման արարողութեան յաջորդեց սկաուտական կարգերու վկայականաց բաշխում: Խումբ մը քոյրեր եւ եղբայրներ սկուտական Նորագիր, Նորընծայ եւ Բ. Կարգի վկայականներ ստացան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ սկաուտական Փոխ Առաջնորդի աստիճանի տուչութիւն: Խոստման արարողութեան աւարտին, վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբ. Գէորգ Յակոբճեան: Խոստում կատարած եւ կարգ ու աստիճան ստացած քոյրերն ու եղբայրները շնորհաւորելէ ետք, ան շեշտեց, որ սկաուտական կարգերուն եւ աստիճաններուն տիրանալը նպատակ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ միջոց աւելի սորվելու, զարգանալու, գիտելիքներու մէջ խորանալու, գիտակցութեան եւ զոհողութեան մակարդակները բարձրացնելու եւ ըստ այնմ աւելի՛ ծառայելու: Ապա, ան իր խօսքը ներկայ ծնողներուն եւ հիւրերուն ուղղելով բացատրեց, որ իբրեւ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, Վիեննայի հաւաքականութեան գոյատեւման երաշխիքներէն մէկը այս երիտասարդներն են, որոնք ո՛չ միայն հեռաւոր ապագային, այլ՝ այսօր իրենց դերն ու կատարելիքը ունին Վիեննայի հայութեան, համա՛յն հայութեան ու Հայաստանի վերելքին եւ յառաջդիմութեան մէջ: Հետեւաբար, անոնց զօրակցիլը, նեցուկ կանգնիլը, ժամանակակից միջոցներով դաստիարակելն ու վստահիլը շատ կարեւոր նկատեց ան:

Երեկոյին պաշտօնական բաժինէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան սկաուտներու կողմէ պատրաստուած ցուցահանդէսին ծանօթանալու եւ անոնցմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու: Ցուցահանդէսին յատուկ տաղաւարներ յատկացուած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան, հիմնադիր սերունդի կենսագրութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատականերուն եւ ծրագիրներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ու աշխարհասփիւռ կառոյցին ու գործունէութեան, պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ի, արխիւներու եւ իրերու, սկաուտական աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ՝ Վիեննայի մասնաճիւղի անցնող 28 տարուան գործունէութեան:

«Հայ սկաուտի օր»ուան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած երեկոյին մթոլորտը իր ջերմութեան գագաթնակէտին հասաւ սկաուտներու ազգագրական պարերով:

 

 

 

 

 

Տարածենք