100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ՝ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 110 ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՔԱՆԴԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄՈՎ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները ընթացք առին Հինգշաբթի, 19 Յուլիս 2018-ին, Բիւրականի բանակավայրի մուտքին, միութեան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակի բացումով։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 5-ին, ներկայութեամբ՝ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին, փոխ նախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանին, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Մելիքեանի եւ Աշոտ Սիմոնեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամներու, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի խմբապետական կազմի ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն 100-ամեակի տօնակատութիւններուն համար Հայաստան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու։
Յուշաքանդակի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի կատարողութեամբ եւ դրօշակի արարողութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի երեքական արիներ եւ արենոյշներ բարձրացուցին Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշները։
Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի արենոյշներէն քոյր Անահիտ Անդրէասեան։ Ան ծանօթացուց յուշաքանդակը եւ հրաւիրեց Սփիւռքի նախարարը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկ. Րաֆֆի Գրաճեաններու ներկայացուցիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Անդրանիկ Պահարեանը՝ քողազերծելու յուշաքանդակը պատող կտորը։
Յաջորդեց յարգանքի ծաղկեմատոյցը։ Սփիւռքի նախարարն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ծաղիկներ զետեղեցին նորաբաց յուշաքանդակին դիմաց՝ առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն միութեան 110 մասնաճիւղերուն ծառայած ու ծառայող նուիրեալներուն։
Խօսք առաւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ նշեց, որ մեծապէս տպաւորուած է բանակող սկաուտներու չափազանց դրական տրամադրութիւններով։ Այս բանակումը եւ յուշաքանդակը մեզ կը լեցնեն արդար հպարտութեամբ, յայտնեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ չորս տարի ետք, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդ բանակումը կը կատարուի մասնակիցներու կրկնուած թիւով։
Հայրապետեան հաստատեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը իրենց վճռակամ տրամադրութիւնը կը յայտնեն միշտ ըլլալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողքին։
Խօսքին աւարտին, նախարար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ բանակումի պատասխանատուներուն եւ դիտել տուաւ, որ միասնաբար մենք մեծ ազգ ենք, հպարտ հայերով ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներով։
Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ըսաւ, որ Բիւրականի բանակավայրի մուտքին կանգնեցուած յուշաքանդակը կրկնօրինակն է միութեան 90-ամեակին առիթով, 2005-ին, Տէր Զօրի Նահատակաց յուշամահամալիրին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որ Սուրիոյ պատերազմին սեւ օրերուն քար ու քանդ եղաւ հաւատադրժողական ուժերու կողմէ։ Յուշաքանդակին կրկնօրինակը, մետաղեայ յուշանուէրի ձեւով, պահուած կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանին մէջ, Պէյրութ։ Օրին, յուշաքանդակը կը ներկայացնէր միութեան 90 մասնաճիւղերը իրենց հիմնադրութեան թուականներով։ Նոր կանգնեցուած յուշաքանդակը, Հայաստանի հողին վրայ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, կը ներկայացնէ միութեան 110 մասնաճիւղերը՝ Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»էն (հիմնուած՝ 1912-ին) մինչեւ նորագոյն միաւորը՝ Վանգուվըրը (հիմնուած՝ 2018-ին)։
Յուշաքանդակին պատրաստութեան մասին խօսելով, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար տէր եւ տիկ. Րաֆֆի Գրաճեաններուն, քանդակագործներ Աշոտ եւ Հայկ Մարկոսեաններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան անոր իրագործման։