100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին, Երեքշաբթի, 24 Յուլիսի երեկոյեան, օփերայի պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, Երեւանի «Ֆլորանս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի, կառավարութեան շարք մը անդամներու, պետական, ազգային, կուսակցական հիւրերու, հրաւիրեալներու եւ միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններու ներկայացուցիչներու։

Հիւրերու շարքին էին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու ներկայացուցիչներ՝ Արշակ Եպս. Խաչատրեան, Նարեկ Արք. Այլէմեզեան եւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Արթիւր Խաչատրեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան, պաշտպանութեան փոխ նախարար Գաբրիէլ Բալայեան, Սփիւռքի փոխ նախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, Արցախի հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Պենճօ Պչաքճեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւններու անդամներ։

Բարի գալուստի խօսքով ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան հրաւիրեց Հայաստանի նախագահը այս առիթով արտասանելու իր սրտի խօսքը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակը եւ նշեց, որ իր առաջին ծանօթութիւնը համահայկական այս կազմակերպութեան հետ եղած է 34 տարի առաջ, 1984-ին, երբ տակաւին խորհրդային դիւանագէտ, ան այցելած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոնտոնի մէկ բանակումը, ուր առաջին անգամ նկարուած է Եռագոյն դրօշին ներքոյ։

Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ ընելիք ունի նոր Հայաստանի մէջ։ Մօտակայ տարիներուն ան պէտք է կրկնապատկէ ու եռապատկէ իր անդամներուն թիւը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ «Ձեր առջեւ խնդիր կայ ձեր անդամներուն թիւը հաւասարեցնելու ձեր տարիներու թիւին։ 105 տարեկանին Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք է ունենայ 105 հազար անդամ», շեշտեց նախագահ Սարգսեան եւ իր կենացը առաջարկեց 100 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Այս առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան։ Ան ըսաւ, որ բնական երեւոյթ է, որ զաւակները երբ մեծնան անջատուին իրենց ծնողներէն, դառնան ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ, փորձեն ասպարէզ եւ շրջապատ ստեղծել։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հ.Յ.Դաշնակցութեան զաւակն է, որ ինքնուրոյն է այսօր, որովհետեւ ինքնակազմակերպուած է, իր ոտքերուն վրայ կանգնած է եւ կը գնահատէ իր ծնողները։ Ուրախ ենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ստեղծած ենք ո՛չ թէ մեզի, այլ հայ ժողովուրդին համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ստեղծումը արդարացուած է։ Եւ եթէ նոյնիսկ օրին մէկը Դաշնակցութիւն չըլլայ, Դաշնակցութեան գործը կը շարունակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ով, Համազգայինով եւ ՀՕՄ-ով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր ամենամեծ հասարակական կազմակերպութիւնն է, ինքնաղեկավարուող եւ ինքնակազմակերպուող, եւ եթէ նոյնիսկ ան 105 հազար անդամ չունի, ան մեր պատմութեան ամենամեծ հասարակական կազմակերպութիւնն է։ Ինքնաֆինանսաւորուող Հ.Մ.Ը.Մ.ին տէրը հայ ժողովուրդն է

Շարունակելով, Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի ազգային արժէքներու իր համակարգը, որ մեր ազգային արժեհամակարգն է։ Այդ արժեհամակարգով ալ ան կը տարբերի հասարակական այլ կազմակերպութիւններէ։ Ասիկա հարստութիւն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր ժողովուրդի հարստութիւնն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը համահայկական կառոյց է։ Ան հայ ժողովուրդի անբաժանելի մէկ մասնիկն է, որուն ներկայութիւնը պատիւ է մեր պետականութեան համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին մաս կազմող իւրաքանչիւր հայ ինքզինք կը զգայ ոչ թէ իր համայնքին մէկ անդամը, այլ՝ հայ ժողովուրդի համահայկական իրականութեան մէկ մասնիկը։ Այս պատճառով ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ը արժէք է։ Աստուած տայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երթը կարմիր ըլլայ, յաջող ըլլայ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը զինք ծնողէն աւելի ապրի։

Կալա-ընթրիքը ունեցաւ իր գեղարուեստական հարուստ բաժինը, որուն ընթացքին պարբերաբար կատարուեցան յայտարարութիւններ եւ պարգեւատումներ։ Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան միութեան 100-ամեակի թիւ 1 ժամացոյցով պատուեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը։ Ան յայտարարեց, որ թիւ 2, 3, 4, 5 ժամացոյցները արդէն իսկ փոխանցուած են Հայաստանի վարչապետին, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն եւ հայ կաթողիկէներու Կաթողիկոս-Պատրիարքին։ Թիւ 6 ժամացոյցը տեղւոյն վրայ փոխանցուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի։ Ժամացոյցները տրամադրուած են տէր եւ տիկ. Սարգիս Տէր Պետրոսեանի կողմէ (Սիտնի) եւ հրապարակուած են 300 օրինակ միայն։

Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով, Գառնիկ Մկրտիչեան Եռագոյն երիզներով եւ 100-ամեակի ժամացոյցներով պատուեց միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու 10 «կնքահայրները»՝ տէր եւ տիկ. Հրաչ Սիսեռեան (Փարիզ), տէր եւ տիկ. Ժիրայր Սարգիսեան (Մ. Նահանգներ), տէր եւ տիկ. Ատոմ Թնճուկեան (Լոնտոն), տէր եւ տիկ. Հրայր Սողոմոնեան (Տուպայ), տէր եւ տիկ. Աւօ Տէր Պետրոսեան (Սիտնի), Վարդանեան ընտանիքի բարեսիրական հիմնադրամի ներկայացուցիչներ (Երեւան), տէր եւ տիկ. Տիրան Վահրատեան (Սիտնի), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչներ, տէր եւ տիկ. Հրաչ Մարութեան (Սթոքհոլմ) եւ տէր եւ տիկ. Աշոտ Թունեան (Սինկափուր)։ Մկրտիչեան նաեւ յայտարարեց, որ «կնքահայրերը» 100-ամեակի տօնակատարութիւններու իրականացման համար նուիրած են 450 հազար տոլար։ Նիւթական իրենց աջակցութեամբ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն նպաստած են նաեւ այլ ազգայիններ, որոնք իրենց կարգին արժանացան 100-ամեակի յատուկ ժամացոյցներուն. Կիպրոսի պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան եւ տիկինը, տէր եւ տիկ. Վարդան Գազանճեան (Գահիրէ), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու շրջան, տէր եւ տիկ. Ժան Աբգարեան (Պուէնոս Այրէս), տէր եւ տիկ. Րաֆֆի Գրաճեան (Լոս Անճելըս) եւ «Կարաս» հաստատութիւն։

Կալա-ընթրիքի աւարտին, Հայաստանի նախագահը, 100-ամեակի «կնքահայրերը» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հատեցին յոբելենական կարկանդակը, որմէ ետք երեկոն մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր շարունակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խանդավառութեամբ եւ ազգային ոգեւորութեամբ։

Տարածենք