Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 12 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տիրեց խանդավառ մթնոլորտ: Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան առաջարկով եւ Կեդրոնական Վարչութեան վաւերացումով, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան տարեկան տօնախմբութեան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ը «Արտակարգ պատուանշան»ով պարգեւատրեց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ին ցուցաբերած իր մնայուն աջակցութեան եւ հոգածութեան համար։ Նաեւ, «Ծառայութեան» շքանշան ստացան շրջանի 15 մասնաճիւղերու նուիրեալներ:

Առաջնորդին ընկերացան թեմի հոգեւոր դասի անդամները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Դաւթեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Կարօ Իսբէնճեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը, հայկական կազմակերպութեանց անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ, «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ներ, մասնաճիւղերու վարչականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետ-խմբապետուհիներ եւ երիտասարդական բաժանմունքի անդամներ, հիւրեր ու բազմաթիւ անդամներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներու մեներգումով, զոր կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Իվանա Գրիգորեան: Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի միաւորի խմբապետ եղբ. Շահան Աթմաճեան (հայերէն) եւ «Արարատ» մասնաճիւղէն՝ միաւորի խմբապետուհի քոյր Քրիստին Տաշտեմիրեանս (անգլերէն):

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան պատգամը փոխանցեց փոխ ատենապետ եղբ. Սարգիս Կարապետեան, որ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց պարգեւատրեալները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորութեան եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն իր զօրակցութեան համար:

Հանդիսավար եղբ. Շահան Աթմաճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Առաջնորդին կենսագրականը եւ տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը եւ նշեց, որ Սրբազան հօր գործունէութենէն օգտուեցանք նաեւ մենք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներս, սկսած Շրջանային Վարչութեան գրասենեակէն, մինչեւ «Թեքույա» բանակավայր, ՔԱՀԱՄ եւ Նաւասարդեան մարզախաղեր: Առաւել, սկաուտական կրօնական «Ս. Մաշտոց», «Գայլ Վահան», «Ս. Վարդան» կրօնական շքանշաններու աշխատանքը եւ Տեառնընդառաջի աւանդական սիրոյ սեղանը, որոնք արդիւնքն են Մուշեղ Սրբազանի ծառայութիւններուն: Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար պատիւ է մեծարել մեր Սրբազանը, որ հաւատարիմ զինուորն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ծառան է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ համեստ սպասաւորը՝ հայ ժողովուրդին»:

Եղբ. Աթմաճեան ապա հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Դաւթեանն ու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեանը, որպէսզի կատարեն Առաջնորդին պատուանշանի տուչութիւնը:

Երկար ծափերով բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդը, որ շքանշանի ու պատուոյ գիրի ստանձնումէն ետք, յուզումնախառն զգացումներով արտասանեց սրտի ու գնահատանքի իր խօսքը: Ան ըսաւ, որ այս օրը իրեն համար հոգեկան անխառն ցնծութեան եւ յուզումի պահ է, եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ընծայած է այս յարկին տակ հաւաքաբար խմբուելու առիթը, վկայելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր ու սերնդակերտ առաքելութիւնը: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ շեշտեց, որ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան հաւատացող՝ խոնարհաբար կ’ընդունի այս պատիւը: Ապա շեշտեց, որ «հայ հոգեւորականը իր ծառայութիւնը կը կերտէ առանց ակնկալութիւններու, առանց փառք ու պատիւի հետամուտ ըլլալու»։

Մուշեղ Սրբազան այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, «որոնք լծուած են մեր նոր սերունդները իբրեւ քրիստոնեայ հայ կերտելու վսեմ առաքելութեան»՝ յիշեցնելով, որ «հիմնադիր սերունդէն ի վեր, բիւրաւոր հայորդիներ մուտք գործած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի սեմէն ներս, հասակ առած են անոր Եռագոյնի շուքին տակ, տոգորուած ու դաստիարակուած են «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով»:

Առաջնորդը անգամ մը եւս գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին ունեցած կարեւոր բաժինը Արամ Ա. Վեհափառի հիւրընկալման մէջ՝ կազմակերպելով երիտասարդներու հետ հանդիպումը: Վեր առնելով նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու անոր անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը՝ Առաջնորդը յայտարարեց, որ իրեն շնորհուած այս պատիւն ու շքանշանը կը ձօնէ անձնդիր բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, հոգեւոր եղբայրներուն ու ազգի նուիրեալներուն:

Առաջնորդը բարի երթ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ մարզական այս միութեան աշխատանքի բոլոր անդաստաններուն վրայ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը միշտ բարձր մնայ մեր հայրենիքի ու արտերկրի օճախներուն վերեւ: «Նաեւ, միասնաբար աղօթենք, որ Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի պէս օճախներ պատուհասող արհաւիրքները շուտով վերջ գտնեն, ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր անփոխարինելի մասնակցութիւնը ունենայ հայկական այդ տան վերակերտումին մէջ, ինչպէս կ’ընէ Հայաստանի, Արցախի ու հայկական իւրաքանչիւր օճախի մէջ», ըսաւ ան եւ իր խօսքը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ընծայուած պատիւին համար:

Ընթրիքի դադարէն ետք ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու անցեալ տարեշրջանի իրագործումները ներկայացնող տեսերիզ մը: Այնուհետեւ ներկայացուեցան 2016 տարեշրջանին մեզմէ յաւէտ բաժնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն նկարները՝ մեծ յուզմունք յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:

Ապա, տեղի ունեցաւ երեկոյին երկրորդ գլխաւոր բաժինը հանդիսացող Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշաններու տուչութիւնը, որ նախապէս որոշուած էր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կողմէ: Շքանշանները եւ հաստատագիրները յանձնեցին Շրջանային Վարչութեան համապատասխան մասնաճիւղերու կապը հանդիսացող եղբայրները: Այսպէս, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանը ստացան 15 մասնաճիւղերու մէջ ծառայող հետեւեալ քոյր-եղբայրները՝ առ ի գնահատանք երկար տարիներու իրենց անսակարկ նուիրաբերումին.-

- Սիւզի Մինոյեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն։

- Շահէն Աղաբաբեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն։

- Նշան Տէր Գալուստեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղէն։

- Արա Եսայեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղէն։

- Սօսի Սէմէրճեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն։

- Անդրէ Փաշայի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն։

- Զարուհի Տէր Դաւիթեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղէն։

- Օշին Յարութիւնեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղէն։

- Քուինթ Քեմնիթս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղէն։

- Ռոզին Սաղեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» մասնաճիւղէն։

- Վարդգէս Շխըրտմեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղէն։

- Եոլանդա Ղազարեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղէն։

- Արմինէ Ժամկոչեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղէն։

- Համբիկ Շահինեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» մասնաճիւղէն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացած էին նաեւ եղբայրներ Հրայր Թաշճեան («Անի») եւ Կապի Գուրիէ (Ֆինիքս), որոնք կամքէ անկախ պատճառներով չէին կարողացած ներկայ գտնուիլ ձեռնարկի ն:Արժանաւոր պարգեւատրեալները երկար ծափերով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

Յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Դաւթեան, որ շնորհաւորեց Առաջնորդը եւ ըսաւ, թէ ան ըստ արժանւոյն կը գնահատուի իր բազմամեայ ծառայութեան համար։ Ան շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ մասնաճիւղերու պարգեւատրեալներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Շրջանային Վարչութեան եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ կը գտնուի վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մէջ՝ յատուկ հպարտանքով արտայայտուելով անոնց աշխատանքներուն մասին, ապա կանգ առաւ նոր սերունդը հայկական արժէքներով տոգորելու առաջադրանքին վրայ:

Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, ներկաները ուրախութեան կանչերով, գրկախառնութեամբ եւ քաղցր խօսքերով շնորհաւորեցին պարգեւատրեալները, իսկ ուրիշներ, ի մասնաւորի երիտասարդները՝ հայկական շուրջպարերով ճոխացուցին մթնոլորտը:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան, անգամ մը եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի անխախտ գոյութիւնը պահպանելու կամքը դրոշմելով մասնակիցներուն վրայ:

Տարածենք