Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ աննախընթաց քայլով մը, 3 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց ոչ-հայ անձնաւորութիւն մը՝ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին։ Պարգեւատրումը կատարուեցաւ առի երախտագիտութիւն՝ անցնող աւելի քան 20 տարիներուն, Հարիրի ընտանիքին Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզամշակութային համալիրի կառուցման ծրագիրին մեծագումար եւ հետեւողական նուիրատուութ


Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ՝ հրաւիրեալներու սեղմ շրջանակով եւ կոկիկ հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հարիրի, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ՝ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի ներկայացուցիչ հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի ներկայացուցիչ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.¬Ֆրանսի մեկուսի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արամ Սիսեռեանի ներկայացուցիչ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փօլ Հայտոսթեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ ազգային-միութենական կառոյցներու պատասխանատուներ:

ՅԱՏՈՒԿ ԳԻՐԸ
Հանդիսութիւնը սկսաւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի կողմէ ընթերցուած յատուկ գիրով, որուն մէջ ան անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան` ընդգծելով հայ պատանիներուն եւ երիտասարդ սերունդներուն ջամբուող սկաուտական եւ մարմնակրթական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:


Ան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ երիտասարդ սերունդին արիւն կը ներարկէ եւ հայկական ընկերութեան սնունդ կը պարգեւէ:


«Նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի հաւատացած է լիբանանեան ընկերութեան մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ նիւթապէս ու բարոյապէս օժանդակած է անոր ու նեցուկ կանգնած` աշխուժացնելու համար լիբանանցի երիտասարդութեան դերակատարութիւնը եւ աշխատած է անոր ապահովելու համար խոստմնալից ապագայ մը: Այսօր մեր ներկայութիւնը հոս` կը փաստէ այն իրականութիւնը, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նոյն առաքելութեան մէջ է եւ իր հօր ուղեգիծով կը շարունակէ զօրակցիլ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը կարեւորող միութիւններուն», ըսաւ ան:


Գուճանեան Ծ. Վրդ. շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին կատարուած օժանդակութիւններուն համար եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վարչապետ Հարիրիի:
Ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րաֆֆի Կէօվօղլանեան։ Ան ըսաւ, թէ պատմութիւնը կը կերտուի արտակարգ անձնաւորութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ արտակարգ իղձերու եւ ձգտումներու հիման վրայ:


«Այսօր, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Լիբանանի մէջ գործող երիտասարդական միութիւններ, մենք կ’ապրինք պատմական պահեր: Ունինք երիտասարդ վարչապետ մը, որ հսկայ ձգտումներով, բարեկարգումի նպատակով, հզօր կամքով եւ առաջադրանքներով կը ջանայ գործադրել այնպիսի ծրագիրներ, որոնց գործադրութիւնը անկարելի կը թուի անոնց համար, որոնք հաւատք չունին անոր կարողութիւններուն, նոր սերունդին եւ բարգաւաճ ապագայի հանդէպ», ըսաւ ան:


Եղբ. Կէօվօղլանեան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հետ սկսած է շուրջ երկուքուկէս տասնամեակ առաջ, երբ անոր սրտին շատ մօտիկ անձ մը` եղբ. Հրաչ Սիսեռեան խնդրանքով մը ներկայացած է նահատակ վարչապետին:


Օրին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի ատենապետ եղբ. Հրաչ Սիսեռեանի խնդրանքին ընդառաջած է Ռաֆիք Հարիրի եւ հսկայ գումար մը նուիրաբերած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզամշակութային համալիրի կառուցման ֆոնտին:


Ան աւելցուց, որ մինչեւ իր նահատակութիւնը վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի տարեկան դրութեամբ նուիրատուութիւն կատարած է այդ ֆոնտին:
«Ռաֆիք Հարիրի ահաբեկուեցաւ, սակայն անոր երազը մնաց կենդանի: Ռաֆիք Հարիրի ահաբեկուեցաւ, սակայն անոր գործելաոճը մնաց կենդանի` իր զաւկին` վարչապետ Սաատէտտին Հարիրիի գործունէութեան ընդմէջէն, որովհետեւ ան կառչած մնաց այն սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ հասակ նետած էր ան՝ Հարիրի ընտանիքի յարկին տակ: Ձեր զօրակցութիւնը երիտասարդական, սկաուտական եւ մարմնակրթական միութիւններուն ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին յատկապէս, ձեզ դարձուց արտակարգ անձնաւորութիւն մը», ըսաւ եղբ. Կէօվօղլանեան:


Շարունակելով, եղբայրը շեշտեց, որ հակառակ 26 երկիրներու մէջ 111 մասնաճիւղերով եւ աւելի քան 25 հազար անդամներով գործող այս հսկայ միութեան տարածուած ըլլալուն, անոր ընդհանուր ժողովները մնայուն կերպով Լիբանանը ընտրած են Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր` նկատի ունենալով նման գործունէութիւն հիւրընկալելու ատակ միջավայր մը ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը:


Եղբ. Կէօվօղլանեան անդրադարձաւ նաեւ 21 Սեպտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան միջեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզամշակութային համալիրի շինութեան համաձայնագիրի պաշտօնական ստորագրութեան վարչապետ Հարիրիի ներկայութեան եւ մէջբերեց այդ առիթով անոր արտասանած խօսքերը, որոնց մէջ ան կը հաստատէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ին իր կապուածութիւնը ժառանգած է հօրմէն:


«Ձեր ճիգերը արդիւնաւորուեցան եւ նորահաս սերունդներու երազը իրականութեան վերածեցին: Այսպիսով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 101-ամեայ պատմութեան մէջ դուք դարձաք առաջին ոչ հայ անձնաւորութիւնը, որուն միաձայնութեամբ որոշուեցաւ ընծայել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արտակարգ» պատուանշանը: Շնորհաւո՛ր Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ շնորհաւո՛ր Լիբանանին», ըսաւ եղբ. Կէօվօղլանեան:


Այնուհետեւ, եղբայրը հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը՝ կատարելու վարչապետին պարգեւատրումը:


Վարչապետ Հարիրի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին կողմէ պարգեւատրուեցաւ միութեան «Արտակարգ» պատուանշանով, իսկ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան, իր կարգին, վարչապետ Հարիրիին յանձնեց պատուանշանին վկայագիրը:


Ջերմ ծափողջոյններէ ետք, խօսք առաւ վարչապետ Հարիրի եւ վերյիշեց Ֆրանսա ապրած իր ժամանակաշրջանը եւ սերտ բարեկամութիւնը եղբ. Հրաչ Սիսեռեանի եւ եղբօրը` Պերճ Սիսեռեանի հետ: Ան նշեց, որ անոնք իր հօր մտերիմ բարեկամներն էին եւ կ’աշխատէին անկեղծ նուիրումով:


«Հօրս նահատակութենէն ետք, մեզի համար շատ մտերմիկ էր այս յարաբերութիւնը եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ: Մենք նոյնքան անկեղծութեամբ եւ նուիրումով մէկ ընտանիքի նման կը շարունակենք մեր կեանքը: Յիշողութեանս մէջ միշտ դրոշմուած է այն իրականութիւնը, որ երեկոյեան ժամերուն Հրաչը կ’անհետանար: Յստակ էր, թէ ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի իր աշխատանքները կը կատարէր` առաւելագոյն նուիրումով», ըսաւ ան:


Վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին, իր ստացած պատուանշանին համար: Ան բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնը` երիտասարդ սերունդի առողջ կազմաւորման մէջ:


«Պէտք է նկատի ունենաք, որ Հարիրիի բնակարանը` հոս, Քրայթէմի եւ Փարիզի մէջ, թէ այլուր, բոլոր լիբանանցիներուն եւ հայերուն տունն է: Բարի՛ եկած էք բոլորդ եւ դարձեալ շնորհակալութիւն», եզրափակեց վարչապետ Հարիրի:


Հանդիսութեան աւարտին, պարգեւատրեալ վարչապետը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւնները։

 

Թղթակից
ՊԷՅՐՈՒԹ

Տարածենք