ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆԻ ԴԻՄԱՔԱՆԴԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին, Երեւան, տեղի ունեցաւ միութեան ռահվիրայ եւ հիմնադիր՝ Շաւարշ Քրիսեանի դիմաքանդակին բացումը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեանի, Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռան՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, հիմնարկի դասախօսներէն եղբ. Ռոլանտ Շառոյեանի եւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներու։


Հանդիսութեան սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Հայաստանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի դրօշակակիրներու գլխաւորութեամբ, քանդակի բացման վայրը ժամանեցին սկաուտներ։ Հնչեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»ը։

ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիմնարկի դասախօսներէն եղբ. Ռոլանտ Շառոյեան։ Ան ըսաւ, որ Շաւարշ Քրիսեանի դիմաքանդակի կերտման գաղափարը ծնաւ երկու տարի առաջ։ «Քրիսեան եզակի տիպար մըն է հայ իրականութեան մէջ, իբրեւ հայ մարմնակրթութեան հիմնադիր, հոգեւոր հայր, մարզիկ, խմբագիր, հրապարակագիր, գրող եւ մեծ մտածող։ Մարդ, որ 30 տարին չբոլորած, հայ մտաւորականութեան ոսկէ փաղանգին հետ, Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուեցաւ, Այաշի բանտը ուղարկուեցաւ եւ նոյն տարուան Օգոստոսին, թուրքերու կողմէ գազանաբար սպաննուեցաւ Անգարայի ծայրամասերէն մէկուն մէջ, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Գրիգոր Զոհրապի եւ այլ սուրբ նահատակներու հետ»։


Եղբ. Շառոյեան աւելցուց. «Կրնան հարիւրաւոր տարիներ անցնիլ, բայց երբեք չի կրնար մոռցուիլ Շաւարշ Քրիսեանի վերաբերումը հայ մարմնակրթութեան հանդէպ ընդհանրապէս եւ հայ երիտասարդութեան նկատմամբ մասնաւորապէս։ Քրիսեան հաւատաց դաստիարակութեան արժէքին եւ դեռ 100-ամեակ մը առաջ իր թելադրանքները կատարեց հայ մայրերուն, հայրերուն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դաստիարակեն իրենց երեխաները, որպէսզի «Առողջ միտքը առողջ մարմինի մէջ» սկզբունքով, անոնք մեծնան ընկերային առողջ մթնոլորտի եւ ազգային հարազատ միջավայրի մէջ»։


Եղբ. Շառոյեան հաստատեց, որ Շաւարշ Քրիսեան Փիէր Քուպերթէնի «Աւելի արագ, աւելի բարձր, աւելի ուժեղ» կարգախօսը առնելով զայն փոխակերպեց «Մի՛շտ պատրաստ»ի։ Անոր համար ալ, այդքան եղեռնազոհ դառնալէ ետք, մենք կարողացանք մեր հոգեւոր եւ ֆիզիքական ուժին շնորհիւ դարձեալ վերյառնել եւ անկախ Հայաստան եւ հզօր հայութիւն կերտել։ Կը մնայ իրականացնել Քրիսեանի մեծ երազը՝ միացեալ Հայաստանը, որուն համար սերունդները շատ բան ունին սորվելիք մեծ ղեկավարին մտածումներէն եւ գործերէն։

ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան։ Ան ըսաւ, որ Շաւարշ Քրիսեան կը հանդիսանայ հայ ժամանակակից մարմնակրթութեան յառաջատարը։ «Ան Փիէր Քուպերթէնի մեծ աւանդը կրողն է։ Աւելի՛ն, ան մեր հայկական Փիէր Քուպերթէնն է։ Ինչո՞ւ համար, որովհետեւ ան 1905-ին, Փարիզի մարմնակրթութեան դպրոցը աւարտելով, կարողացաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ձեւաւորել նոր մշակոյթ։ Կարողացաւ հիմնել «Մարզաշխարհ» թերթը, որուն միջոցով աւելի ժողովրդականացուց «Առողջ միտքը առողջ մարմինի մէջ» գաղափարախօսութիւնը։ Ան հիմնադիրն է նաեւ այսօր իրականութիւն դարձած համահայկական խաղերուն», ըսաւ ան։


Խիթարեան նշեց, որ մեծ պատիւ է այս հիմնարկի պատերուն ներքեւ կրել Շաւարշ Քրիսեանի դիմաքանդակը։ «Ան մեծ հաճոյք կ’առթէ հիմնարկի դասախօսներուն, ուսանողներուն եւ հայկական մարզաշխարհի սիրահարներուն։ Շնորհակալութիւն քանդակագործ Դաւիթ Մինասեանին՝ այս գեղեցիկ կոթողին համար։ Շնորհակալութիւն հիմնարկի ղեկավարութեան՝ դիմաքանդակի կերտման գաղափարի վաւերացման համար», եզրափակեց Խիթարեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Յաջորդ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ըսաւ, որ «Մեծ է Շաւարշ Քրիսեանի ներդրումը հայ մարմնակրթութեան։ Ան ո՛չ միայն 101-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան ռահվիրան է, այլեւ՝ ան հայ մարզական առաջին թերթին՝ «Մարզաշխարհ»ին ստեղծիչն է։ Իր ջանքերով նաեւ 1914-ին կը կազմուի հայկական ֆութպոլի խումբերու առաջին ախոյեանութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Ինքն է նաեւ, որ գլխաւոր ոգին կը հանդիսանայ հայ սկաուտական եւ մարմնակրթական շարժումին ստեղծման եւ տարածման»։


Եղբ. Մկրտիչեան յայտնեց, որ 29 տարեկանին նահատակուած այս մեծ հայորդին մինչեւ օրս կը մնայ անշիրիմ։ Իր ոգին եւ գաղափարականը, սակայն, կարելի է գտնել իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մօտ։ «Իսկ ի՞նչ է այդ ոգին» հարցումին պատասխանելով, Ան ըսաւ.-
«Այդ ոգին մարմնակրթութեան ճամբով հայ երիտասարդութեան ծառայութիւնն է։ Առողջ, կայտառ եւ մոլութիւններէ հեռու երիտասարդութեան մը պատրաստութիւնն է։ Երիտասարդութիւն մը, որ բոլոր կարողութիւնները պիտի դնէ ի սպաս իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։


«Երիտասարդութիւն մը, որ պիտի համախմբէ բոլորը, առանց աշխարհագրական, յարանուանական, գաղափարական կամ որեւէ այլ խտրութեան։


«Երիտասարդութիւն մը, որ վաղուան մեր պայծառ ապագան պիտի երաշխաւորէ եւ հայ ժողովուրդի առաջնորդութեան ղեկը պիտի ստանձնէ»։


Շարունակելով, եղբ. Մկրտիչեան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. երախտագէտ կը մնայ իր հիմնադիրին եւ անոր յիշատակը տեւաբար կը յարգէ զանազան նախաձեռնութիւններով։ 6 Սեպտեմբեր 2008-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ այս լսարանը վերանորոգուելով կոչուեցաւ «Շաւարշ Քրիսեան լսարան», իսկ տարի մը առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ յատուկ գիտաժողով, ուր տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, նահատակ Շաւարշի եղբօրը թոռը հանդէս եկաւ Քրիսեանի գործին պատմական արժեւորումը կատարող զեկուցումով։ Իսկ այսօր, ահաւասիկ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի կազմին դիմաց, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը կատարէ Քրիսեանի դիմաքանդակին բացումը, յիշելով ու բոլորին յիշեցնելով Քրիսեանի մեծ աւանդը՝ երիտասարդութիւնը կազմակերպելու, մարմնակրթանքի ճամբով առողջ հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, տեւաբար համախմբուելու եւ համահայկական ուժի վերածուելու ազգային հրամայականը, որուն մէջ է մեր փրկութիւնը այսօր եւ վաղը (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 00)։

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆԻ
ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռը՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան։ Ան մեծապէս գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ կը յիշէ եւ երախտապարտ կը մնայ իր հիմնադիրին, որուն մտածումները միշտ կը մնան այժմէական ու թելադրական։ Քրիսեան հայութեան ամբողջականութեան եւ հզօրութեան ջերմօրէն հաւատացողն էր,- յայտնեց ան եւ շեշտեց,¬ որ Քրիսեանի բոլոր ծրագիրները օրին չիրականացան, սակայն անոնք իբրեւ ուղեցոյց ծառայեցին սերունդներուն, մարմնակրթութեան ճամբով ազգային նպատակներ հետապնդելու, երիտասարդութիւնը առողջ պահելու եւ ազգը հզօրացնելու համար։

ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾԻՆ
ԽՕՍՔԸ
Խօսք առաւ նաեւ քանդակագործ Դաւիթ Մինասեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազգանուէր նման մարդու մը կարեւոր քանդակը իրեն վստահելուն համար։ Ան մաղթեց, որ Քրիսեանի կիսատ մնացած գաղափարները յետնորդ սերունդները կ’իրականացնեն անպայման։


Աւարտին, տեղի ունեցաւ դիմաքանդակի բացումը նշող կարմիր ժապաւէնի հատում եւ ծաղկեմատոյց՝ Քրիսեանի նորակերտ դիմաքանդակին (դիմաքաադակի բացման հանդիսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը դիտել այս կապով՝ https://www.youtube.com/watch?v=isg7NpzRu6M)։

 

Տարածենք