Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԻՍԻ ԼԷ ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԱՆՏՐԷ ՍԱՆԹԻՆԻԻՆ

 

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ա. լիագումարի աշխատանքներու աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ընթրիքով մը պատուեց Իսի Լի Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին, որ ամիսներ առաջ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին յատկացուց հողաշերտ մը՝ մարզահամալիրի մը կառուցման նպատակով։ Սանթինիի քաղաքապետութիւնը ստանձնեց նաեւ մարզահամալիրին կառուցման ծախսերուն մեծ մասը։


Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, Իսի Լէ Մուլինոյի փոխ քաղաքապետ Յարութ Խանճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վարչութեան անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եղբայրներ։


Ընթրիքին խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, քաղաքապետ Սանթինի եւ փոխ քաղաքապետ Յարութ Խանճեան։ Խօսքերը շեշտեցին Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ կառուցուելիք մարզահամալիրին կարեւորութիւնը ոչ միայն շրջանի, այլեւ՝ համայն Եւրոպայի հայութեան համար։ Աւելի քան 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարզահամալիրը օժտուած պիտի ըլլայ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մարզադաշտերով, ժողովասրահներով եւ ակմբային արդիական բոլոր յարմարութիւններով։


Այս առիթով, առ ի գնահատանք ծրագիրին իրականացման իրենց բերած մեծ նպաստին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին եւ Առաջնորդ Վահան Եպս. Յովհաննէսեանը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ՖՐԱՆՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՋԵՐՄ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒՄԸ

Օր մը առաջ, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ընթրիքի հիւրը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վարչութեան, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց ջերմօրէն ընդունելու Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ բծախնդրօրէն կազմակերպելու Փարիզի լիագումարին աշխատանքները։


Ընթրիքին խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի վարչութեան ատենապետ եղբ. Լեւոն Պաղտասարեան։ Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին փոխանցեց յուշանուէր մը։

Տարածենք