«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՕՐ»ՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը, շարունակելով գեղեցիկ սովորութիւնը, Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Պաղտասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ մեծ շուքով նշեց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ը։

Իւրայատուկ այս ձեռնարկին պարգեւատրուեցան վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր-եղբայրներ, որոնք երկար տարիներ նուիրումով գործած են իրենց մասնաճիւղերուն եւ ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ։

Ցաւով պէտք է նշել, որ սրահի սեղաններէն մէկը պարապ էր։ Սեղանը կը պատկանէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին կողմէ պարգեւատրուող եղբ. Էմիլ Տէր Գէորգեանի հարազատներուն եւ իր անդամակցած մասնաճիւղի վարչութեան, որոնք ակամայ կը բացակայէին, որովհետեւ կը գտնուէին… անողոք հիւանդութեան պատճառով բժիշկներու խնամքին յանձնուած եղբօր կողքին։ Եղբ. Էմիլ իր մահականցուն կնքեց ձեռնարկէն շաբաթ մը ետք, խոր սուգի մատնելով սիրելիներն ու շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

 

ԲԱՑՈՒՄԸ

Օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց քոյր Մարիամ Յակոբեան։ Բարի գալուստի քաղցր խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարելէ ետք, ան վարեց ձեռնարկին հարուստ յայտագիրը:

Կարեւոր այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելու եւ պարգեւատրեալ քոյր-եղբայրներուն իրենց յարգանքն ու շնորհաւորանքները փոխանցելու համար, սրահ փութացած էին երկու հարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ համակիրներ, որոնց կարգին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Արմանտ Քիլիճեան եւ Օշին Փիրումեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Կարօ Իսբէնճեան, Ռազմիկ Շիրինեան եւ Հրայր Կարապետեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահ՝ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը կը ներկայացնէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արտակ Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան:

Ձեռնարկին դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերէն կազմուած դրօշակակիրներու խումբը, գլխաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային խմբապետուհի քոյր Դալար Գալստեանի: Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները գեղեցիկ իր ձայնով մեներգեց քոյր Իվանա Գրիգորեան, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:

 

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Առաջնորդ հօր եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Արտակ Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, որ սեղաններու օրհնութենէ ետք՝ մեծապէս գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը հայ իրականութեան մէջ։ Ան շնորհաւորեց պարգեւատրուող քոյր-եղբայրները եւ յաջողութիւն մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագայ ազգանուէր գործունէութեան:

 

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց քոյր Սիւզի Օհանեան։ Առաջին հերթին խունկ ու աղօթք մատուցելով Հ.Մ.Ը.Մ.ը հիմնող նուիրեալներու անթառամ յիշատակին, ան ըսաւ. «Այո՛, հայ ժողովուրդի նուիրեալներու շնորհիւ հիմը դրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ աւելի քան հարիւր տարիներ խրոխտ շարքերով, անկոտրում կամքով ու հաւատքով գործեց հայրենիքէն հեռու, սերունդներ դաստիարակեց, արմատաւորուեցաւ աշխարհի տարածքին, վերընձիւղուեցաւ հայրենիքին մէջ, համաշխարհային ճանաչում ստացաւ եւ այսօր իր 111 մասնաճիւղերով կը գործէ»:

Ապա, յիշեցնելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար «ամէն օր Հ.Մ.Ը.Մ.ի օր է», քոյրը վստահեցուց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը դաստիարակելու առընթեր, գիտէ նաեւ գնահատել այն բոլոր անձնաւորութիւնները, որոնք հաւատքով եւ առանց որեւէ ակնկալութեան կը գործեն իրենց շարքերուն մէջ: Վկա՛յ այսօրուան պարգեւատրուող քոյր-եղբայրները, որոնք հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին, ի գին մեծ զոհողութիւններու եւ անշահախնդրութեամբ կը գործեն իրենց մասնաճիւղերէն ներս»:

Եզրակացնելով, քոյր Օհանեան Շրջանային Վարչութեան անունով շնորհաւորեց պարգեւատրեալները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անշահախնդիր ծառայութան համար:

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» պատուանշանի տուչութիւն: Այս կարեւոր պատուանշանը կը տրուի «հայ կամ օտար անձնաւորութեան մը, որ թանկագին ծառայութիւն մատուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին»: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ընդառաջելով շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան դիմումին, «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրեց եղբ. Սթիւ Արթինեանը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին մատուցած իր երկար տարիներու ծառայութեան համար: Պատուանշանը յանձնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Արմանտ Քիլիճեան եւ Օշին Փիրումեան, ընկերակցութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Թիւֆէնքճեանին:

Եղբ. Սթիւ Արթինեան պատուանշանը ստանալէ ետք, յուզումնախառն զգացումներով փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Առաջին հերթին ան շնորհակալութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւններուն, զինք այս պատիւին արժանացման համար: Ապա, անդրադառնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի իր անդամակցութեան եւ քառասուն տարիներ անոր շարքերուն մէջ ծառայելու իրողութեան, ան ըսաւ, որ պարգեւատրումը կը նուիրէ իր դաստիարակներուն՝ եղբայրներ Համլէթ Չրախչեանին, Սարգիս Արեւեանին եւ Յարութ Բարսեղեանին, որոնք քաջալերած եւ գործի մղած են զինք ու իր նմանները:

Եղբայրը իր պարգեւատրումը ընդունեց նաեւ յանուն բոլոր այն ծնողներուն, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ իրենց զաւակները կ’առաջնորդեն Հ.Մ.Ը.Մ., սկաուտ ղեկավարներուն, որոնք մեր երեխաներուն հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն, մարզիչներուն, որոնք ղեկավար ըլլալ կը սորվեցնեն իրենց վստահուած մարզիկներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամաւորներուն եւ մեր ղեկավարներուն, որոնք իսկական հերոսներն են այս ընդհանուր պատկերին: Ան յիշեց նաեւ իրեն համար կարեւոր անձնաւորութիւն ներկայացնող հանգուցեալ եղբ. Ճորճ Ժամկոչեանը։ Վերջապէս, եղբայրը իր պարգեւատրումը նուիրեց իրեն սիրելի բարեկամ եղբ. Էմիլ Տէր Գէորգեանին, որ հասկնալի պատճառներով կը բացակայէր ձեռնարկէն:

«Հ.Մ.Ը.Մ.ը իսկական դպրոց մըն է, որ քեզի կը սորվեցնէ ըլլալ իսկական ղեկավար, կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս ըլլալ իրապէս համեստ, կը սորվեցնէ առաջնորդել, հետեւիլ եւ երբեմն ալ մէկ կողմ քաշուիլ եւ ուրիշին առիթ տալ, որպէսզի հզօրանայ մեր կազմակերպութիւնը: Այս բոլորը ես սորվեցայ Հ.Մ.Ը.Մ.էն, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ կեանքիս վրայ եւ մէջս փոխեց ամէն ինչ», ըսաւ եղբ. Արթինեան:

Պատիւ զգալով նման մակարդակի պարգեւատրման արժանացման համար, եղբ. Արթինեան հպարտութեամբ ըսաւ, որ այս պատուանշանը մշտական իր տեղը պիտի գրաւէ տան գրասենեակին մէջ: Եղբայրը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ յատուկ գնահատանք յայտնեց եղբ. Յակոբ Թիւֆէնքճեանին եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բոլոր անդամները ներգրաւելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն մէջ, յանուն իր հոգածութեան յանձնուած երեխաներու դաստիարակութեան:

 

ԸՆԹՐԻՔԻ ԴԱԴԱՐԸ

Պարգեւատրման արարողութեան յաջորդեց ընթրիքի դադարը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսանիւթ մը։ Աւարտին, ցուցադրուեցան տարուան ընթացքին մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու նկարները:

 

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց նորընտիր Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտ Քիլիճեան։ Ողջունելով ներկաները, ան իր հպարտանքը յայտնեց իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ներկայ գտնուելու ձեռնարկին, իր ընկերներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի լաւ ձեռքերու մէջ ըլլալու իրողութիւնը վստահեցնելով, ան յիշեցուց, որ ձեռնարկը ո՛չ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան տարեդարձի տօնախմբութիւն է, այլեւ առիթ՝ պատուելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու այն բոլոր անձնաւորութիւններուն, որոնք նուիրումով գործած են այս կազմակերպութեան բարելաւման համար:

«Այս հինգերորդ տարին է, որ այս տօնախմբութիւնը կը կազմակերպուի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու մէջ: Համոզուած եմ, որ եթէ յաջորդ հարիւր տարիներուն եւս կազմակերպենք նման ձեռնարկներ, տակաւին չենք կրնար գնահատել այն բոլոր անհատները, որոնք արժանի են այս ճանաչման», ընդգծեց եղբայրը: Պարգեւատրեալներուն կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերելքին համար կատարած կամաւոր աշխատանքներուն անդրադառնալով, եղբ. Քիլիճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ը անոնց երկրորդ տունը կոչեց, շնորհաւորեց զանոնք եւ եզրակացուց ըսելով. «Այս ձեռնարկին մասնակիցները Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարելաւման համար կատարած են եւ կը շարունակեն կատարել միութենական իրենց պարտականութիւնները: Կարեւոր է, որ այս սրահէն  դուրս գտնուողները իմանան ձեր տարիներու զոհողութիւնները: Յոյսով եմ, որ մենք պիտի կարենանք ձեր զոհողութիւնները ծանօթացնել հանրութեան, որպէսզի կարենանք ձեր քայլերուն հետեւող նոր ղեկավարներ ընդգրկել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ»:

 

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄԸ

Եղբօր խրախուսիչ պատգամէն ետք, տեղի ունեցաւ ձեռնարկին գլխաւոր առանցքը հանդիսացող, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն շքանշանին՝ «Ծառայութեան» շքանշանի յանձնման արարողութիւնը։ Շքանշանները յանձնեցին մասնաճիւղերու մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները: Շքանշաններ ստացան հետեւեալները.-

- Եղբ. Արամ Թոմաս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ։

- Եղբ. Յովիկ Արիստակէսեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ։

- Եղբ. Առաքել Արիսեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սասուն» մասնաճիւղ։

- Եղբ. Սարգիս Կարապետեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ։

- Եղբ. Էմիլ Տէր Գէորգեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղ։

- Քոյր Յասմիկ Քէօշկէրեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ։

- Եղբ. Յակոբ Սերոբեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղ։

- Քոյր Մարալ Կիւլտալեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղ։

- Եղբ. Վազգէն Գալայճեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արազ» մասնաճիւղ։

- Քոյր Նայիրի Ստեփանեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Անի» մասնաճիւղ։

- Եղբ. Արամ Պէքարեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Շանթ» մասնաճիւղ։

- Քոյր Ժարմին Մեհրաբի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սիփան» մասնաճիւղ։

- Եղբ. Աբրահամ Սարգիսեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆինիքսի մասնաճիւղ։

- Եղբ. Չարլզ Մենզիկեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կարս» մասնաճիւղ։

Ներկաները երկարաշունչ ողջոյններով գնահատեցին երեկոյին ընթացքին պարգեւատրուած բոլոր քոյր-եղբայրները:

 

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ ԵՒ ՓԱԿՈՒՄԸ

Այնուհետեւ, հայկական տոհմիկ երգերով երեկոն խանդավառեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական երգիչ եղբ. Վարանդ Աւաննէսեան:

Գնահատանքի երեկոն վերջ գտաւ ուշ գիշերին: Ներկաները դժուարութեամբ հրաժեշտ տուին իրարու, Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրեալ գործունէութիւնը հաւատքով շարունակելու հաստատակամութեամբ:

 

 

Տարածենք