Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՆԻՒԹՈՎ
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը առցանց հանդիպում մը կատարեց Արցախի նիւթով։
Հանդիպումին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան զեկուցեց Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան հետ կատարած առցանց հանդիպումին մասին, նշելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը այս օրերուն լծուած է Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 280 ընտանիքի օժանդակութեան գործին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. կիրակնօրեայ Շար...