Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

 

19 Յունիսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ճատրակի առցանց մրցաշարքին առաջին փուլը։

Մրցաշարքին մասնակցեցան Ռուսիոյ զանազան շրջաններէն 24 հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ։

Մրցաշարքը նախատեսուած է կատարել երեք փուլով։

  Շար...
2020-06-19 |

ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԱՌՑԱՆՑ ԽԱՉԲԱՌԸ

 

Ո՞վ չի գիտեր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտը ստեղծագործ է։


Առցանց գործունէութեան օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Ժըտէյտէի մասնաճիւղի «Սօսէ Մայրիկ» մասնաճիւղի փաղանգին պարմանուհիները, իրենց խմբապետուհի քոյր Կասիա Էճիտեանին գլխաւորութեամբ, կազմեցին սկաուտական ամենամեծ խաչբառը։


Այս մարտահրաւէրին ընթացքին պարմանուհիները վերապրեցան սկաուտական քաղցր յիշատակներ եւ հաճելի մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ՝ զարգացուցին սկաուտական իրենց բառամթերքը։


Իւրայատուկ այս խաչբառին  Շար...

2020-06-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

 

Քորոնայի համաճարակը ընկերա-տնտեսական բարդ կացութիւն ստեղծած է ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներուն, նաեւ՝ Մ. Նահանգներու մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ զանազան նախաձեռնութիւններով կը ջանան հասնիլ կարիքաւորներու օժանդակութեան։


Օժանդակութեան նորագոյն նախաձեռնութիւնը կու գայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Պոսթընի մասնաճիւղի խմբապետական կազմէն, որուն անդամները գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են տագնապալի այս օրերուն փութալու ընկերային անապահով  Շար...

2020-06-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՄՈՐՍԻ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐ

 

Կ’ուզէ՞ք մորս սորվիլ։

Եթէ այո, կրնաք ներբեռնել բջիջային հեռաձայններու յատուկ նոր ծրագիր մը, որ պատրաստուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Սերուժ Խանճիհանեանի կողմէ։ Եղբայրը անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երէցական փաղանգին։

Եղբօր պատրաստած ծրագիրին կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով.- https://play.google.com/store/apps/details?id=com.seroujkh.morseacademy

  Շար...
2020-06-09 |

Հ.Մ.Ը.Մ. ՀԱԼԷՊ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒՆ

 

Կիրակի, 7 Յունիս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտները վերադարձան Կիրակի օրերու իրենց ընթացիկ գործունէութեան, որ դադրած էր Մարտ ամիսէն ի վեր, Քորոնա ժահրին պատճառով։

Գործունէութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ, ներկայութեամբ 143 անդամներու։ Գործունէութեան աւարտին, մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յովիկ Հապէշեան քաջալերական նուէրներով գնահատեց հինգ քոյր-եղբայրներ, որոնք մասնակցած էին Սկաուտ. Խորհուրդին կողմէ  Շար...

2020-06-07 |

ԲԱԺԱՆՈՐԴԱԳՐՈՒԷ՛ ԵՒ ԴԻՏԷ՛

 

Կ’ուզէ՞ք Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւնները վերյիշել եւ քաղցր յիշատակներ վերապրիլ

Առիթը չէ՞ք ունեցած 100-ամեակին Հայաստան գտնուելու եւ պատմական տօնակատարութիւններուն ներկայ գտնուելու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի YouTube-ի պաշտօնական էջը առիթը կու տայ ձեզի յատուկ տեսանիւթերով հետեւելու, ծանօթանալու եւ վերապրելու 100-ամեակի ազգային ոգեւորութիւնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ցնծութիւնը։

Բաժանորդագրուեցէ՛ք Հ.Մ.Ը.Մ.ի YouTube-ի պաշտօնական էջին՝

https://www.youtube.com/channel/UCYgFSykgAYd6H4fIiLnXhLw?sub_confirmation=1

եւ ամէն Շաբաթ օր, Պէյրութի ժամով  Շար...

2020-06-01 |

ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶՈՀԸ

 

31 Մայիսին, Քորոնա ժահրի պատճառով, Երեւանի մէջ մահացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի առաջին պատասխանատու մարմինի անդամ, երկար տարիներ սկաուտ խմբապետ քոյր Ռուբինա Ղազարեանցը։


Քոյր Ռուբինա եղաւ Քորոնա ժահրին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկրորդ զոհը եղբ. Զոհրապ Ջուլաճեանէն ետք, որ նոյն ժահրին պատճառով մահացաւ 1 Ապրիլին, Սթոքհոլմի մէջ։

 

  Շար...
2020-05-31 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ Կ’ԱՌՆԵՆ

 

Հակառակ աշխարհը հարուածող Քորոնա ժահրին։ Հակառակ նաեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը, երկար ծրագրումէ եւ պատրաստութենէ ետք, անցնող շաբաթներուն սկսաւ իր նոր կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն։

1996-ին Հոլանտայի համանուն քաղաքին մէջ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը այսօր կը հաշուէ 170 անդամներ եւ 90 սկաուտներ ու մարզիկներ։ Մասնաճիւղը ունի  Շար...

2020-05-30 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԻ, ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

 

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութենէն ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ եղբ. Արտօ Փայասեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի։ Հոգեհանգիստին յաջորդեց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ  Շար...

2020-05-29 |

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

 

29 Մայիս 2020-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ակումբին մէջ, ազգային-յեղափոխական երգերով եւ ընթրիքի սեղանով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձը։


Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Երուսաղէմի մարմինի ներկայացուցիչ Սերոբ Սահակեան։

 

  Շար...
2020-05-29 |

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՏՈՒՄԸ ՀԻՄՔ ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ

 

(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները եւ ողջ հայութիւնը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնի 102-ամեակին առիթով:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի Մայիսեան յաղթանակներով կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հիմքը կազմեց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահպանման եւ ազգային ինքնուրոյն արժէքներու գոյատեւման:

Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեան, իր  Շար...

2020-05-28 |

ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻ ՏՕՆԸ

 

(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 102-ամեակն է, 28 Մայիս 1918. փառապանծ թուական մը ողջ հայութեան համար, ազգային ճանաչումի եւ գոյատեւումի տօն:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ծնունդէն ամիսներ առաջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն նոր շունչ ներշնչեց։

Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ  Շար...

2020-05-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ. ԵՂԱԾ Է ՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

 

(ՅԱՆՈՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՏԷՆԻ ՄԱՐԿՈՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ)

Մայիս 28. այս յատուկ օրը մեր բոլորին կը վերյիշեցնէ մեր յարատեւ պայքարներու փայլուն արդիւնքները, մեր միասնական եւ շարունակական նեղութիւններէն միշտ դուրս գալու յաղթական պատկերը, իբրեւ անկախ ժողովուրդ եւ հայրենիք: Մայիս 28-ը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, որ  Շար...

2020-05-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՐՄԱՒԻՐԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի սկաուտական կեդրոնին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Մայիս 2020-ին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Հ.Ս.Շարժումի եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ. Բագրատ Եսայեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի ատենապետ քոյր Նարէ Խլղաթեանի, նահատակ Վարդան Բախշեանի մօր՝ Այտա  Շար...

2020-05-18 |

ԵՂԲ. ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

 

8 Մայիս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանը կորսնցուց իր շրջանի հաւատաւոր անդամներէն, 2002-ի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Կարօ Գազանճեանը՝ «Ըսթէզ»ը։

Եղբ. Կարօ Գազանճեան ծնած է Հալէպ: Նախնական ուսումը կը ստանայ Ժեզուիթներու, ապա՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ սկաուտ, սակայն յատուկ սէր ունենալով մարզանքի հանդէպ, միութենական  Շար...

2020-05-09 |
Displaying 271 to 285 (of 414 news)

Տարածենք