Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԷՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

Թղթակից
ՊԷՅՐՈՒԹ

Իբրեւ 2023-ի համաշխարհային սկաուտական ճամպորիի հիւրընկալման թեկնածու երկու երկիրներէն մէկը, վերջերս, Հարաւային Քորէա հրաւէներ յղեց աշխարհի տարբեր երկիրներու սկաուտական ֆետերասիոններուն՝ իր երկիրն ու սկաուտական շարժումը անոնց ծանօթացնելու նպատակով (երկրորդ թեկնածուն Լեհաստանն է)։
Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը հրաւէրին ընդառաջելով, եռանդամ պատուիրակութեամբ մը ներկայացաւ Հարաւային Քորէա եւ մասնակցեցաւ այս առիթով կազմակերպուած  Շար...

2017-04-05 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՃԻՒՆԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ 65-ԱՄԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

 

Թղթակից
ՃԻՒՆԻ

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 25 Մարտի երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը մասնաճիւղին 65-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու ցուցահանդէսին, ձեռամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեանի, Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշի եւ ցուցահանդէսի նկարներու հեղինակ  Շար...

2017-03-25 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՒԱՔԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՌԻԹԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ

 

Թղթակից
ՎԻԵՆՆԱ

17-19 Փետրուար 2017-ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի երիտասարդական առաջին հաւաքը, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղին։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Պելճիքայէն, Յունաստանէն, Երուսաղէմէն եւ Հայաստանէն ժամանած 60 Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներ: Կազմակերպիչ մասնաճիւղի վարչութեան կողքին, հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական  Շար...

2017-02-19 |

ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 42-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ «ՏԻՊԱՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ»…

 

Թղթակից
ԿԼԵՆՏԷՅԼ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Նաւասարդեան 42-րդ մարզախաղերու «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» հռչակած է տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը, նկատի ունենալով տասնամեակներու վրայ երկարող անոր նուիրումը՝ այս մեծ կազմակերպութեան:

Եղբ. տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան վեց տարեկանին անդամակցած է իր ծննդավայր Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարժումին, նախ՝ իբրեւ գայլիկ, ապա հասած է  Շար...

2017-01-26 |

ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՈՅԻ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԿԱՄՔ» ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» Սկաուտական Խումբ
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Մոնթէվիտէոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» սկաուտական խումբին տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ Յունուարին, Ֆլորեսթա շրջանի Իտալկօ գեղատեսիլ վայրը։
Սկաուտական պատասխանատուները մեծ թիւով քոյր-եղբայրներու համար ծրագրած էին աշխատանքի ձեւ մը, որով մասնակիցը նախ անհատապէս իր մէջ զարգացնէր սկաուտական հասկացողութիւնը եւ ապա՝ խմբային աշխատանքը, որուն  Շար...

2017-01-20 |

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԻՐԱՔԱՀԱՅ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

 

Թղթակից
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Լոս Անճելըս բնակող իրաքահայ խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, վերջերս, ձեռնարկեցին համախմբում-խրախճանքի մը, Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղիին «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հիմնուած է 1949-ին եւ կը գործէ մինչեւ օրս: Իրաքի մնացեալ երկու մասնաճիւղերը՝ Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ, հիմնուած են 1960-ին:  Շար...

2017-01-10 |

«ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԶԱՒԷՆ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Հալէպ)- 22 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին ընկերակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Զաւէն Տէրվիշեանի բնակարանը եւ զայն պարգեւատրեց միութեան «Արտակարգ» շքանշանով։

Հանդիպումին բացումը կատարուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան  Շար...

2016-12-22 |

ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԼԵՐԱՆ ԿԱՏԱՐԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Պուրճ Համուտ)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ, Շրջանային Խմբապետութիւնը կազմակերպեց երէց ճիւղի երկօրեայ արշաւ մը դէպի Լիբանանի բարձագոյն լեռը՝ Քորնէթ Սաուտա:

Արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 40 երէցներ: Հարկ է յիշել, որ երկօրեայ արշաւին իրականացման համար Շրջանային Վարչութիւնը ճիգ չխնայեց, իսկ  Շար...

2016-12-20 |

ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Հալէպ)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, միութեան 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան տարուան» առիթներով տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան յիսուն տարիքը բոլորած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ 25 տարիներու ծառայութիւն ունեցող քոյրերն ու եղբայրները։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շար...

2016-12-17 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 98-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ 23-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Քեսապ)- Նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի 11 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակին եւ Քեսապի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 23-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րաֆֆի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ.  Շար...

2016-12-11 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Լաթաքիա)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգ. Նահատակաց վարժարանի «Արարատ» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 90-ամեակը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րա‎բբի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ  Շար...

2016-12-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԿԸ ՆՇԷ«ՄԱՐԶԻԿ»Ի 35-ԱՄԵԱԿԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Վիեննա)- 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, Վիեննայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղը արժանավայել կերպով նշեց միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

Սկաուտները շքերթով սրահ մուտք գործելէ ետք, Հայաստանի քայլերգով հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջերս մահացած, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական,  Շար...

2016-12-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Շանթ Ժամկոչեան
ՏԻԹՐՈՅԹ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Տիթրոյթի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամը 1-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը։
Ներկայ էին օրուան պատուոյ նախագահներ՝ տէր եւ տիկին Հերման Խնդիրեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէի  Շար...

2016-12-04 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 12 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տիրեց խանդավառ մթնոլորտ: Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան առաջարկով եւ Կեդրոնական Վարչութեան վաւերացումով, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան տարեկան տօնախմբութեան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ը «Արտակարգ պատուանշան»ով պարգեւատրեց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ին ցուցաբերած իր մնայուն աջակցութեան եւ հոգածութեան  Շար...

2016-11-12 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 28-30 Հոկտեմբեր 2016-ի շաբաթավերջին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու 38-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը, շրջանի աւելի քան հարիւր ընտրեալ ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:

Նոյն օրերուն, Կիպրոսի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերու եւ միջ-դիւանական 9-րդ խորհրդաժողովի գումարման պատճառով, Կեդրոնական Վարչութիւնը ժողովին ներկայացուցիչ նշանակած էր  Շար...

2016-10-30 |
Displaying 376 to 390 (of 397 news)

Տարածենք