Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՖՈՆՏ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի մահուան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն նպատակն է օժանդակել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու մասնակցութեան նիւթական դժուարութիւն ունեցող սկաուտներու։

Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան եղած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական չորրորդ բանակումին (Յունաստան, 1990) ընդհանուր խմբապետը եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները տեւաբար եղած են իր սրտին մօտիկ  Շար...

2022-09-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ

 

17-18 Սեպտեմբեր 2022-ի շաբաթավերջը բաւական հետաքրքրական անցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի ապագայ սկաուտական խմբապետական կազմին համար։ Արդէն բաւական հմտացած թեկնածուները սկսած են իրենք ղեկավարել խումբի աշխատանքները, ծրագիր կազմել եւ գործնականացնել զայն։

Կիրակի, 17 Սեպտեմբերին, աշխատանքը ղեկավարեցին քոյր Վիկա  Մկրտչեանն ու Գեղամ Բեգլարեանը։ Աշխատանքին բացումը կատարուեցաւ նահատակ Բեկորի՝ Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրիին առջեւ  Շար...

2022-09-18 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ…

 

 

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ՝ Վիգէն Աւագեանի, Թալին Օրտողլեանի եւ Հրաչ Սիսեռեանի, այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Շար...

2022-09-14 |

ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՈՒ ՎԵՀԱՆՁՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

 

Դժուար է ընդունիլ, որ անակնկալօրէն մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուած է մեր բոլորին յարգանքը վայելող երէց Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Ներսէս Ճուպանեան։

Բոլորս ալ տրամաբանականօրէն համոզուած ենք մահուան գաղափարին հետ եւ քաջ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ այդ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի կանգնինք, որովհետեւ անկէ անկարելի է խուսափիլ։

Սակայն, ոեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ Մայիս  Շար...

2022-08-26 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Ա. ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

11-15 Օգոստոս 2022-ին, Forest Club բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտական խմբապետական առաջին դաստիարակչական բանակումը, մասնակցութեամբ 20 խոստմնալից արի-արենոյշներու։

Այսպէս, բանակումին առաջին օրը, Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2022-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին հաւաքուեցանք Ստեփանակերտի հրապարակ, «Արմենիա» պանդոկի դիմաց, ուրկէ ճամբայ ելանք դէպի Forest Club բանակավայր։ Ճամբան հանդիպեցանք թիւ 2  Շար...

2022-08-15 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Ուրբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համա-ՀՄԸՄ-կան 11-րդ մարզախաղերուն վրայ եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով։


Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով։ Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու պատուիրակութիւնները՝ իրենց դրօշներով, նուաճած  Շար...

2022-07-29 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԽԱՂԵՐԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ Կ’ԱՆՑՆԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

 

Այսօր երեկոյեան կազմակերպուած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը կ’անցնին պատմութեան։ Պարտեալ խումբերը կը շնորհաւորեն յաղթականները, յաղթականները կը յուսադրեն պարտուողները։

Ինը օրերու վրայ երկարած համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը ունեցան իրենց ախոյեանները։ Բաւական սուր մրցակցութիւն արձանագրուեցան յատկապէս ֆութպոլի, ֆութսալի եւ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց մրցումներուն։ Վոլիպոլի պարագային գերակայութիւնը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի խումբին, իսկ  Շար...

2022-07-29 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅՈՎ ՆՇԵՑԻՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ 39-ԱՄԵԱԿԸ

 

Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերու մասնակիցները ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 39-ամեակը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հայ քաղաքական նախկին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան:

  Շար...
2022-07-28 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԵՒ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ

 

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու վեցերորդ օրը մրցումները դադար առին եւ օրը յատկացուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ եւ Սարդարապատ այցելութեան։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, Երեքշաբթի, 26 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։


Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկ-մարզիկուհիները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին  Շար...

2022-07-27 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԹԵՒԱԿՈԽԵՑԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԵՒ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐ

 

Համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին կը հասնին վաղը՝ Ուրբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած փակման հանդիսութեամբ։ Աթլեթիզմի, կոլֆի, թենիսի եւ լողի մրցումները աւարտած են արդէն։ Աւարտած են նաեւ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի անհատական կարողութեան մրցումները։ 

Երէկ տեղի ունեցան խմբային մարզախաղերու քառորդ աւարտական եւ կիսաւարտական մրցումները։ Այսօր եւ վաղը կը  Շար...

2022-07-27 |

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

 

Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2022-ի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանէ, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Վիգէն Աւագեանէ, Տիրան Վահրատեանէ եւ քոյր Թալին Օրտողլեանէ, այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Նորա Արիսեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն հետ։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհաւորեց  Շար...

2022-07-27 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը այսօր (Երկուշաբթի) կը թեւակոխեն իրենց հինգերորդ օրը։ Անցնող չորս օրերուն, Երեւանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ տեղի ունեցան թենիսի, պասքեթպոլի, ֆութպոլի, ֆութսալի, վոլիպոլի, կոլֆի, 3x3 պասքեթպոլի եւ ծովափի վոլիպոլի առաջին հանգրուանի խաղերը, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի անհատական կարողութեան մրցումները։ Այսօր կը սկսին լողի, ճատրակի եւ աթլէթի մրցումները։

Ստորեւ՝ մրցումներուն արդիւնքները.-

ԱՌԱՋԻՆ  Շար...

2022-07-25 |

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

 


Հայութեան «կամաւոր բանակ»-ը՝ ՀՄԸՄ-ը այսօր Երեւանի մէջ արժանավայել շուքով կատարեց իր մարզախաղերուն բացումը, անգամ մը եւս փաստը տալով, որ ինչքան ալ դժուար ու ծանր պայմաններ դիմագրաւեն մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը, ՀՄԸՄ կը մնայ այն երիտասարդ ու կենսունակ միութիւնը, որ գիտէ յոյս, խանդավառութիւն եւ աւելի լաւ ապագայ ներշնչել բոլորին։ 104-ամեայ  Շար...

2022-07-22 |

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

 

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու մեկնարկէն օր մը առաջ, Չորեքշաբթի, 20 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Տրդատ երկրորդ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն առաջին հանդիպումը՝ խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն հետ։

Հանդիպումին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։  Շար...

2022-07-21 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՊԱՆԹԷՈՆ

 

Հինգշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու յայտագիրները ընթացք առին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն այցելութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ եւ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ուղեկցութեամբ, մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները Եռաբլուրի մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական պատնէշին վրայ ինկած բոլոր հերոսներուն եւ յատկապէս ոգեկոչեցին յիշատակը Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12 նահատակներու,  Շար...

2022-07-21 |
Displaying 61 to 75 (of 414 news)

Տարածենք