Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանը կը գտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ, Պուրճ Համուտ, Նոր Մարաշ, թիւ 77 փողոց, թիւ 4 հատուած, «Սեւան» շէնք, երրորդ յարկ։

Թանգարանը կը հիմնուի 1987-ին եւ կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին Կեդրոնական Վարչութեան նահատակ ատենապետին՝ Վարդգէս Տէր Կարապետեանի անունով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վարդգէս Տէր Կարապետեան թանգարանը կ’ընդգրկէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան օրերէն արժէքաւոր փաստաթուղթեր, հրատարակութիւններ, մարզական եւ սկաուտական իրեր։ Հոն ներկայացուած են նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու, համագումարներու, մարզախաղերու եւ Շրջանային թէ Մեկուսի վարչութիւններու այլազան ձեռնարկներու յուշանուէրներ, յուշամետալներ եւ դրօշներ։

Թանգարանին ցուցադրուած իրերուն թիւը կը հասնի հազարի։

Թանգարանը բաց է ամէն օր, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ 6, իսկ Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 9-1։

Տարածենք