Համահայկական խաղերը սկսած են 1999-ին, սակայն անոնց մտայղացումը կատարուած է շատ աւելի կանուխ, Խորհրդային Միութեան վերջին տարիներուն, երբ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերը ընդլայնած էին։ Հոկտեմբեր 1990-ին, Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն կ’որոշէ 15-30 Յունիս 1990-ին Երեւանի մէջ կազմակերպել համահայկական նաւասարդեան մարզական առաջին խաղերը՝ չորս մարզաձեւերով. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ եւ ճատրակ։ Ամիս մը ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը, փոխ վարչապետ Կտրիճ Սարդարեանի ստորագրութեամբ, իր համաձայնութիւնը կու տայ խաղերու ծրագիրին, սակայն խաղերը տեղի չեն ունենար, որովհետեւ Հայաստանն ու Արցախը կը մտնեն Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պատերազմի մէջ։ Պատերազմի զինադադարէն ետք, համահայկական խաղեր կազմակերպելու գաղափարը կրկին կը ներկայանայ օրակարգ։ 1994-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կը ստեղծուի նախաձեռնող խումբ, իսկ Ապրիլ 1997-ին, հայկական մարզական կազմակերպութիւններու համաժողովին համաձայնութիւն կը գոյանայ ստեղծելու Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէ, որուն նախագահը կ’ընտրուի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներէն Աշոտ Մելիք Շահնազարեան։ Խաղերու կազմակերպման նպատակով, 1999-ին, Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, ,Մարմնամարզը բոլորին համարե ծրագրի ծիրէն ներս, Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին կը յատկացնէ նիւթական օժանդակութիւն, իսկ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ Խուան Անթոնիօ Սամարանշ ողջոյնի գիր մը կը յղէ Հայաստանի նախագահին։ Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին օրէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ համահայկական խաղերու նախապատրաստութեան եւ կանոնագրութեան մշակման մէջ։ Ան իր ներկայացուցիչները կ’ունենայ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէին եւ գործադիր կոմիտէին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդական Կեդրոնական Վարչութիւններու անդամ եղբ. Ստեփան Տէր Պետրոսեան կը վարէ խաղերու փոխ նախագահի պաշտօնը, մինչ Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբեր, զանազան քաղաքներու անուններով, իրենց կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերեն ամառնային եւ ձմեռնային բոլոր խաղերուն։

Ստորեւ՝ ակնարկ մը համահայկական խաղերու զարգացման վրայ։

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ

Համահայկական առաջին խաղերը տեղի կ’ունենան 28 Օգոստոս-5 Սեպտեմբեր 1999-ին, Երեւան, մասնակցութեամբ աշխարհի 63 քաղաքներէ 1141 մարզիկ-մարզիկուհիներու (529-ը Հայաստանէն, 612-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուին 7 մարզաձեւեր. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ եւ աթլէթ։

Համահայկական երկրորդ խաղերը տեղի կ’ունենան 28 Օգոստոս-5 Սեպտեմբեր 2001-ին, Երեւան, մասնակցութեամբ աշխարհի 82 քաղաքներէ 1419 մարզիկ-մարզիկուհիներու (464-ը Հայաստանէն, 955-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուին 9 մարզաձեւեր. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ, աթլէթ, լող եւ մինի ֆութպոլ։

Համահայկական երրորդ խաղերը տեղի կ’ունենան 16-24 Օգոստոս 2003-ին, Երեւան, մասնակցութեամբ աշխարհի 82 քաղաքներէ 1559 մարզիկ-մարզիկուհիներու (423-ը Հայաստանէն, 1136-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուին 10 մարզաձեւեր. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ, աթլէթ, լող, մինի ֆութպոլ եւ պատմինթըն։

Համահայկական չորրորդ խաղերը տեղի կ’ունենան 18-26 Օգոստոս 2007-ին, Երեւան, մասնակցութեամբ աշխարհի 28 քաղաքներէ 1576 մարզիկ-մարզիկուհիներու (425-ը Հայաստանէն, 1151-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուին 10 մարզաձեւեր. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ, աթլէթ, լող, մինի ֆութպոլ եւ պատմինթըն։

Համահայկական հինգերորդ խաղերը տեղի կ’ունենան 18-26 Օգոստոս 2011-ին, Երեւան, մասնակցութեամբ աշխարհի 125 քաղաքներէ 3244 մարզիկ-մարզիկուհիներու (1372-ը Հայաստանէն, 1872-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուին 10 մարզաձեւեր. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ, աթլէթ, լող, մինի ֆութպոլ եւ պատմինթըն։

Համահայկական վեցերորդ խաղերը տեղի կ’ունենան 2-15 Օգոստոս 2015-ին, Երեւան, Գիւմրի, Վանաձոր, Աբովեան, Արտաշատ եւ Ստեփանակերտ, մասնակցութեամբ աշխարհի 175 քաղաքներէ 6352 մարզիկ-մարզիկուհիներու։ Կը կիրարկուին 17 մարզաձեւեր. ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, թենիս, փինկ-փոնկ, ճատրակ, աթլէթ, լող, մինի ֆութպոլ, պատմինթըն, պիչ-վոլիպոլ, մարզական պարեր, կոլֆ, հենտպոլ, բազկամարտ, հեծելարշաւ եւ հրացանաձգութիւն։

Համահայկական եօթներորդ մարզախաղերը տեղի կ’ունենան 5-17 Օգոստոս 2019-ին։ Բացումը եւ առաջին երեք օրերը՝ Արցախի մէջ (Ստեփանակերտ, Մարտակերտ, Մարտունի, Ասկերան), իսկ 9-17 Օգոստոս՝ Հայաստանի մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի 161 քաղաքներէ 5244 մարզիկ-մարզիկուհիներու։ Կը կիրարկուին 17 մարզաձեւեր. աթլէթ, պատմինթըն, բազկամարտ, պասքեթպոլ, կոլֆ, թենիս, լող, լողափնեայ վոլիպոլ, վոլիպոլ, հէնտպոլ, հեծելարշաւ, հրաձգութիւն, մարզական պարեր, փինկ-փոնկ, ֆութպոլ, ֆութսալ եւ ճատրակ

 

ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐ

Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը տեղի կ’ունենան 24 Փետրուար-2 Մարտ 2014-ին, Ծաղկաձորի եւ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի 22 քաղաքներէ 401 մարզիկ-մարզիկուհիներու (193-ը Հայաստանէն, 208-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուին 4 մարզաձեւեր. լեռնադահոյկ, դահուկավազք սնոպորտ եւ տափօղակով հոքի։

Տարածենք