Միջ-մասնաճիւղային բանակումները կը հանդիսանան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու նախնական ու փոքր տարբերակները։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները սկսած են միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն չորս տարի ետք՝ 1978-ին, Քալամոսի բանակումով (Յունաստան)։

Միջ-մասնաճիւղային բանակումները ունին առանձին պատմութիւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի բնօրրանին մէջ, միութեան առաջին եւ վերջին միջ-մասնաճիւղային բանակումը կատարուած է 8-11 Սեպտեմբեր 1922-ին, Պոլսոյ արուարձաններէն Պէօյիւք Տերէի մէջ, մասնակցութեամբ 7 մասնաճիւղերու սկաուտներու (Բերա, Գարակէօզեան, Պէյլէրպէյ, Սկիւտար, Մաքրի գիւղ, Օրթա գիւղ, Պէշիկթաշ) եւ Պոլսոյ հայկական որբանոցներու խումբերու։

Բանակումին ընդհանուր խմբապետն էր Արշակ Յակոբեան։ Բանակողներուն կ’այցելէ միջազգային սկաուտութեան հիմնադիր լորտ Պէյտըն Փաուըլի ներկայացուցիչ պրն. Պէրի։

Պոլսոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան դադրեցումէն ետք, միջ-մասնաճիւղային բանակումներու փորձառութիւնը կը փոխադրուի Միջին Արեւելք, ուր 1944-1955 ութը բանակումներ կ’իրագործուին Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան կողմէ։ Այսպէս՝

Միջ-մասնաճիւղային առաջին բանակումը տեղի կ’ունենայ 20 Օգոստոս-3 Սեպտեմբեր 1944, Զահլէ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի, Պէյրութի, Էշրէֆիէի եւ Զահլէի 90 սկաուտներու։

Բանակումին ընդհանուր խմբապետն էր Լեւոն Պապլուզեան։

Միջ-մասնաճիւղային երկրորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ Սեպտեմբեր 1947-ին, Պէքայի Թաանայէլ գիւղը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Հալէպի, Զահլէի եւ Դամասկոսի սկաուտական խումբերուն։

Միջ-մասնաճիւղային երրորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 15 Օգոստոս-15 Սեպտեմբեր 1948-ին, Էհտէն։

Բանակումի ընդհանուր խմբապետն էր Արսէն Դանիէլեան։

Միջ-մասնաճիւղային չորրորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 20 Օգոստոս-10 Սեպտեմբեր 1949-ին, Քեսապ։

Բանակումին ընդհանուր հսկողութիւնը կը ստանձնէ տոքթ. Ինճէճիկեան։

Միջ-մասնաճիւղային հինգերորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 28 Օգոստոս-16 Սեպտեմբեր 1950-ին, Քեսապ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Պուրճ Համուտի սկաուտներուն։

Միջ-մասնաճիւղային վեցերորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 23 Օգոստոս-7 Սեպտեմբեր 1952-ին, Մէյրուպա։

Միջ-մասնաճիւղային եօթներորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 15-30 Օգոստոս 1954-ին, Տհուր Շուէյր, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ճիւնիի եւ Հալէպի սկաուտներուն եւ գայլիկներուն։

Միջ-մասնաճիւղային ութերորդ բանակումը տեղի կ’ունենայ 20 Օգոստոս-4 Սեպտեմբեր 1955-ին, Այն Սաֆա, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ճիւնիի եւ Հալէպի սկաուտներուն։

Բանակումը կը վարեն վարիչ մարմին մը՝ բաղկացած Սուրէն Մուրատեանէ, Յակոբ Կարապետեանէ, Յակոբ Ոսկերիչեանէ եւ Խորէն Նազարեանէ։

Յաջորդող քանի մը տարիներուն, Լիբանանի քաղաքական պայմաններուն պատճառով, միջ-մասնաճիւղային բանակումները կը ջնջուին եւ կը փոխարինուին դպրոց-բանակումներով։

Միջ-մասնաճիւղային բանակումներու շարքին վերջինը, եռօրեայ ռալի բանակում, տեղի կ’ունենայ 8-10 Սեպտեմբեր 1972-ին, Պուա Տը Պոլոնի մէջ եւ կը նուիրուի հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 60-ամեակին։ Բանակումը կը հովանաւորէ Լիբանանի վարչապետ Սաէպ Սալամ։

 

Դպրոց-բանակումներու պատկերը կը ներկայացնէ հետեւեալը.-

Առաջին դպրոց-բանակումը կը կատարուի 12-28 Օգոստոս 1959-ին, Զմմառի հայ կաթողիկէ վանքին շրջափակին մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի մասնաճիւղերէն 39 սկաուտներու։

Բանակումին ընդհանուր պատասխանատուն էր Լուտեր Մասպանաճեան։

Երկրորդ դպրոց-բանակումը կը կատարուի 13-28 Օգոստոս 1960-ին, Քեսապի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Հալէպի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Թրիփոլիի եւ Ռաքքայի 17 աստիճանաւոր սկաուտներու։

Բանակումին  հսկողութիւնը կը կատարէ Լուտեր Մասպանաճեան, թեքնիք բաժնի պատասխանատուն կ’ըլլայ Սուրէն Նազարեան։

Երրորդ դպրոց-բանակումը կը կատարուի 20 Օգոստոս-4 Սեպտեմբեր 1961-ին, Այնճարի մէջ։

Բանակումը կը ղեկավարէ Լուտեր Մասպանաճեան, խմբապետութիւնը կը կատարէ Արսէն Դանիէլեան։

Այս հանգրուանի վերջին դպրոց-բանակումը կը կատարուի 4-6 Մայիս 1968-ին, Ճիւնիի մօտակայ Ատոնիսի բարձունքին վրայ, մասնակցութեամբ աստիճանաւոր գայլիկներու։

Տարածենք