Մրցանիշներու հաւաքման աշխատանքը նկատի ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկ-մարզիկուհիներուն արձանագրած մարզական լաւագոյն արդիւնքները՝ միութեան հիմնադրութենէն մինչեւ օրս կազմակերպուած հետեւեալ ձեռնարկներուն.-
ա) Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր.
բ) Շրջաններու միջ-մասնաճիւղային, Նաւասարդեան եւ մարզական այլ մրցաշարքեր.
գ) Համահայկական խաղեր.
Միաժամանակ, կարելի եղած է ապահովել մրցանիշները համահայկական խաղերու, Հայաստանի Հանրապետութեան ախոյեանական մրցումներու եւ համաշխարհային մրցաշարքերու։
Մրցանիշներու ցանկը վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Հրաչ Տէր Սարգիսեանի կողմէ պատրաստուած է ծանօթ ու վստահելի փաստաթուղթերու հիմամբ։
Անշուշտ, կրնայ պատահիլ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կարգ մը մրցանիշներ վերատեսութեան ենթարկուին կամ պակասաւոր կարգ մը մրցանիշներ ամբողջանան՝ եթէ յանկարծ յայտնուին ցարդ անծանօթ տուեալներ։ Մեր ցանկը ենթակայ է սրբագրութեան եւ յաւելումի, պայմանով որ ներկայացուած իւրաքանչիւր տուեալին ընկերանայ զայն հաստատող համապատասխան փաստաթուղթը։
ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ
Աթլեթիզմի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցանիշներու վերջնական վաւերացումը կը կատարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ տուեալ մրցանիշ մը ստանձնելէ ետք Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութենէ մը։
Մրցանիշներու արձանագրութեան պարագային նկատի կþառնուին հետեւեալները.
ա. Վազքի մրցումներուն՝
- Անուն մականուն, հասցէ.
- Ծննդեան թուական, դասակարգ.
- Մարզաձեւ, արդիւնք (աւարտի լուսանկարով [photo finishով] կամ առանց)։
- Ձեռնարկի անուն, թուական, վայր.
- Անուն եւ ստորագրութիւն՝ մեկնարկի ազդանշանը տուողի (starter), երէց ժամապահի (chief timer), վազքերու երէց պատասխանատուի (track refree), կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուի եւ Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութեան։
Բ. Ոստումի եւ արձակումի մրցումներուն՝
- Անուն մականուն, հասցէ։
- Ծննդեան թուական, դասակարգ.
- Մարզաձեւ, արդիւնք (մեթր).
- Ձեռնարկի անուն, թուական, վայր.
- Անուն եւ ստորագրութիւն՝ ոստումի կամ արձակումի պատասխանատուի (head judge), երէց պատասխանատուի (field refree), կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուի եւ Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութեան։
ՆԿԱՏԻ ԱՌՆՈՒԱԾ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Մրցանիշ մը արձանագրելու համար հարկ է նկատի ունենալ հետեւեալ պայմանները.-
Արական Իգական
Արգելարշաւ (110 մ.) 105 սմ. (100 մ.) 84 սմ.
Գունտ 7.260 քլկ. 4 քլկ.
Սկաւառակ 2 քլկ. 1 քլկ.
Նիզակ 800 կրամ 600 կրամ
Մուրճ 7.260 քլկ. 4 քլկ.
ԱՒԱՐՏԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ
Վազքերու մէջ, աւարտի լուսանկարի (photo finish) գործածութեան պարագային, արդիւնքները կը յայտարարուին 1/100ով։ Այս պարագային, մեկնարկի ազդանշանը տուողին զէնքը կապուած պէտք է ըլլայ աւարտի լուսանկարչական քամերային։ Մնացեալ բոլոր պարագաներուն, ուր աւարտի լուսանկարի օգտագործում չկայ, արդիւնքները կը յայտարարուին 1/10ով։ Այսպէս, ձեռքի ժամացոյցը եթէ 100 մ. վազքի արդիւնքը ցոյց տայ 11.56, արդիւնքը պէտք է արձանագրել 11.6։ Կամ՝ 200 մ. վազքի արդիւնքը եթէ ցոյց տայ 26.33, պէտք է արձանագրել 26.4։ Այս պատճառով ալ կը ստեղծուի երկու մրցանիշ դրութիւն.-
1. Ձեռային, ուր աւարտի լուսանկար չկայ, արդիւնքը կþարձանագրուի 1/10ով.
2. Ելեկտրոնիկ, աւարտի լուսանկարով, արդիւնքը կþարձանագրուի 1/100ով.
ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը միութենական մրցանիշի կրնայ հաստատել հետեւեալ ձեռնարկներուն ընթացքին.
- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր.
- Շրջաններու միջ-մասնաճիւղային, Նաւասարդեան եւ մարզական այլ մրցաշարքերու.
- Համահայկական խաղեր.
- Միջազգային մրցումներ.
Ստորեւ՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, համահայկական խաղերու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համաշխարհային մրցանիշներու ցանկերը։