ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց առաջին մարզախաղերը տեղի ունեցան 4 Հոկտեմբեր-24 Դեկտեմբեր 2021-ին, չորս մարզաձեւով.- ֆութպոլ, պասքեթպոլ, աթլէթ եւ լող։ Մրցումներուն մասնակցեցան 95 մարզիկ-մարզիկուհիներ 10 շրջաններէ՝ Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան, Գանատա, Ֆրանսա, Հարաւային Ամերիկա, Քուէյթ, Միւնիխ, Վեսթերոս եւ Սոտերթելիա։

Առցանց մարզախաղերուն նկատի առնուեցան տարիքային հինգ խմբաւորումներ.- Ազատ (18 տարեկանէն վեր), 20 տարեկանէն վար, 18 տարեկանէն վար, 16 տարեկանէն վար եւ 14 տարեկանէն վար։

Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ մարզախաղերը կազմակերպուեցան ֆիզիքական ձեւով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութիւններուն կողմէ, նկատի ունենալով առցանց մարզախաղերուն համար մշակուած յատուկ օրէնքները եւ յարգելով քորոնայի առողջապահական տեղական արգելափակումները։

Մասնակցութեան արդիւնքները տեսանիւթի միջոցով իւրաքանչիւր շրջանի մարզական ներկայացուցիչին կողմէ առցանց փոխանցուեցան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին։ Շրջանները ներկայացուցին իւրաքանչիւր դասակարգի եւ մարզաձեւի իրենց երեք լաւագոյն արդիւնքները:

Իւրաքանչիւր մարզաձեւի համար ճշդուեցան ժամանակի յատուկ օրէնքներ։

Լողի պարագային նկատի առնուեցան 50 եւ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներ։ Աթլէթը ընդգրկեց 100, 200, 300, 400, 800, 1500 եւ 3000 մեթր վազքի մրցումներ, մէկ քայլ ոստում եւ գունտ նետել։ Ֆութպոլը ունեցաւ հինգ տեսակ մրցում (երկար հեռաւորութենէ հարուած դէպի բերդ, արուեստական արգելքներ շրջանցելով հարուած դէպի բերդ, բերդի սիւներու հարուած եւ այլն), նոյնպէս՝ պասքեթպոլը (3 կէտի նշանակում, կիսաշրջանակի զանազան դիրքերէ նշանակում, Dunk հարուած, երեք խաղացողով գնդակը իրարու փոխանցելով դէպի կողով յառաջացում եւ նշանակում եւ այլն)։

 

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց երկրորդ մարզախաղերը սահմանափակուեցան ճատրակի մրցումներով, որոնք տեղի ունեցան 17 Սեպտեմբեր 2023-ին։ Մրցումներուն մասնակցեցան 6 շրջաններէ 37 մասնակիցներ։