ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը կազմակերպութիւն ըլլալէ առաջ ոգի մըն է, մարդկային եւ ազգային առողջ ու հարազատ ապրումներու քուրայ մը, որուն մէջէն անցնող երիտասարդն ու երիտասարդուհին կը զգենուն ճշմարիտ մարդու եւ վաւերական հայու իսկատիպ կերպարը. դպրոց մը առանց դասարանի եւ գրասեղանի, առանց դասագրքի եւ գրատախտակի, բայց աճման ու զարգացման կերպարանիչ հնոց մը, ուրկէ անցնող անձը կը բիւրեղանայ, ինչպէս մետաղը որ կþանցնի կրակէն։

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Մենք Հ.Մ.Ը.Մ.ը սիրեցինք նոյնիս՛կ իր պարտութեան մէջ, որովհետհեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեզի համար դաշտին վրայ երեւցող մարզիկներու խումբը չեղաւ։ Այն ինչ որ մեր ժողովուրդին մէջ բարութեան, գեղեցկութեան, արժէքներու, երազներու եւ ձգտումներու համազօր էր, մենք այդ մէկը տեսանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ դպրոց եղաւ, հայ ակումբ եղաւ, Հայաստան եղաւ, ազատ ու անկախ Եռագոյնով Հայաստան դարձաւ, նոյնի՛սկ եկեղեցի եղաւ որոշ չափով։ Այլ խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներուն ոչ միայն շտեմարանը դարձաւ, այլեւ՝ եղաւ դպրոց մը։

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Հ.Մ.Ը.Մ.

Գիրեր՝ ոսկի տեսիլքով, որոնք կը պայծառափայլին հայ աչքերուն դիմաց հաւատքի կամքի եւ տեսիլքի ճառագայթներով...

Գիրեր ջինջ հնչումով, որոնք կþարձագանգեն հայ գիտակցութեան մէջ վերազարթօնքի, յոյսի եւ յաղթանակի ձայներով...

Տարիներ շարունակ դիտեցինք կուռ շարքերն այս տղոց՝ կարգապահ, միասնական եւ հպարտ, եւ ցնծութեան ու պարծանքի ապրումներով լեցուեցաւ մեր սիրտը։ Վէրքին, արցունքին եւ արիւնին դառնատեսիլ պատկերները մեր պատմութեան վերջին սեւ թուականին՝ իրենցմով գարնան շունչ ու գոյն ստացաւ։

ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԶԱՐԵՀ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Հայ ազգի կեանքին մէջ պատահած հրաշքներէն մէկն է, անտարակոյս, կազմութիւնն ու զարգացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որպէս կոթող անցեալի փառքին ու գրգիռ՝ ապագայի առաւել փառաւոր գործունէութեան։

Ըստ մեզի, որ այս հրաշալի կազմակերպութեան մեղուաջան աշխատանքին ու յարաճուն վերելքին ականատես վկան ենք մօտ քսան տարիներէ ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը չէր եւ հետագային երբեք պէտք չէ ըլլայ հայ պատանիին միայն ֆիզիքական ուժին զարգացումին ազդակը, այլ՝ առողջ մարմնին մէջ, առողջ հոգիին հետ պէտք է կերտէ անոր նկարագիրը, որուն դրոշմէ նաեւ բիւրեղանման եւ անվիճելի հայկականութեան ազգային կնիքը։

Քսաներորդ դարու աշխարհացունց գիւտերու եւ աննախատեսելի վերիվայրումներու շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գլխաւոր եւ նախախնամական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ կերտումը այդ նկարագրին, որպէսզի հայ ազգի կանչին, տագնապի մէջ կամ ուրախութեան առիթով, իր ամբողջ կարելիութեամբ կարենայ պատասխանել՝ «ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»։ Ու յարատեւ բարձրանայ, իրեն հետ բարձրացնելով անոնք, որոնք նիւթեղէն եւ հոգեկան իրենց աչքերը սեւեռած կը մնան Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու այս՝ իրաւամբ։

1945-1948 փոթորկայոյզ տարիներու ընթացքին, երբ շղթայազերծուած էին մեր ժողովուրդէն շատերու ոչ հայեցի զգացումները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանակը կրելն իսկ խէթ նայուածքներու առիթ կը ծառայէր, Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատանի մը չկարենալով արգիլել տարիքով իրմէ մեծ, եւ ուժով՝ գերազանց տարրերու կողմէ իր նշանակին խլուիլն ու անարգուիլը, տուն վերադառնալով, իր կուրծքի մորթին վրայ անջնջելի մելանով կը գծէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոյն այդ նշանակը, նոյն նշանաբանով՝ «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ - ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» եւ զոր ցոյց տալով իր ծնողքին, արդար ինքնավստահութեամբ մը կþըսէր. «ԱՅՍ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԱՅԼԵՒՍ ԽԼԵԼ ԻՆՁՄԷ»։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի քառասնամեակին առիթով, մեր իղձն է որ անոր նշանաբանը դրոշմուի ոչ թէ զգեստի վրայ, որ փոփոխելի է կամ մորթի վրայ, ուրկէ կարելի է ջնջել ի վերջոյ, այլ դրոշմուի իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հոգիին խորքը, ուր ո՛չ մէկ կործանարար ձեռք կամ ուժ կրնայ թափանցել։ Մեր մաղթանքն է նաեւ, որ իրականանան Հ.Մ.Ը.Մ.ի բաղձանքները, ու ան աւելի զարգանայ, ուռճանայ, ըլլալով եւ մնալով հայ ազգի յաւիտենակութեան տեսանելի ու անհերքելի մէկ փաստը։

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անոնք որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հիմնեցին, կամեցան երիտասարդ Հայաստանին պարգեւ տանիլ կազմակերպութիւն մը եւ ոգի մը, որուն դրօշին տակ պէտք է բոլորուէր ամբողջ հայ պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը, դառնալու համար մարմնով առողջ եւ կորովի, մտքով՝ պայծառ եւ արթուն, հոգիով՝ մաքուր եւ ամուր, նկարագրով՝ ուղիղ եւ գաղափարապաշտ. ու այսպէս հասակ նետած այդ սերունդը պիտի կոչուէր հայ ազգին ու հայ հայրենիքին իտէալներուն ծառայելու։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը պէտք է ապրի նոյն ոգիով, պէտք է հաւաքուի նոյն դրօշին տակ, պէտք է մարմնով ու հոգիով պատրաստուի, ծառայելու համար նոյն իտէալին։

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը եղած է ու կը մնայ ամէնուն սիրած Միութիւնը։

ԶԱՒԷՆ ԱՐՔ. ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Պատրիարք Պոլսոյ

ԶԱՒԷՆ ԱՐՔ. ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Պատրիարք Պոլսոյ

ԶԱՒԷՆ ԱՐՔ. ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Պատրիարք Պոլսոյ

Դուք, սիրելի հայ արիներ, դուք հայրենիքի յոյսն ու լոյսն էք։ Ձեր բարոյական զինուորագրութիւնը գործունէութեան լայն ու գեղեցիկ դաշտ մը ունի իր առջեւ։ Կազմակերպուեցէք, ազնուացէք որքան կրնաք, լեցուցէք Ձեր սիրտն ու միտքը, վասնզի դուք պիտի ըլլաք վաղուան սրբազան հայրենիքին հրաշակերտ տաճարին սիւները։

ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Պատրիարք Երուսաղէմի

ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Պատրիարք Երուսաղէմի

ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Պատրիարք Երուսաղէմի

Յատկանշական է, որ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ռահվիրաները կազմակերպութեան մտայղացումը ունեցած են 1918-ին, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Եղեռնի դժոխային արարքին հետեւող անմիջական տարիներուն, եւ անկախ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատման համընթաց։

Նախախնամական կարգադրութիւն։ Կարծես յաւիտենական կեանքի եւ անմահութեան երաշխիքով եւ հաւատքով գօտեպնդուած, կործանարար մահուան դէմ որպէս վրիժառու մարտակոչ եւ վահան ամրութեան կանգնելու համար։

Եւ արդարեւ, իբրեւ մարզամշակութային միութիւն, անցնող տասնամեակներուն ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր գործունէութիւնը ծաւալած է Սփիւռքի մէջ։ Հայ երիտասարդութիւնը համախմբելով, դաստիարակած է զանոնք Մայր Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի ազգային նկարագրին եւ ժառանգութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան եւ սիրոյ զգացումով։ Եւ այսպէս ապահովելով շարայարութիւնը անխորտակելի շղթային։

Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ այս յառաջընթացը անդադրում եւ դաշնօրէն ընթանայ Սփիւռքի եւ անկախ Հայրենիքի կանչին եւ ծաղկումին հետ, եւ դառնայ մարտահրաւէր սերունդէ սերունդ փոխանցելու անմեռ ոգին հայ նահատակաց եւ պանծալի յիշատակը հայրենանուէր մարտիկներուն։

ՇԱՀԱՆ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի

ՇԱՀԱՆ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի

ՇԱՀԱՆ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմի

Սիրելի՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիք,

Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայութեան կեանքին մայր էջին վրայ գոյութեան, գործունէութեան եւ առաքելութեան իրաւունքն ու ներկայութիւնը արդարօրէն շահած իրականութիւն է։ Անոր մարդկայնական թէ հայկական ընտրելագոյն գաղափարները հարիւր ուղղութեամբ սփռուած ցորենահատիկներու նման ծաղկեցան ու արդիւնաւորուեցան հայութեան նոր սերունդին ու նորոգուած հայրենիքին տեսլականով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօրուան հայ կեանքին մէջ, յատկապէս սփիւռքեան ներկայ իրավիճակին մէջ, յառաջդիմութեան ու յարատեւութեան ի խնդիր, «Բարձրացի՛ր» ու մանաւանդ «Բարձրացո՛ւր»ի հաւատամքով կը շարունակէ անշեղօրէն ու հաւատարմօրէն իրագործել հայեցի դաստիարակութեան իրեն վստահուած կարեւոր աշխատանքներ՝ սիրով ու նուիրումով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը նկատենք ու կը հռչակենք համայն հայութեան, նաեւ սուրիահայութեան ազգային ու հոգեւոր հարստութիւններէն մէկը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ով մեր համայնական կեանքը կþաշխուժանայ, կը պայծառանայ եւ կը նորոգուի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր արդար հպարտութիւնն է եւ մենք հրաւիրուած ենք «Նահատակ ցեղի անմահներ»ը պատուել եւ մեծարել, ինչպէս նաեւ մաղթել որ առաւել կազմակերպել ու ճառագայթող, յաղթական երթ ունենայ դէպի դարադարձային 100-ամեայ։

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները տեսլականով օժտուած նուիրեալներ էին։ Անոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմը դրին այն օրերուն, երբ մեր հայրենի հողերուն մէկ բաժինին վրայ, Ցեղասպանութենէն ու բռնագաղթէն ետք, նոր ծնունդ առած էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ արդիւնք՝ երկարաշունչ պայքարներու եւ անհաշիւ զոհողութիւններու։

Պատահական չէ, որ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի ու Յովհաննէս Հինդլեանի անուններուն կողքին, հիմնադիր սերունդը արձանագրած է նաեւ Արժ. Տ. Տիգրան Քհնյ. Խոյեանի անունը։ Ցեղասպանութենէն ու ահաւոր հալածանքներէն վերականգնող հայութեան, յատկապէս բիւրաւոր հայ որբերուն համար, անյետաձգելի հրամայական էր ֆիզիքական ու հոգեկան վերապրումը, ազգային ու մշակութային արժէքներու վերընձիւղումը։ Եւ ահա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները եղան այն ասպետները, որոնք ընդառաջ եկան մեր ժողովուրդի պահանջին, տեսան, թէ անոր վերականգնումն ու գոյատեւումը պայմանաւորուած են պատանիին ու երիտասարդին առողջ դաստիարակութեամբ, կազմաւորումով։ Անոնք հաւատացին, որ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» նշանախօսքը հայ պատանիին ու երիտասարդին համար կը նշանակէ մարմնակրթանքի կողքին՝ անբասիր կենցաղ, այսինքն՝ հաւատարմութիւն հոգեմտաւոր արժէքներու եւ ազգային-եկեղեցական ժառանգութիւններու։

Պոլսոյ մէջ ծնունդ առնող Հ.Մ.Ը.Մ.ը շուտով դարձաւ համայն հայութեան կամքը մարմնաւորող ծաւալուն կազմակերպութիւն։ Անոր Եռագոյն դրօշին տակ ծաւալեցան մարզական ու սկաուտական միաւորներ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ի՛նք դարձաւ յաղթանակի դրօշ մէն մի հայու համար, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յաղթանակներուն մէջ տեսաւ հայութեա՛ն յաղթանակը, ամբողջ ժողովուրդի մը նուաճումները։ Այդ պատճառով ալ, մեր ժողովուրդը սիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի կամ ֆութպոլի խումբերը, հեծելարշաւի ու վազքի Հ.Մ.Ը.Մ.ական ախոյեանը։

Ահա այս է եղած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազնիւ առաքելութիւնը։ Այս հպարտութեամբ է որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը աւելի երկու տասնամեակ առաջ վերստին ծածանեցաւ հայրենի հողին վրայ, Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ետք։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուաճումները կազմեցին իրերայաջորդ յաղթանակներ, ինչպէս որ նորանոր յաղթանակներու արտայայտութիւն են Նաւասարդեան խաղերն ու ճակատաբաց տողանցքները։

Ա՛յս կամքով, ա՛յս հաւատարմութեամբ է որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականերու երթը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ իրականանայ անոր քայլերգին մէջ արձանագրուած երազը՝ հայրենի Եռագոյնը կոթողելու հայրենի լեռներու, Արարատի՛ կատարներուն։

Թող օրհնեալ ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը բարձր պահող բոլոր վարչականները, մարզիկներն ու սկաուտները։ Թող հիմնադիր սերունդի տեսլականը վառ մնայ իրերայաջորդ սերունդներու միտքերուն ու հոգիներուն մէջ ու մարզական այս մեծ միութեան երթը շարունակուի աննահանջ, մինչեւ մեր հայրենական ու ազգային բոլոր տենչերուն կենսագործումը։

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՈԼՈՅԵԱՆ Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՈԼՈՅԵԱՆ
Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՈԼՈՅԵԱՆ Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի

Ժառանգորդնե՛ր Հայկեան Ցեղի,

Սրտագին ողջոյն հուժկու, կենսունակ եւ հայ կեանքին մէջ մշտապէս երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Ժառանգորդներն էք այս կազմակերպութեան, որ Ցեղասպանութեան արեան ու մահուան մէջէն փիւնիկի պէս յառնեցաւ եւ 1918-ին նետեցին առաջ իր քայլերը, առաջին իսկ վայրկեանէն յաղթական, աչքերը յառած լուսաւոր արեւածագին եւ կրանիթեայ Արարատին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ապացուցեց որ ապրելու կոչուած ժողովուրդ ենք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր երիտասարդ շարքերով բարձրաղաղակ կը գոչէ թուրքին երեսին, թէ դո՛ւն պարտուած ես։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը շեփորէ աշխարհին, յայտնելով իր վճռակամութիւնը արդար դատի հետապնդումին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը առաւել կը կռանէ իր հիմերը, ամրապնդուած մեր պատմութեան, նահատակութեան, հերոսներու եւ պայքարի ապառաժեայ խարիսխին վրայ։

Սիրելի՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ,

Ազգութեան ձեր նուիրումին մէջ մի՛ ընկրկիք ու տկարանաք։ Յաղթանակի հաւատքին մէջ մի՛ երկմտիք ու տարակուսիք։ Պայքարին մէջ երբեք ու երբեք մի՛ նահանջէք։

Հայաստանը մեզ կը կանչէ։ Հերոսներուդ արիւնը թող եռա՛յ երակներուդ մէջ։

Յառա՜ջ։ Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ։ Յառա՜ջ դէպի յաղթանակ։

Մնամք սիրոյ ողջունիւ եւ օրհնութեամբ։

ԳԻՍԱԿ ԱՐՔ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Առաջնորդ Արժանթինի եւ Չիլիի հայութեան

ԳԻՍԱԿ ԱՐՔ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Առաջնորդ Արժանթինի եւ Չիլիի հայութեան

ԳԻՍԱԿ ԱՐՔ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Առաջնորդ Արժանթինի եւ Չիլիի հայութեան

Ծերացած ու մաշած անհատի մը մասին չէ խօսքը, այլ հարիւր տարեկան երիտասարդի մը, որ տարիներուն հետ աւելի աշխուժացած է եւ դարձած աշխարհի չորս ծագերուն գոյութիւն ունեցող եւ իր սկաուտական եւ երիտասարդական խումբերով օժտուած մարմնամարզական կազմակերպութիւն։

Օրհնութեան այս գիրով նախ կþուզենք յարգել յիշատակը հիմնադիրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ունեցան հիմնական մէկ գաղափար՝ «Առողջ մարմին, առողջ միտք». եւ կոտորակուած ու իր գոյութեան պայքարը մղող հայորդիները պէտք ունէին առողջ մարմնի եւ մտքի, ապահովելու համար նաեւ հոգեկանն ու ազգային ոգին եւ գիտակցութիւնը։ Եւ, «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» երկրորդ նշանաբանով, Հ.Մ.Ը.Մ. կու գար յիշեցնելու, թէ կեանքը վերելք մըն է եւ ամէն բարձունքէ ետք գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշներ, որոնք եւս պէտք է նուաճել, սակայն ո՛չ անհատապէս միայն, այլ հաւաքաբար, մանաւանդ մեր ժողովուրդի պարագային, որ բանաստեղծին բառերով պէտք ունէր գտնելու իր «փրկութիւնը իր հաւաքական ուժին մէջ»։

Առողջ մարմին եւ միտք, բարձրանալ ու բարձրացնել եւ հաւաքական ուժ եւ փրկութիւն... Հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը. ֆիզիքական գոյութիւն, զարգացում եւ միասնական, մէկ հայրենիքի ու ժողովուրդի ապահովութիւն։

Թող օրհնեալ ըլլայ յիշատակը բոլոր հիմնադիրներուն, եւ Տիրոջ աջն ու աչքը անպակաս մնան այս մարմնամարզական միութեան վրայէն, որպէսզի շարունակէ իր գործունէութիւնը, պատրաստելով առողջ մարմնով, հոգիվ եւ ազգային գիտակցութեամբ ապագայ սերունդներ։

ԱՒԱԳ ԱՐՔ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ Առաջնորդ Իրաքի Հայոց

ԱՒԱԳ ԱՐՔ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Առաջնորդ Իրաքի Հայոց

ԱՒԱԳ ԱՐՔ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ Առաջնորդ Իրաքի Հայոց

Քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին հայ ժողովուրդը ապրեցաւ համատարած բնաջնջումը իւր արեւմտահայ հատուածին, ողբերգական իրադարձութիւններով առլցուն, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայու զաւակունք, ինչպէս նաեւ հիմնայատակ կործանեցան մեր շէն ու շէնշող քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց հետ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, արհեստանոցները, ճարտարապետական կոթողները-սքանչելի դարբնոցներ մեր մշակութային արժէքներուն ու սրբութիւններուն։

Պատմութեան մէկ տխուր ու դժոխային պահուն կը թուէր թէ անհորիզոն էր մեր ժողովուրդին ճակատագիրը։ Սակայն, քրիստոնեայ ժողովուրդները կը հաւատան հրաշագործութեան՝ հետեւելով իրենց հրաշագործ երկնաւոր վարդապետին, որն ընդմիշտ յոյս ներշնչեց եւ անվախութիւն քարոզեց։ Ահա թէ ինչու, որպէս առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն մենք մեր հասարակական կեանքը բնորոշեցինք յոյսով, որն «... ոչ երբեք ամաչեցուցանէ» (Հռոմ. Ե. 5) ու քաջալեր եղանք ապաւինելով մեր Տիրոջ խոստումին, թէ ինք արդէն յաղթած է աշխարհին (տե՛ս Յովհ. Ժզ. 33)։

Ու պատահեցաւ հրաշքը սպասելի։

Այսպէս է որ հայ ժողովուրդը արձանագրեց զանազան խիզախումներ՝ հիմը դնելով վերածննդեան նոր շրջանի մը, որն ինքզինք դրսեւորեց արդի Հայաստանի պետականութեան հաստատումով 1918 Մայիսին, եւ ի սփիւռս աշխարհի ցան ու ցրիւ հայկական գաղութներու կազմաւորումով՝ եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային բազմաճիւղ բնագաւառներու մէջ։

Հայոցս ծոցէն ծնած սփիւռքեան արժէքներէն մին հանդիսացաւ նաեւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը - Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Այդ խաւարամած օրերուն վստահաբար մխիթարական եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայութիւնը մեր վիրաւոր ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ երիտասարդ սերունդին համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փրկարար ձեռքերուն մէջ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, եւ ինչու ոչ զանազան տարիքներ ունեցող անձինք, դաստիարակուեցան եւ առողջ նկարագիր մշակեցին, որպէս պիտանի հայու զաւակունք, միշտ հաւատարիմ իրենց նախնեաց ժառանգութեան, միշտ ջերմեռանդ իրենց արդար գալիքին։

Բազում տարիներու ազգապահ վաստակի փորձառութեամբ տոգորուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօր իր հայեացքը սեւեռած է ապագայ ազգօգուտ իրագործումներով իւր հայրենանուէր գործունէութիւնը շարունակելու վճռակամութեամբ, նոր լաւատեսութեամբ եւ նորանոր ոգեշնչումով, ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ իրաւունքերու ձեռք բերման պայքարի՝ մերազն երիտասարդութեան ճանապարհով եւս։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը արժանաւորութեամբ արձանագրուած է մեր ժողովուրդի պատմութեան գրքին մէջ։

Լաւատես դէպի մեր ժողովուրդի վաղուան օրը եւ աւելի լուսազարդ ապագան, կը մնամք

ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ

ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծնունդի օրուան պայմանները նպաստաւոր չէին իր զարգացումին, այլ՝ զինք հիմնադրողներուն վճռականութիւնը եւ սեփական ժողովուրդին տեսլականը, որ Զաւէն Պատրիարքի խօսքերուն մէջ կը ձեւաւորուէր յստակութեամբ։ «Բարոյական զինուորագրութիւն» մը պէտք է ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ ծառայողներուն հիմնական նպատակը, մտասեւեռո՛ւմը։

Եւ թող ամէն մէկ Հ.Մ.Ը.Մ.ական չմոռնայ, թէ անհրաժեշտ է, որ ինք «կազմակերպուի, ազնուանայ, որքան որ կրնայ լեցնել իր սիրտն ու միտքը, որովհետեւ ինք պիտի ըլլայ վաղուան սրբազան հայրենիքին հրաշակերտ տաճարին սիւներէն մէկը»։

ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարականը միայն մարզական չէ, սկաուտական չէ, այլ ԱՄԷ՛Ն ԻՆՉ Է, հայութեան ամբողջութիւնը, հայութեան իտէալները, հայութեան ազատութեան հետ կապուած ամբողջ յոյսերը, հայութեան պայքարի ամբողջ իմաստը։ Արտասահմանի մէջ այն բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք հետագային քաղաքական յանձնառութիւններու տակ կը մտնեն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ է, որ կը ստանան իրենց ազգային հիմնական դաստիարակութիւնը։

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ իրականութեան մէջ ամենամեծ կազմակերպութիւնն է։ Իսկ ամենամեծ կազմակերպութիւնը ունի ամենամեծ պատասխանատուութիւնը։ Եթէ արտերկրում ունէք ձեր կազմակերպուածութիւնը պահելու, ձեր կազմակերպութիւնը իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ. իր էութեամբ, գաղափարախօսութեամբ, բարոյախօսութեամբ համակուած պահելու առաքելութիւն, որպէսզի այն ոչ մի անգամ չպարպուի իր բովանդակութիւնից, ապա Հայաստանում ունէք այս կազմակերպութիւնը տարածելու, կայացնելու, նրա միջոցով անկախ Հայաստանի քաղաքացի դաստիարակելու, մեր դաւանած արժէքները տարածելու, քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու, մթնոլորտը աւելի բարոյականացնելու առաքելութիւն։

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ականն ու հայ սկաուտը իրե՛նցը պէտք է ընեն ապրումները հայութեան, գործեն անոր բարօրութեան եւ ազգային-քաղաքական արդար իրաւունքներու իրականացման համար, սկաուտական իրականութեան ազնուացնող ապրումները կիրարկեն անոր ծառայութեան գծով, ու միշտ հաւատարիմ իրենց նշանաբանին, ջանան տեւաբար ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ, բայց ԲԱՐՁՐԱՑՆԵ՛Լ մանաւանդ

Ծանր է այս կրկնակ կոչումը թերեւս, բայց հպարտառիթ։ Ծանր է հայութեան եւ անոր ծառայելո՛ւ կոչումը ինքնին, բայց շքեղօրէն գեղեցիկ։

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

... Մարմնացեալ խանդավառութիւն եւ կարգապահութիւն։ Ինչո՞ւ չըսել վերածնունդ, միշտ յիշելով երէկը։

Հայկական յետին համրանքը իր բաժինն ունի երիտասարդական այս աննման կազմակերպութեան մէջ, հեռաւոր դաշտի մը վրան նետուած ըլլան անոնք թէ լերան մը ստորոտը, անխորտակելի հաւատք կը կաթի այս երիտասարդութեան աչքերէն։ Աշխատանքի, չարքաշութեան, յարատեւութեան աւիշն է որ կը յորդի իրենց երակներէն...։

Ուրիշներ, աւելի՛ բախտաւորներ, դժուար թէ յաջողէին գլուխ հանել այսքան կուռ եւ ծաւալուն կազմակերպութիւն մը, առանց պետական միջոցներու։

Անոնք որ նուիրուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի զարգացման աշխատանքին, անոնք միայն գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ հազարաւոր անդամներու ցանց մը կազմակերպել ու պահել տարիներով։ Հակառակ անհնարին դժուարութեանց, որոնց առջեւ շատոնց յուսահատած պիտի ըլլային վեհերոտ եւ նեղմիտ մարդիկ։

Այս հրաշքը կարելի եղած է գործել անոր համար, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարիչներուն եւ անդամներուն հոգին միշտ կը խայտայ գարնանային շունչով մը։

ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ

ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ

ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ

Եթէ մարմնամարզը կը ծառայէ միայն մարմնի առողջացումին, առանց նոյն ճիգը սպառելու հոգիի առողջացումին վրայ, այդ՝ առողջ ու հոգեզուրկ մարմինները ոչ թէ բարիք, այլ ճշմարիտ չարիք մը կը դառնան որեւէ ժողովուրդի համար։

Իսկ հոգին ողջ կը մնայ մարմիններուն մէջ, եթէ կա՛յ ու կը մնայ, եթէ բոլորին մէջ կþապրի՛ ու կը ստեղծագործէ այն «անտեսանելի»ն, մեր գոյութեան ու յարատեւումի այն հզօր կռուանը, ցեղային այն անյաղթ Ոգին, որ կու գայ հեռաւոր հազարամեակներու խորերէն։

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ա. ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ա. ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ա. ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Այսպէս կը ճառագայթէ սերունդ մը, որուն հոգիին մէջ հաւատքի ջահեր կան, այսպէս յաղթաքայլ ու հպատակ կþանցնի երիտասարդութիւն մը, որուն սիրտը կը տրոփէ ցեղին համար ու ցեղին ուժով։ Մենք շատ ենք, մենք ուժեղ ենք, մենք բարձր ենք։ Մենք գաղափարապաշտ ենք. հայրենասէր ենք, մենք յաղթական ենք, մեր դրօշին ծալքերուն հետ կը ծփայ մեր ոգին, մեր թոքերուն ընդերքներէն կշռոյթ կþառնէ գաղափարի մեր երգը, մեր աչքերուն մէջ կը ծփայ յաւիտենական հայրենիքին անոյշ պատկերը։ Մեր հայրենիքին, իրական հայրենիքին, որուն հարազատները մենք ենք, ու կը մնանք, նոյնիսկ այս օտար հողին վրայ։ Ահա թէ ինչու մեր տղաքն ու աղջիկները կþանցնին անտառներու խռովքով ու ծովերու փոթորիկով։ Կþանցնին յաղթական ու դղրդացնելով հողը իրենց ոտքերուն տակ, կը գոչեն։

- Ճամբա՛յ բացէք, Մենք ենք ահա...։

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ անօրինակ յաջողութիւն ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Ոչ միայն սերունդ դաստիարակեց ու հայրենիքի սէր ներշնչեց, ո՛չ միայն «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»ը տիրական դարձուց, այլեւ՝ ազգին անդամներուն մէջ եղբայրական կապ հաստատեց. կը բաւէ որ մէկը ըսէ թէ ժամանակին Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղած է, անոր հանդէպ սէր ու վստահութիւն կը տածեն իր հեռաւոր ու մօտաւոր ընկերները։ Ու այս բանը փոքր յաղթանակ մը չէ։

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. իր սկաուտութեամբ հայակերտիչ ու մարդակերտիչ միութիւն է։ Ներկա՛յ ու ներկայութիւն։ Նորոգուող ու վերանորոգուող։ Հայ ժողովուրդը շատ բան կը պարտի անոր հրաթեւ բանակին։ Թող ապրի՛ ու ապրեցնէ՛։ Թող բարձրանա՛յ ու բարձրացնէ՛։

Կարծէք հայ մկրտուեցայ հայ ժողովուրդի եւ պատմութեան դարերուն մէջ, կնքահայրութեամբ Եռագոյնին։

Պարզապէս, հա՛յ եղայ։ Այսինքն՝ գիտակցեցայ հայութեանս։

ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

...Շատ մը ուրիշ միութիւններէ աւելի նուիրական է Հ.Մ.Ը.Մ.ի կոչումը եւ կարեւոր՝ անոր կատարելիք դերը։ Անիկա նորահաս հայ սերունդին կազմակերպութիւնն է։ Միակը իր տեսակին մէջ, որ կը ձգտի վաղուան հայը պատրաստել այսօրուան հայկակներէն։ Որ կþաշխատի անոնց ջամբել հայրենասիրականին միացած ֆիզիքական, բարոյական ու հոգեկան առողջ դաստիարակութիւն մը։ Եւ որ կը հանդիսանայ անոնց ուղեցոյցը դպրոցէն դուրս, կեանքի մէջ, ուր այնքան առատ են խայծերն ու փորձութիւնները եւ այնքա՜ն այլասերող, այնպէ՛ս սպաննիչ։

ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷԼԵԱՆ

ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷԼԵԱՆ

ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷԼԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. միայն իր զինուորեալներու էութեան մէջ չէ, այլ՝ մեր ապրող ժողովուրդի յաւիտենապէս երիտասարդ՝ չափահաս ու ալեւոր սերունդներուն մէջն է, զինք ծնող ու ապրեցնող ոգիով, հաւատքով, անսահման նուիրումի պատրաստակամութեամբ։ Համազգային տրոփումով հանրային մեր կեանքը ակօսող բոլո՛ր կազմակերպութիւնները միջոց եւ օժանդակ կը դառնան ապրեցնելու մեր անհատական արժէքները, դարձնելով զանոնք ընդհանրական ճիգ ու վաստակ։ Հ.Մ.Ը.Մ., բազմաճիւղ եւ բազմագոյն այդ միութիւններուն մէջ հանդիսացաւ թերեւս գաղափարական այն միա՛կ հաստատութիւնը, որուն արմատները ամէնէն աւելի խոր թաղուեցան ու տարածուեցան հայ հոգիին մէջ։

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր մեր մարզական եւ սկաուտական շարժումները ազգայնացուց, եւ այդ պատճառով հայ ազգը ինքզինք հարազատ կը զգայ այս միութեան։

Տղաք, Հ.Մ.Ը.Մ.ը երբ հազարներով կը տողանցէ, հայ ժողովուրդը ձեր մէջ կը տեսնէ հայկական բանակը, անկախութիւնը եւ զայն խորհրդանշող Եռագոյնը։ Անոնք ձեր մարզական մրցանիշներով եւ յաղթանակներով շատ ալ չեն հետաքրքրուիր, այլ անոնք ձեզ կը տեսնեն ուխտաւորները այն բանակին, որ զինուորն է հայոց պայքարին, որուն նպատակն է հայ մնալ եւ հետապնդել Ազատ, Անկախ Հայաստան ստեղծելու իտէալը։

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոչ թէ առաքելութիւն ունի, այլ առաքելութիւն է, հայածնունդ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն փոխանցելու համար ազգային միութեան ապրում մը, ոչ թէ խօսքով, այլ մարզական դաշտի վրայ, սկաուտական խումբի մէջ, օրերով միասին ապրուած բանակումի ընթացքին։ Յուշերը կը պատկանին մեզի, բայց անոնք իրաւունք չեն երբ պէտք է գործել։ Գործն է, երբ կը բացուի ապագային վրայ, երբ լուծումները կը գտնէ ներկային մէջ, որ ծնունդ կու տայ իրաւունքին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուշ-յիշատակը անպայման պէտք է պահել, սակայն այդ ընելու լաւագոյն եղանակը դեղնած թուղթերու թերթատումը չէ, այլ կենդանի մարզական կեանքը, տեւաբար աճող ու հայութեամբ բաբախող սկաուտական կեանքը։

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Մեծ է դերը Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Այդ դերը լաւ ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ազգային բարձր գիտակցութիւն, այսինքն մեր ուժերուն, մեր արժէքին, մեր ընթացքին եւ նպատակին պայծառ ըմբռնում։ Յարգանք, պատկառանք եւ տեղը այս աշխարհի մէջ՝ ուժով կը ստացուի, կը պարտադրուի եւ կը ներշնչուի։ Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին։

Կը հետեւի թէ Հ.Մ.Ը.Մ. ազգային հիմնարկութիւն է, եւ այս կցորդ գաղափարներէն ազգայինն է հիմնականը, հանրութեան համակրութիւնը ատով է պայմանաւոր եւ ատոր մէջ է հանրային արժէքը։

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» ազնուագոյն սկզբունքով ճամբայ ելած Հ.Մ.Ը.Մ.ը միայն պատկեր մը չէ, գունաւոր շապիկ, գուլպայ, փողկապ կամ սուլիչ չէ, դաշտերուն վրայ մարդ խանդավառող դերասան չէ, զօրաւոր մկանով մարզիկը չէ ան միայն, որովհետեւ այդ բոլորը ուրիշ ժողովուրդներ ալ ունին, աւելի կազմակերպուած՝ անշուշտ, աւելի հրապուրիչ գոյներով եւ միջոցներով։ Հայերուս համար սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայաստան է։ Հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով։ Գաղթաշխարհի հայութիւնը արթուն պահող ուժն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Գաղութէ-գաղութ կամուրջ կապած ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ Է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

Մարզանք, մրցում, մրցանակ, խլուած բաժակներ, բանակում՝ երկրէ երկիր, ոգեւորութիւն՝ հոգիէ հոգի, իր ներկայութեան, իր անցքէն ետք՝ միշտ երիտասարդութիւն։ Այդ ամէնուն մշտանորոգ աղբիւրն է, այդ ամէ՛նքն է այս միութիւնը եւ հայ միութիւն մը ըլլալուն՝ աւելին է այդ ամէնքէն։ Պարզ արձանագրութեամբ անդամ չեն ըլլար անոնք, ուխտը պայման է եւ ուխտագրին առաջին յօդուածը կազմուած է մեզի համար վիմական ամրութիւն ունեցող «Ազգիս ու հայրենիքիս» վրայ։

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

«Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը» տիտղոս մըն է, պատուաբեր տիտղոս մը, համալսարանական տիտղոսի մը չափ արժէքաւոր։ Ինչ որ հայ պատանին կը սորվի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, չի՛ կրնար սորվիլ ուրիշ որեւէ տեղ։ Վեհանձնութիւն, ընկերասիրութիւն, հայու նախանձնախնդրութիւն եւ մարդկային ու ընկերային այլ արժէքներ։ Այս արժէքները կը դառնան հայ երիտասարդին վահանը կեանքի յոռի ազդեցութիւններուն դէմ, եւ երբ ան չափահաս դառնայ, պատրաստ կþըլլայ կեանքը դիմագրաւելու եւ զայն վարելու ամենայն պարկեշտութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ։

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Մեր այբուբենին մէջ ամէնէն աւելի սիրեցի Հ. գիրը, որով կը սկսէին Հայը, Հայկը, Հայրենիքը, Հայաստանը, Համազասպը, որմէ պիտի ծնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հալէպի մէջ։ Վերջինն ալ Հ-ով կը սկսէր։ Հպարտութիւնը ինքն ալ կը սկսէր զինք բնորոշող տառով։

Իրաւունք ունէր բանաստեղծը (Վահան Թէքէեան) ըսելու որ մենք հացի, օդի ու ջուրի չափ պէտք ունինք հպարտութեա՛ն։

Տարածենք