Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական առաջին համագումարը տեղի ունեցած է 18-21 Փետրուար 1982, Աթէնք։ Համագումարին գլխաւոր օրակարգը եղած է սկաուտական ընդհանուր կանոնագրութեան մշակումը եւ համագաղութային բանակումներու յատուկ ծրագիրներու պատտրաստութիւնը։ Համագումարը քննած է նաեւ սկաուտական շարքերու ազգային գիտելիքները ներդաշնակող դաստիարակչական յատուկ ուղեցոյց մը, որուն կիրարկումը վստահուած է շրջաններուն, ըստ տեղական պայմաններուն եւ կարելիութիւններուն։

Երկրորդ համագումարը կատարուած է 26 Յունիսէն 5 Յուլիս 1988, Քալիֆորնիա։ Դաստիարակչական բազմաթիւ հարցերու քննութեամբ ծանրաբեռնուած համագումարին օրակարգը յատկանշուած է սկաուտական եւ ազգային-պահանջատիրական նիւթեր արծարծող տասնեակ մը դասախօսութիւններու ներկայացումով։

Երրորդ համագումարը տեղի ունեցած է 14-23 Դեկտեմբեր 1996, Սիտնի։ Համագումարը առաւելաբար զբաղած է սկաուտական դասագիրքերու պատրաստութեամբ։ Համագումարը քննած է նաեւ միութեան զանազան շրջաններու սկաուտական աշխատանքները համադրելու եւ անոնց յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու կարելիութիւնները։

Չորրորդ համագումարը, ութը տարուան ընդմիջումէ ետք, կատարուած է 9-14 Օգոստոս 2004, մայր հայրենիքի մէջ՝ Ծաղկաձոր։ Համագումարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարած է միութեան սկաուտութեան պարզած իրավիճակին եւ օրուան պահանջներուն լոյսին տակ՝ ծրագիրներ առաջադրած է սկաուտական շարքերու ազգային-միութենական դաստիարակութեան ամրապնդման համար։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ 

Հինգերորդ համագումարը տեղի ունեցած է 24-29 Օգոստոս 2008, Ծաղկաձոր։ Համագումարը քննած է սկաուտական «Վկայեալ» եւ «Արարատեան» կարգերու գիտելիքները, ճշդած է միութեան խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքին նիւթերը եւ պատրաստած է մոկլիներու գործունէութեան ծրագիր։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան, «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններու ներկայացուցիչները։

Վեցերորդ համագումարը տեղի ունեցած է 20-24 Օգոստոս 2012, Ծաղկաձոր։ Համագումարը վերամշակած է միութեան սկաուտական կանոնագրութիւնը եւ ցարդ օգտագործած դասագիրքերը։ Քննարկուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան կատարելիք աշխատանքները եւ ազգային-ընդհանրական մտահոգութիւն ներկայացնող զանազան հարցեր։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան, «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններու ներկայացուցիչները։

Եօթներորդ համագումարը կատարուած է 27-31 Յուլիս 2016, Երեւան։ Համագումարը նախապատրաստած է միութեան 100-ամեակի աշխատանքները, քննած է սկաուտական դասագիրքերու օգտագործման ձեւերը, Արարատեան կարգի կիրարկման պայմանները եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումի կազմակերպման կապուած հարցեր։ Համագումարին մասնակցած է Իրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։

Ութերորդ համագումարը փոխարինող խմբապետական առցանց համագումարը կատարուած է 25 Յուլիս եւ 1 Օգոստոս 2020-ին, մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 27 շրջաններու եւ Իրանի «Արարատ», «Նայիրի» եւ «Սիփան» կազմակերպութիւններու 67 բարձրաստիճան խմբապետներու։ Համագումարը քննած է սկաուտական «Արարատեան» կարգի նիւթերը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ ընդհանուր բանակումի կապուած առաջարկներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան տեսլականը։

Տարածենք