Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը «Յառաջ նահատակ»ն է, հայ կամաւորական գունդերու քայլերգը, զոր գրած է Գէորգ Կառվարենց, իսկ դաշնաւորած է Բարսեղ Կանաչեան։
Կառվարենց ծնած է 1882-ին, Թուրքիա։ Ուսուցչական ասպարէզը ընդգրկելով, ան կը դասաւանդէ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Միաժամանակ կը գործէ եւ կը ստեղծագործէ իբրեւ բանաստեղծ-գրագէտ եւ խմբագիր-մտաւորական։
1938-ին ան կ’անցնի Յունաստան, ուր կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որուն իտէալներուն մեծ հաւատացող մը կ’ըլլայ։ Հեղինակ է բանաստեղծական չորս ժողովածուներու. «Ծովեր», «Գերեզմանի ծաղիկներ», «Տաւիղ Եւոլեան» եւ «Ճակատագրիս ճանկերուն մէջ»։ Կը մահանայ 1946-ին։
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է 1885-ին, Ռոտոսթօ։ Փոքր տարիքին կը փոխադրուի Պուլկարիա եւ ապա՝ Ռումանիա, ուր կ’ուսանի երաժշտութիւն եւ դաշնակ նուագել։ Կ’աշակերտէ Կոմիտաս Վարդապետին եւ անոր շունչին տակ կը կատարելագործէ երաժշտագիտական իր հմտութիւնը։ Շրջան մը կը մեկնի Փարիզ՝ երաժշտական բարձրագոյն ուսում ստանալու համար։ Կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ «Գուսան» երգչախումբը, որուն հետ ելոյթներ կ’ունենայ Կիպրոս, Պէյրութ եւ այլուր։ Կը մահանայ Պէյրութ, 1967-ին։
Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ,
Վեց դարու անմոռ վրէժի զրահներ,
Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն,
Երթանք կոթողել դրօշակն եռագոյն:
Հսկայ նուիրման Տորմիղ հրաթեւ,
Կամաւոր բանակ,
Յառա՜ջ, յառաջ անսասան,
Յառա՜ջ անդեդեւ
Դէպի յաղթանակ, յաղթանակ:
Վատին սեւ արիւն մեր հողն ոռոգեց,
Տարագիր հայն իր կեանքը նորոգեց,
Երէկ՝ շղթայուած, այսօր՝ ինքնավար,
Յարեալ վեհօրէն դամբանէն խաւար:
Հսկայ նուիրման Տորմիղ հրաթեւ,
Կամաւոր բանակ,
Յառա՜ջ, յառաջ անսասան,
Յառա՜ջ անդեդեւ
Դէպի յաղթանակ, յաղթանակ: