Հ.Մ.Ը.Մ.ը Ծրագիր-Կանոնագիր մը ունենալու բնական պահանջը կը զգայ իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք, ի տես օրէ օր բազմացող մասնաճիւղերու թիւին։ Անհրաժեշտ կը զգացուի մասնաճիւղեր-կեդրոն յարաբերութիւնները ամուր հիմերու վրայ դնել եւ նորեկ անդամներու միութեան շարքեր անդամակցութեան ընթացքը ճշդել։ Առ այդ, այս նպատակին համար կը կազմուի եռանդամ մարմին մը՝ գլխաւորութեամբ Յ.Ճ. Սիրունիի, մասնակցութեամբ՝ Գրիգոր Յակոբեանի եւ Տիգրան Խոյեանի։
Ծրագիր-Կանոնագիրի խմբագրութեան գլխաւոր աշխատանքը կը կատարէ Յ.Ճ. Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան), ազգային-հասարակական կեանքի փորձառու անձ, դիւանական գործունէութեան քաջածանօթ մարդ եւ «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագիր։
Միութեան անդրանիկ Ծրագիր-Կանոնագիրը կը բաղկանայ 66 յօդուածներէ եւ յետ քննարկման ու մշակման կը վաւերացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի չորրորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, որ տեղի կ’ունենայ 19 Յունիս 1921-ին, Պոլիս։
Անդրանիկ Ծրագիր-Կանոնագիրին հետ կը մշակուի նաեւ միութեան սկաուտական առաջին կանոնագիրը, որ կը բաղկանայ 33 յօդուածներէ։
Հետագային, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրը եւ սկաուտական կանոնագիրը կը վերամշակուին միութեան արտասահմանի առաջին Պատգամաւորական Ժողովին, Փարիզ, 1931-ին։
Արդի ժամանակներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրը ամբողջական վերամշակման կ’ենթարկուի եւ կը հաստատուի միութեան համագաղութային կառոյցը ստեղծող առաջին Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Պէյրութ, 1974-ին։ Այնուհետեւ, ան բարեփոխումներու կ’ենթարկուի 9 առիթով։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագիրը ներշնչուած է միութեան անգիր ոգիէն եւ ժողովրդավար սկզբունքներէն, որոնք կը կազմեն բարոյական ամրակուռ վէմը երիտասարդական գաղափարապաշտ մեր կազմակերպութեան», կը հաստատէ Ծրագիր-Կանոնագիրին ներածական խօսքը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայ Ծրագիր-Կանոնագիրը կը բաղկանայ 143 յօդուածներէ, որոնք վերջին անգամ հաստատուած են Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, Հայաստան, 2019-ին։