Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանակը մտայղացումն է Ստեփան Ակայեանի։ Շրջանակաձեւ նշանակին կեդրոնը տեղ գտած են զոյգ Մասիսները, որոնց մէջէն կը ծագի արեւը։ Լեռներու ստորոտէն եւ Արարատեան դաշտի մէջէն կը հոսի Արաքս գետը։ Շրջանակին շուրջը, արտաքին շրջանակի մը մէջ, վերի կողմը արձանագրուած է «Բարձրացիր», իսկ վարի կողմը՝ «Բարձրացուր»։
Մասիսները խորհրդանիշն են մեր ժողովուրդի վեհութեան, անմահութեան եւ անսասան հաւատքին։
Գետը մեր պապերուն թափած արիւնն է, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան։
Արեւը ապագայ սերունդներն են, որոնք երջանիկ օր մը պիտի լուծեն թափուած արեան վրէժը՝ ի խնդիր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին։
Նշանակը առաջին անգամ հրապարակուած է «Հայ սկաուտ» թերթի 1 Յունուար 1920-ի թիւին կողքին վրայ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ ան որդեգրուած է 1919-ի ամրան կամ աշնան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ական իւրաքանչիւր արի, արենոյշ, երէց եւ պարմանուհի իր գլխարկին վրայ կը կրէ միութեան նշանակը։