ԱԲՐԱՀԱՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ԱԲՐԱՀԱՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ԱԲՐԱՀԱՄ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Հալէպահայ մարզական կեանքի առաջին սերունդի յիշատակելի դէմքերէն է «Սուրիոյ ֆութպոլի հայրը» եւ թենիսի երկարամեայ ախոյեանը՝ եղբ. Աբրահամ Քէշիշեանը, ծանօթ «Այրանճին»։

Եղբ. Աբրահամ Քէշիշեան ծնած է 1920-ին, Մարաշ։ Դեռ երեխայ, կը տեսնէ թուրքին վայրագութիւնը, հայ կարաւաններու գաղթը, հայուն ջարդը։ Բայց «բախտը կ’ունենայ» ապրելու։

1923-ին, ընտանիքին հետ կ’անցնի Հալէպ։ Կը յաճախէ Սուլէյմանիէի հայ կաթողիկէ վարժարանը։ Ծնողքին նիւթական անձուկ պայմանները սակայն պատճառ կ’ըլլան, որ ան ուսումը կիսատ ձգէ եւ կանուխէն նետուի գործի ասպարէզ եւ գրեթէ միաժամանակ մուտք գործէ ֆրանսական բանակի զինուորական նուագախումբին բաժինը։

Պատանեկան կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ եղբ. Աբրահամ առիթը կը գտնէ հետեւելու իր սիրած մարզախաղին՝ ֆութպոլին։ Նախ կը խաղայ «Լիկա»յէն, 1936-1939 թուականներուն։ Ապա, տարի մը՝ «Վասպուրական»ի Բ. խումբէն խաղալէ ետք, 1941-ին կ’անցնի Ա. խումբ, ուր իբրեւ յետսապահ կը յայտնաբերէ բացառիկ կարողութիւններ։

«Վասպուրական»ի եւ ֆրանսական բանակի «Քաթրիէմ Պաթայոն»ին հետ խաղալով հանդերձ, ան յաճախ կը հրաւիրուի մաս կազմելու Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ամէն անգամ որ վերջինը կը մրցի օտար խումբերու դէմ։ Բայց դեռ երազին չէր հասած ան։ 1941-ին ան կը ձգէ բանակը եւ կը մտածէ անցնիլ Պէյրութ՝ յաջողութեան բանալին գտնելու յոյսով։ Սակայն կը մնայ Հալէպ՝ տեղական «Իւնիոն Սփորթիվ» խումբին տուած խոստումներուն շնորհիւ։ Երկու տարի կը խաղայ «Իւնիոն Սփորթիվ»էն։

Այս միջոցին ան կը մերժէ Պրազիլ մեկնելու եւ ֆութպոլ խաղալու Պէյրութի պրազիլական հիւպատոսարանին առաջարկը։ Մեծանուն ֆութպոլիստը մաս կը կազմէ նաեւ Հալէպի խառն խումբին եւ Սուրիոյ ազգային խումբին։ Ան բազմիցս կը հրաւիրուի Պէյրութ, ուր կը խաղայ D.P.H.B.էն եւ «Անդրանիկ»էն, երբ այս խումբերը կը մրցին օտար կազմերու դէմ։

1944-1956 եղբ. Աբրահամ կը խաղայ եւ կը մարզէ «Վասպուրական»ի խումբը։ Շրջան մը ան կը մարզէ նաեւ Հալէպի երկաթուղիի ընկերութեան ֆութպոլի խումբը։ 1950-ական թուականներուն, ֆութպոլի մարզախաղին 30 տարուան նուիրումին համար, ան կ’արժանանայ «Սուրիոյ ֆութպոլի հայր»ը կոչումին։

Լաւ մարզիկը նաեւ լաւ մարզիչ էր։ Եղբ. Աբրահամ երկար տարիներ կը մարզէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը եւ զայն կը հասցնէ պատուաբեր յաջողութիւններու։

Անուանի ֆութպոլիստ մը ըլլալու կողքին, եղբ. Աբրահամ մեծ համբաւ, փառք եւ ախոյեանական տիտղոսներ կ’ապահովէ թենիսի աշխարհին մէջ, իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ։ Արդարեւ, երկար տարիներ ան կը տիրանայ Հալէպի եւ Սուրիոյ ախոյեանութիւններուն։ 1964-ին, Տիգրան Քիլոյի հետ ան կը շահի թենիսի Սուրիոյ տղոց զոյգի ախոյեանութիւնը։ 1971, 1972, 1973 եւ 1974 տարիներուն, յաջորդաբար, Մարի Մուրատեանի կողքին, ան կը տիրանայ Սուրիոյ խառն զոյգի ախոյեանութեան, իսկ 1977-ին, Շիւքրի Սրուրեանի կողքին՝ Սուրիոյ տղոց զոյգի ախոյեանութեան։ Իր հարուստ փորձառութեամբ, եղբ. Աբրահամ մեծ ներդրում կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Սեդա Մարկոսեանի, Վաչէ Մակարեանի, Դաւիթ Դաւիթեանի եւ այլ երիտասարդներու մարզումին մէջ։

Եղբ. Աբրահամ եղած է նաեւ թենիսի մարզիչը Հալէպի սպայից ակումբին եւ բազմիցս արժանացած է Սուրիոյ մարզական գործադիր մարմինի գնահատանքին։ Ան մաս կազմած է նաեւ Սուրիոյ թենիսի ֆետերասիոնին։ Միաժամանակ, իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ, երեք տասնամեակ պաշտօնավարած է Ազգ. Քառէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։

Եղբ. Աբրահամ Քէշիշեան կը մահանայ 2003-ին, Հալէպ։

Տարածենք