ԱԲՕ ՆԷՆԷՃԵԱՆ

ԱԲՕ ՆԷՆԷՃԵԱՆ

ԱԲՕ ՆԷՆԷՃԵԱՆ

«Պզտիկ Աբօ»ն կամ Աբօ Նէնէճեանը մէկն է Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզաշխարհի այն աստղերէն, որ Լիբանանի երկնակամարին վրայ փայլեցաւ 1960-ական եւ 1970-ական տարիներուն, լիովին մարմնաւորելով միութեան «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանը։ Ան իր խմբակիցներուն հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի փառաւոր պատմութիւն կերտեց եւ այդ պատմութեամբ իր ժողովուրդին տուաւ յաղթանակներու բերկրանք ու պարծանք։

Եղբ. Աբօ մարզական իր առաջին քայլերը առած է «Եփրատ» Պատանեկան Միութեան ֆութպոլի խումբին մէջ եւ իր լաւ խաղարկութեամբ ուշադրութիւնը գրաւած է շատերուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուները զինք հրաւիրած են կրտսերներու խումբ, որուն լաւագոյն խաղացողները կը փոխանցուէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչական խումբ:

1965-ին, եղբ. Աբօ եւս կը փոխանցուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առաջին խումբ եւ իրեն կը վստահուի խումբին միջնապահ դիրքին ծանր ու դժուարին պատասխանատուութիւնը, զոր պատուով կը կատարէ եւ կը հասնի յաջողութիւններու: Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, եղբ. Աբօն բացառիկ խաղարկութեամբ տիրական ներկայութիւն կը դառնայ ֆութպոլի մարզադաշտերուն վրայ՝ հեղինակը դառնալով բազմաթիւ յաղթանակներու: 1969-ին, եղբ. Աբօ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին հետ կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ 1970-ին Լիբանանը կը ներկայացնէ Ասիոյ ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, Թեհրանի մէջ։ Օրին, խումբը կը գրաւէ ախոյեանութեան երրորդ դիրքը՝ մերժելով խաղալ Իսրայէլի խումբին դէմ։

Մարզիկի խստապահանջութիւնը, ինքնավստահութիւնը, միշտ յաղթելու զօրաւոր կամքը եւ մարզադաշտերուն վրայ տիրապետող իր խաղարկութիւնը, պատճառ կը դառնան, որ ան սէրն ու յարգանքը վայելէ ո՛չ միայն իր խաղընկերներուն, այլեւ՝ իր պատասխանատուներուն, համակիրներուն եւ նոյնիսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մրցակից խումբերուն: Եղբ. Աբօ բարի, համեստ եւ ընկերասէր անձնաւորութիւն մըն էր, չափազանց ուշադիր ու սիրալիր իր խումբի մարզիկներուն նկատմամբ:

Ֆութպոլի մարզէն ներս մեծ ապագայ կը սպասուէր բոլորին ծանօթ «Պզտիկ Աբօ»էն, սակայն ափսո՜ս, ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, ծունկէն ծանրօրէն վիրաւորուելով, երիտասարդ տարիքին ան կամքէ անկախ կը հեռանայ կանաչ մարզադաշտերէն եւ իր այնքան սիրած խաղընկերներէն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, 1980-ականներու սկիզբը, եղբ. Աբօն ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Լոս Անճելըս: Հազիւ տեղաւորուած եւ հանգիստ կեանքի մը սկիզբը դրած՝ քաղցկեղի անողոք հիւանդութիւնը բոյն կը դնէ իր մարմինին մէջ՝ մեծ ցաւ պատճառելով իրեն, ընտանիքին ու ընկերներուն: Անտեսելով հիւանդութեան լրջութիւնը՝ ան երբեք չի յուսահատիր եւ միշտ լաւատեսութեամբ կը նայի ապագային: Հակառակ ծանր գործողութիւններու ենթարկուած ըլլալուն, ան կը վերադառնայ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ 1984-ին, նախկին խմբակիցներու հետ, կը նախաձեռնէ Լոս Անճելըս հաստատուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի նախկին ֆութպոլի մարզիկներու համախմբումին։

1993-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Առաջին խումբի նիւթական նեղ պայմաններուն մասին իմանալով, եղբ. Աբօ ընկերներուն հետ կը կազմակերպէ հանգանակային ձեռնարկ մը եւ գոյացած գումարը կ’ուղարկէ Լիբանանի իր մարզիկ ընկերներուն: Աւելին, 2001-ին, դարձեալ համախմբելով վեթերան ֆութպոլիստները, ան կը մասնակցի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. Մարզախաղերուն, Լիբանանի մէջ, գեղեցիկ անցեալի վերապրումի յիշատակելի պահեր պարգեւելով ֆութպոլի վեթերան մարզիկներուն:

Եղբ. Աբօ եղաւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ բոլոր դժուարութիւնները անտեսելով, անկարելին կարելիի վերածելով, համեստութեամբ եւ առանց ակնկալութեամբ ծառայեց իր սիրած միութեան՝ անմահացնելով իր յիշատակը:

Եղբ. Աբօ Նէնէճեան մահացաւ 17 Հոկտեմբեր 2013-ին։

Տարածենք