ԱԼՊԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԱԼՊԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԱԼՊԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին հիմնադրութեամբ միութեան Լիբանանի կառոյցին ստեղծիչն է եղբ. Ալպէր Յակոբեան, իրեն բախտակից եղբ. Յարութիւն Պէօյիւքեանի հետ։

Եղբ. Ալպէր Յակոբեան ծնած է 1904-ին, Պոլիս, Սամաթիոյ Ենի Մահալլէն (Նոր թաղ) շրջանը։ Նախնական ուսումը ստացած է Սամաթիոյ Սահակեան Վարժարանը, Գարեգին Խաժակի տնօրէնութեան օրերուն։ 1915-1918 ան յաճախած է Ազգ. Կեդրոնական Վարժարան։

Դեռ պատանի, ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սամաթիոյ մասնաճիւղին, որուն հիմնադիրը եղած է Հայկ Ճիզմէճեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ գործունէութեան դադրեցումէն ետք, 1923-ին, եղբ. Ալպէր կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր Բերա Շիշլիքի մասնաճիւղէն եղբ. Յարութիւն Պէօյիւքեանի հետ կը մտածէ հիմնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին մասնաճիւղը Լիբանանի մէջ։ Շուտով անոնց կը միանայ խանդավառ երիտասարդութիւն մը՝ կազմելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղը։

Մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը տեղի կ’ունենայ Հայկ Պուտագեանի շապկագործարանը։ Հիմնադրութենէն ետք, եղբ. Ալպէր ճիգ չի խնայեր եւ հանգիստն ու աշխատանքի ժամերը զոհելով կը լծուի մասնաճիւղին աթլեթիզմի եւ ֆութպոլի խումբերու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ՝ վարչական պատասխանատու աշխատանքներու։ 1924-1928 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի առաջին երկու վարչութիւններուն, իսկ այնուհետեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան յաջորդական կազմերուն՝ 1931-1933, 1937-1947 եւ 1951-1954։

Աւելի քան երեսուն տարի կազմակերպչական սպառիչ գործին նուիրուելէ ետք, եղբ. Ալպէր 1954-էն սկսեալ կը դադրի պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելէ, սակայն նիւթական իր օժանդակութիւններով կը շարունակէ սատար կանգնիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին։

Իր երկարամեայ նուիրումին եւ վաստակաշատ գործունէութեան համար, եղբ. Ալպէր 17 Դեկտեմբեր 1980-ին կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, եղբ. Ալպէր Յակոբեան կը մահանայ 14 Ապրիլ 1984-ին։

Տարածենք