ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սփիւռքեան ղեկավարութեան երկրորդ սերունդի հաւատաւոր ներկայացուցիչներէն է եղբ. Անդրանիկ Ուրֆալեան, որ ծնած է 1923-ին, Մուսա լերան Քէպուսիէ գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը գիւղին վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, ան հինգ տարի ուսանած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց Վարժարանը՝ Յակոբ Օշականի, Թորգոմ Վրդ. Մանուկեան, Եղիշէ Վրդ. Դուրեանի եւ մեծանուն այլ դաստիարակներու շունչին տակ։

Երուսաղէմէն վերադարձին, եղբ. Անդրանիկ նետուած է կրթական ասպարէզ եւ 44 տարի ծառայած է հայ դպրութեան, 6 տարի իբրեւ ուսուցիչ, իսկ 38 տարի՝ տնօրէն։ 1942-1948, ան պաշտօնավարած է Այնճարի Ազգ. Յառաջ վարժարանին եւ Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանին մէջ։ 1948-1953 ան ստանձնած է Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան (քաղաք) եւ Խրիմեան (Մինա) վարժարաններուն տնօրէնութիւնը։ Այնուհետեւ, ան 33 տարի վարած է Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասի Ազգ. Լուսինեան, ապա Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։

Եղբ. Անդրանիկ Ուրֆալեան Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութիւն ծաւալած է նախ՝ Դամասկոսի, ապա Պուրճ Համուտի մէջ։ 1960-1969, ամբողջ տասնամեակ մը ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան եւ իր բոլորանուէր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մասնաճիւղերու ղեկավարման պատասխանատու աշխատանքին։ Մասնակցած է բազմաթիւ Ներկայացուցչական Շրջանային Ժողովներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ե. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Աթէնք, 1991-ին։

Կրթական իր ասպարէզին կողքին, եղբ. Անդրանիկ Ուրֆալեան ունեցած է ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Ան կանուխէն մաս կազմած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն։ Եղած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ ներկայացուցիչ։ 1967-1972 ան մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին։ Եղած է հրապարակագիր եւ փնտռուած դասախօս։ Երկար տարիներ աշխատակցած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին։

1989-ին, եղբ. Անդրանիկ Ուրֆալեան հաստատուած է Լոս Անճելըս, Մ. Նահանգներ, ուր մահացած է 2006-ին։

Տարածենք