ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ

ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ

ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանի եւ յատկապէս Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի արդի պատմութեան երախտաշատ ու վաստակաշատ դէմքերէն եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան ծնած է Թորգոմ եւ Ալիս Թորգոմեաններու ընտանեկան հայաշունչ յարկին տակ, 8 Մարտ 1967-ին, Արժանթին։ Ան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանը։

Փոքր տարիքէն ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հէնտպոլի խումբին հետ ան հասած է մինչեւ ֆետերասիոնի առաջին մակարդակի ախոյեանութիւն։

Ծառայասէր, համեստ ու աշխատասէր եղբ. Արմանտօ եղած է Պուէնոս Այրէսի երիտասարդական վարչութեան ատենապետ։ Ապա, մասնաճիւղի վարչական եւ այնուհետեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամակցութեան կողքին, եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան եղած է հաւատաւոր դաշնակցական։ Խոնարհ ու «անկեղծ զինուոր» հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին։ Ան եղած է Հ.Յ.Դ. Պուէնոս Այրէսի կոմիտէի ու ապա՝ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ Ան մաս կազմած է նաեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգ. Խրիմեան վարժարանի խնամակալութեան։

Իբրեւ մարզիկ եւ պատասխանատու, եղբ. Արմանտօ մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բազմաթիւ մարզախաղերու, խորհրդաժողովներու եւ հանդիպումներու՝իր ողջմիտ կեցուածքներով եւ շրջահայեաց մօտեցումներով արժանանալով բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին։ Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տասներկու Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներէն եօթնին։ 11-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2015-ին, ան ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ չորս տարի ետք՝ 2019-ին վերընտրուած է քառամեայ նոր շրջանի մը համար, մաս կազմելով Կեդրոնական Վարչութեան մարզական եւ երիտասարդական յանձնախումբերուն։

Եղբ. Արմանտօ ամուսնացած է եւ բախտաւորուած մանչ զաւակով մը՝ Արամ։

Եղբ. Արմանտօ կեանքէն կը հեռանայ 24 Օգոստոս 2021-ին, ուղեղային անակնկալ կաթուածի հետեւանքով ութը օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք։

Յետ-մահու ան կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Տարածենք