ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ
ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Սուրիոյ բոլոր ժամանակներու անկրկնելի ֆութպոլիստներէն մէկն է եղբ. Արտաւազդ Մանուկեանը՝ ծանօթ «Արտօ» անունով։ Մէկը, որ օրին արժանացած է Սուրիոյ «ֆութպոլի թագաւորը» կոչումին։
Եղբ. Արտաւազդ Մանուկեան ծնած է 1912-ին, Խարբերդ։ 15 տարեկանին ան ֆութպոլ խաղալ սկսած է թաղային խումբերէ։ Իր խաղընկերները եղած են Անդրանիկ Ծառուկեանը եւ Մանուկ Թոնդեանը (հետագային Տէր Վրթանէս)։ Շուտով ան ուշադրութիւնը գրաւած է «Իւնիոն Սփորթիւ» խումբին, որուն պատասխանատուները զայն հրաւիրած են իրենց կազմին հետ միանալու։
Տարի մը մարզուելէ ետք, 1928-ին ան ընդունուած է «Իւնիոն Սփորթիւ»ի առաջին խումբէն ներս։ 1930-ին փոխադրուած է Պէյրութ, իբրեւ ուսանող Միսիոն Լայիք Կրթական Հաստատութեան։ Ուսանողական տարիներուն ան խաղացած է «Ռընեսանս» խումբէն։ Մաս կազմած է նաեւ ուրիշ խումբերու։
Այդ տարիներուն, Լիբանան տակաւին ֆութպոլի ֆետերասիոն չունէր եւ մարզիկ մը կրնար խաղալ բոլոր խումբերու հետ։ Այսպէս, Փիէր Ժեմայէլ բազմիցս զայն տարած է Ժեզուիթներու խումբը, որուն յետսապահն էր Շարլ Հըլուն, Լիբանանի ապագայ նախագահը (1964-1970)։ Շրջան մը ան հրաւիրուած է նաեւ Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ։
Ֆութպոլի զուգահեռ, եղբ. Արտաւազդ զարգացուցած է թենիսը եւ 1934-1940 հանդիսացած է թենիսի Հալէպի բոլոր ճիւղերու ախոյեան։ Մասնակցած է նաեւ աթլեթիզմի մրցաշարքերու։
1942-ին, մեծանուն ֆութպոլիստը, թենիսի նշանաւոր ախոյեանը եւ անուանի աթլէթը մարզական աշխարհին հրաժեշտ կու տայ իր փառքի գագաթնակէտին, թենիսի ախոյեանական 17 բաժակներու եւ աթլէթի 38 մետալներու տիրանալէ ետք։
Այնուհետեւ ան կ’ապրի լուսարձակներէ հեռու եւ իր մահկանացուն կը կնքէ Պէյրութի մէջ, 7 Սեպտեմբեր 1984-ին։