ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Եղբ. Թորիկեան կը նկատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սփիւռքեան գործունէութեան երկրորդ սերունդի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը, որուն վիճակուած էր, հաւատաւոր այլ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու պատասխանատու աշխատանքը։ Ան ծնած էր Հալէպ, 1931-ին եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած էր Լիբանան։
Եղբ. Թորիկեան Հ.Մ.Ը.Մ.ին մաս կը կազմէ 1943-ին, Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանի աշակերտութեան օրերուն, հանրածանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Լեւոն Աբգարեանի շնորհիւ։ Այնուհետեւ, ընտանեօք ան կը փոխադրուի Ճիւնի, ուր 1951-ին կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն։ Մինչեւ 1957 մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի մասնաճիւղի յաջորդական վարչութիւններուն, ապա Պէյրութ հաստատուելով՝ վարչական գործունէութիւնը կը շարունակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ, 1958-1968 ստանձնելով մասնաճիւղին վարչութեան ատենադպրութեան պաշտօնը։
Եղբ. Բիւզանդ Թորիկեանի նախասիրութիւնը եղած է աթլեթիզմը։ Ան տիրացած է աթլեթիզմի միջազգային իրաւարարի տիտղոսին։ Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ, 1965-ին եղած է լիբանանեան աթլեթիզմի ֆետերասիոնի հիմնադիր անդամներէն մէկը, նաեւ՝ գլխաւոր հիմնադիրներէն ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն։
1969-ին, եղբ. Բիւզանդ Թորիկեան ընտրուած է անդամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան, որ օրին կը նկատուէր միութեան գերագոյն մարմինը, տրուած ըլլալով որ ան կը ղեկավարէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի մասնաճիւղերը։ 1969-1974 Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան մաս կազմելէ ետք, 1974-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգմաւորական առաջին Ընդհանուր Ժողովին, եղբ. Բիւզանդ Թորիկեան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Հետագային, ան կը վերընտրուի 1979-ին եւ 1983-ին։ Այսպէս, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային բարձրագոյն մարմիններուն մաս կը կազմէ 1969-1987՝ 18 տարի անընդմիջաբար։ 1999-ին, չորս տարուան համար, ան դարձեալ կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ կը վարէ միութեան ատենապետի պաշտօնը։
1990-ականներու սկիզբը, եղբ. Բիւզանդ Թորիկեան կը լծուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայանուէր գործունէութեան պատմագրութեան աշխատանքին եւ չորս հատորով կը հրատարակէ միութեան պատմութիւնը՝ նախահիմնադրութեան հանգրուանէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը։ «Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Պատմութիւն» խորագրեալ իր ստուար աշխատասիրութիւնները լոյս կը տեսնեն 1995-ին, 1999-ին, 2003-ին եւ 2007-ին։
Ան ներկայ գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին 10 Ընդհանուր Ժողովներուն։ Յաճախ հանդէս եկած է բանախօսութիւններով եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին աշխատակցութիւններով։ Երկար տարիներ մաս կազմած է«Մարզիկ»ի խմբագրական եւ վարչական կազմերուն։ 2004-ին, ան արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։
Եղբ. Բիւզանդ Թորիկեան կը մահանայ 6 Դեկտեմբեր 2016-ին։