ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի վերջին քառորդ դարու ամէնէն հեղինակաւոր ու տիրական դէմքերէն եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան ծնած է 10 Ապրիլ 1962-ին։ Ան իր կրթութիւնը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին եւ Զմմառեան միաբանութեան Ս. Պօղոս վարժարանին մէջ։ Հօրը կանխահաս մահը սակայն պատճառ դարձած է, որ ան կանուխէն նետուի գործի ասպարէզ՝ դիմագրաւելու համար կեանքի դաժան մարտահրաւէրները։ 

Բիւզանդ եւ Ծաղիկ Մկրտիչեաններու ընտանեկան յարկին տակ հայեցի շունչով եւ գաղափարական դաստիարակութեամբ հասակ առած եղբ. Գառնիկ, ինքնակերտման առաջին քայլերէն ետք, մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, կանուխէն իր մէջ յայտնաբերելով բնատուր ղեկավարի եւ շրջահայեայց առաջնորդի յատկանիշներ։ Քսանմէկ տարեկանին ան կ’ընտրուի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ, իսկ կարճ ատեն մը ետք՝ կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուարին օրերուն, աւելի քան տասնամեակ մը իր շուքը անպակաս պահելով շրջանի հայութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան եւ թաղային-կենցաղային հարցերու լուծման գործէն։

Դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդին մղած պայքարը եղբ. Գառնիկը շուտով կ’առաջնորդէ նաեւ հայ մշակոյթի եւ հայ երիտասարդութեան ծառայութեան դաշտեր։ Ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերուն։ Կը գործէ նաեւ իբրեւ խնամակալ Ազգ. Քառասնից Մանկանց Վարժարանի եւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի։ Ծառայութեան ընդմէջէն, հայ մշակոյթը, հայ դպրոցը, հայ մարմնակրթութիւնը եւ հայ մարդու բնորոշ ազգային յատկութիւնները իրեն համար կը հանդիսանան անսակարկելի արժէքներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, եղբ. Գառնիկ նախ կը գործէ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին ու ապա՝ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին մէջ։ 1980-ական թուականներէն ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական բոլոր ժողովներուն, իսկ 1991-էն սկսեալ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրերայաջորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն։

Կազմակերպական կեանքի հարուստ կենսափորձով, եղբ. Գառնիկ, 1999-ին, միութեան Է. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 37 տարեկանին մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան այն կազմին, որ սերնդափոխութեան կարգով պիտի փոխարինէր շուրջ երկու տասնամեակ միութիւնը առաջնորդած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ տոքթ. Միսաք Արզումանեանի եւ գործակից եղբայրներու՝ Վարուժան Սերոբեանի, Միհրան Շիմշիրեանի, Պատրիկ Կիւլպէնկեանի, Կարօ Թիւթիւնճեանի, Ժիրայր Սարգիսեանի, Գօգօ Պալեանի եւ ուրիշներու։

2003-ին, եղբ. Գառնիկ կը վերընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ կը ստանձնէ միութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։ Այնուհետեւ, քառամեակի մը ընդմիջումէ ետք, 2011-2019 ան երկու շրջան եւս կը վերստանձնէ ատենապետութեան պաշտօնը՝ միութիւնը ձեռնհասօրէն առաջնորդելով ադամանդեայ յոբելեան՝ 100-ամեակ։

Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութեան 16 տարիները կը յատկանշուին կազմակերպական, քարոզչական, յարաբերական բազմաբեղուն գործունէութեամբ։ Հանգիստ ու դադար չի ճանչնար ան։ Կը գործէ անվհատ, կը հասնի հոն ուր հայութիւնը կազմակերպ կեանքի կարիքը ունի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայապահպան դերակատարութեան պահանջը ունի։ Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուի նորահաս սերունդներու ազգային դաստիարակութեան եւ մարմնակրթութեան կարեւոր գործին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով հայութեան հասցնելով քաղաքացիական իրենց պարտաւորութիւններուն գիտակից, ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան պատրաստ տղաք ու աղջիկներ։
Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջուն դեսպան, եղբ. Գառնիկ հետամուտ կ’ըլլայ միութեան կազմալոյծ մասնաճիւղերու վերականգնումին, Հայաստանի, Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ նոր մասնաճիւղերու ստեղծման եւ Եւրոպայի տարածքին նոր մասնաճիւղերու հիմնադրման, ազգային ապահով երդիկ մը ապահովելու համար Միջին Արեւելքէն գաղթած հայ ընտանիքներուն ու յատկապէս անոնց մատղաշ զաւակներուն։

Անուրանալի է եղբ. Գառնիկին դերն ու վաստակը միութեան 100-ամեակի փառապանծ տօնակատարութիւններու ծրագրման, կազմակերպման եւ իրագործման մէջ, ազգային-պետական շուքով, միութենական արժանավայել փառքով ու պատիւով։ Մեծ է նաեւ անոր ներդրումը միութեան երիտասարդականացման աշխատանքներուն եւ երիտասարդական առաջին համագումարի կազմակերպման մէջ։

Հայապահպանութեան գործին իր բերած մեծ նպաստին համար, եղբ. Գառնիկ 2012-ին կը պարգեւատրուի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ շքանշանով, իսկ «Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին ներդրած աւանդին համար», 2015-ին, ան կ’արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Երախտագիտութեան» շքանշանին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան առընթեր, եղբ. Գառնիկ մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի զանազան մարմիններու, Կեդրոնական Կոմիտէի եօթը կազմերու, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին։ Ան մասնակցած է Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովներու եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի շրջանի վերջին 35 տարիներու գրեթէ բոլոր Ներկայացուցչական ժողովներուն։

Եղբ. Գառնիկ երկար տարիներ գործած է նաեւ Լիբանանի Ազգային իշխանութեան մարմիններուն մէջ։ Եղած է Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի համաատենապետ։ Վերջին շրջանին ան կը վարէր Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի ատենապետութեան պաշտօնը։

Եղբ. Գառնիկ 1987-ին ամուսնացած է Մարալ Պալապանեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու մանչ զաւակով՝ Բիւզանդ եւ Նժդեհ։

Քորոնայի համաճարակին զոհը դառնալով, եղբ. Գառնիկ անժամանակ կերպով կեանքին հրաժեշտ տուաւ 6 Յունուար 2021-ին, իր ուրոյն հետքն ու դրոշմը ձգելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուաճումներով հարուստ պատմութեան մէջ։ Յետ մահու ան արժանացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշաններուն։

Տարածենք