ԳԱՐԼՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

ԳԱՐԼՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

ԳԱՐԼՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան բազմավաստակ անդամ, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան ծնած է 16 Յուլիս 1954-ին, Պուէնոս Այրէս, Արժանթին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Հ.Յ.Դ. «Խրիմեան» վարժարանը։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ տարիներու ընթացքին տիրացած է պատասխանատու զանազան պաշտօններու։

971-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի պատուիրակութեան հետ, եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է սկաուտական միջազգային 13-րդ Ճամպորիին, Ճափոն։ 1978-ին ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան։ 1981-1984 ան եղած է մասնաճիւղի «Արարատ» սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, իսկ 1984-1988՝ սկաուտական խումբի խմբապետ։ 1986-ին, եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան գլխաւորած է շրջանի սկաուտական պատուիրակութիւնը՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Բ. Բանակումին, Լոնտոն։ 1986-1990 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան։

1988-ին եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական խմբապետական երկրորդ համագումարին, Լոս Անճելըս։ 1992-ին, իբրեւ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, ան ստացած է «Wood badge»-ի աստիճան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութեան առընթեր, եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան ունեցած է ազգային-կուսակցական բեղուն ծառայութիւն։ Ան մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» երիտասարդական միութեան, որուն շարքերուն մէջ գաղափարական իր կազմաւորումը ստանալէ ետք՝ ան կատարած է դաշնակցականի իր երդումը եւ նետուած է կուսակցական կեանքի գործադաշտ։ Եղած է Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ, իսկ աւելի ուշ՝ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէի անդամ։ Բազմիցս մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի կազմերուն։ Այս տարի ան վերընտրուած է Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։
Եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան 2008-ին եղած է Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ։ Մաս կազմած է «Արմենիա» թերթի եւ ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» Հանգստեան Տան յանձնախումբերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 9-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2007-ին, ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ քառամեայ շրջանի մը համար։ 10-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2011-ին, ան կը վերընտրուի քառամեայ երկրորդ շրջանի մը համար։

14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութեան (Երեւան, Հայաստան), ի բացակայութեան, եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։ Շքանշանը կը ստանձնէ զաւակը՝ եղբ. Կարօ Սէֆէրեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահէն ետք, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան կը նշանակուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչի հանգամանքով։

Եղբ. Գարլոս Սէֆէրեան ամուսնացած է եւ բախտաւորուած չորս զաւակով՝ Մելինէ, Կարօ, Վիգէն եւ Արի։ Անողոք հիւանդութեան դէմ կարճատեւ շրջան մը պայքարելէ ետք, Գարլոս Սէֆէրեան 69 տարեկանին, 5 Օգոստոս 2023-ին, կեանքէն անդարձ հեռացաւ, խոր սուգի մատնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի շրջանը, որուն վերջին քառորդ դարու պատմութեան մէջ ան ձգեց իր անջնջելի հետքն ու դրոշմը։

Տարածենք