ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ական աթլէթին իր կեանքը նուիրաբերած պայծառ անուն մըն է եղբ. Գէորգ Գարապոյաճեան։
Եղբ. Գէորգ Գարապոյաճեան ծնած է Պէյրութ, 1939-ին, 6-րդ զաւակը Մովսէս եւ Մարի Գարապոյաճեան ամոլին։ Աշակերտած է Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին, զոր աւարտած է 1958-ին։ Հայկազեան համալսարանէն Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով վկայուած է 1963-ին, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ Պսակաւոր Աստուածաբանութեան տիտղոսով, 1967-ին։
Իբրեւ ուսուցիչ, եղբ. Գէորգ տասը տարի ծառայած է զանազան վարժարաններու մէջ եւ 1989-էն մինչեւ իր մահը վարած է ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի հայ անկարներու կեդրոնին տնօրէնութիւնը։ Ամուսնացած է Աստղիկ Քիւրքճեանի հետ, 1968-ին, եւ բախտաւորուած է երկու զաւակներով՝ Լիւսիլ եւ Հրայր։ Պատանի հասակէն, 1950-ական թուականներէն, եղբ. Գէորգ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի մեծ ընտանիքին։ 1962-ին ան փոխանցուած է Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ։ Իբրեւ աթլէթ մասնակցած է Լիբանանի ախոյեանութիւններուն։ 1983-2001 մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան աթլէթի յանձնախումբին, իբրեւ անդամ, իսկ վերջին 13 տարիներուն՝ իբրեւ ատենապետ։
Աթլէթի յանձնախումբի իր պատասխանատուութեան բերումով, եղբ. Գէորգ երկար տարիներ մասնակցած է ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպման աշխատանքներուն։ Մեծ է իր ներդրումը ԼԵՎԱՄ-ի յաջողութեան եւ զարգացման մէջ։ 2001-ին, ան իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Պէյրութի մէջ կազմակերպուած համա-ՀՄԸՄական 6-րդ մարզախաղերուն։
Եղբ. Գէորգ Գարապոյաճեան կը մահանայ 20 Յունիս 2011-ին, իր ետին ձգելով պարկեշտ մարդու եւ առաքինի Հ.Մ.Ը.Մ.ականի յիշատակելի անուն։