ԶԱՒԷՆ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
ԶԱՒԷՆ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Եղբ. Զաւէն Սապունճեան ծնած է Հալէպ, 1930-ին։ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Ազգ. Հայկազեան եւ Վենետիկեան Մխիթարեան Հայրերու վարժարանը, իսկ երկրորդականը՝ Հալէպի Միսիոն Լայիքի Ֆրանքօ-արապ Լիսէն։
Իբրեւ ուսուցիչ 3 տարի ան պաշտօնավարած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանին մէջ՝ 1952-1954։
Եղբ. Սապունճեան մաս կազմած է Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթի խմբագրութեան, վարելով թերթին մարզական եւ գեղարուեստական բաժինները։ 1957-ին ան եղած է «Արեւելք Մարզաշխարհ» շաբաթաթերթին հիմնադիրներէն մէկը եւ անոր խմբագրութիւնը վարած է մինչեւ թերթին դադրեցումը (1963)։ Խմբագրած եւ հրատարակած է «Պատանեկան Մատենաշար»ը եւ «Զաւէն Սապունճեան Մատենաշար»ը (12 գրքոյկ)։ Միաժամանակ, ան գլխաւոր խմբագիրը եղած է «Քրիստափոր Մատենաշար»ին։
Աշխատակցած է հայ մամուլին, իբրեւ մարզական թղթակից։ Խմբագրած է նաեւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պարբերաթերթը։
Եղբ. Սապունճեան 60 տարի մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին, սկիզբը իբրեւ սկաուտ (1941-1952). ան մասնակցած է սկաուտական միջ-մասնաճիւղային հինգ բանակումներու (Լիբանան) եւ եղած է սկաուտական նուագախումբի թմբկահար։ Շրջան մը ծառայած է Հալէպի գայլիկներու խումբին՝ «Պաղիրա»յի աստիճանով։ Իբրեւ մարզիկ ան սիրած ու կիրարկած է աթլեթիզմը, ի մասնաւորի միջակ եւ երկար վազքերը՝ 800 մ., 1500 մ., 5000 մ., 10000 մ. եւ քրոս քաունթրի (1952-1956)։ Հետեւած է նաեւ այլ մարզախաղերու։
1956-1968 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան։ Եղած է նաեւ անդամ Սուրիոյ առաջին Շրջանային Վարչութեան։ 1976-ին, Սուրիոյ մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնի որոշումով ան նշանակուած է Հալէպի Վարչութեան անդամ՝ երկու տարուան համար (1976-1978)։
Եղբ. Սապունճեան չորս անգամ մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովներուն (Հալէպ կամ Պէյրութ), ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Բ. Ընդհանուր Ժողովին (Կիպրոս)։
1953-1963, իբրեւ լրագրող կամ վարչական ան մասնակցած է հեծելարշաւի Սուրիոյ եւ Լիբանանի բոլոր կարեւոր մրցումներուն, շրջավազքերուն եւ Պէյրութի Միջերկրականեան խաղերուն։
Բազմիցս ընտրուած է անդամ՝ Հալէպի փինկ-փոնկի, հեծելարշաւի, պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի ֆետերասիոններուն։ 1976-1984 ընտրուած է Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ եւ միշտ մաս կազմած է անոր կրթական եւ մշակութային յանձնախումբին։
Հայ մարզական մամուլին ունեցած իր ծառայութիւններուն համար, 1961-ին, Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»-ին կողմէ ան պարգեւատրուած է համահայկական ողիմպիականի յատուկ շքանշանով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով բազմամեայ նուիրումը եւ բոլորանուէր աշխատանքը մարզական, մշակութային եւ ազգային մարմիններուն մէջ, 20 Նոյեմբեր 1988-ին զայն կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանով։
Եղբ. Սապունճեան կը մահանայ 18 Յունիս 2001-ին։