ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
ԶՈՀՐԱՊ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
Արեւմտեան Մ. Նահանգներու 1992 տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ն է եղբ. Զոհրապ Անտոնեան։ Եղբայր մը, որուն որուն բովանդակ կեանքը՝ Հալէպէն Սան Ֆրանսիսքօ եղաւ ազգային-միութենական կեանքի նուիրաբերում։ Եղբ. Զոհրապ միութենական սկզբունքները անձնական կեանքէն վեր դասելով, անշահախնդրօրէն ծառայեց իր սիրելի միութեան, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ:
Եղբ. Զոհրապ Անտոնեան կը ծնի 1 Մայիս, 1928-ին, Հալէպ, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Եօթը տարեկանին ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նոր Գիւղի մասնաճիւղին, իբրեւ գայլիկ, ուր իր հետեւողական լուրջ աշխատանքին եւ ծառայութեան հաւատքին շնորհիւ ան կ’արձանագրէ իր կեանքին առաջին նուաճումը, գայլիկ վոհմակի «Առիւծներ» վեցեակին մէջ ստանալով վեցեակապետի աստիճան:
Ապա, սկաուտական շարքեր փոխանցուելով, յաւելեալ աշխոյժ ու պատասխանատու աշխատանքներ կատարելով, եղբ. Զոհրապ աստիճանաբար կը հասնի Վարիչ Առաջնորդի աստիճանին, իր շապիկի ձախ գրպանին վրայ հպարտութեամբ կրելով այս աստիճանը յատկանշող երեք ճերմակ ժապաւէնները:
Եղբ. Զոհրապ յատուկ սէր ունենալով մարզական կեանքին եւ յատկապէս ֆութպոլի մարզաձեւին հանդէպ, 18-25 տարեկանին, սկաուտականին առընթեր կ’անդամակցի իր մասնաճիւղի Ա. դասակարգի ֆութպոլի խումբին։ Սակայն, սկաուտական աշխարհը միշտ յատուկ տեղ կ’ունենայ իր կեանքին մէջ:
Եղբայր Զոհրապ մինչեւ 1974 պատասխանատու զանազան պաշտօններ ստանձնելով՝ մեծապէս կը նպաստէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին վերելքին եւ անոր ծրագիրներուն յաջողութեան:
1974-ին, ան ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին:
1975-1985, եղբ. Զոհրապ աշխոյժ գործունէութիւն կը ցուցաբերէ իբրեւ վարչութեան ատենապետ եւ վարչութեան անդամ: 1978-1986, յաջորդական ութ տարիներ, ան լաւապէս կը ղեկավարէ նաեւ մասնաճիւղին ֆութպոլի խումբը: Եղբայրը երկու շրջան կ’ընտրուի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամ (1978-1950, 1982-1986) եւ պատուով կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Իր աշխատասիրութեան եւ օրինակելի գործունէութեան համար, եղբ. Զոհրապ կ’արժանանայ մասնաճիւղային եւ շրջանային մակարդակի բազմաթիւ գնահատագիրներու։ Աւելի քան 35 տարի ան ներկայ կը գտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ յատուկ տեղ կունենայ եղբօր սիրտին մէջ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը հանդիսանայ իր երկրորդ տունը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբ. Զոհրապի միութենական բեղուն գործունէութիւնը, 1992-ին, Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերուն, անոր կը շնորհէ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական-1992» տիտղոսը:
Եղբ. Զոհրապ կեանքին հրաժեշտ կու տայ խոր ծերութեան մէջ, 17 Սեպտեմբեր 2020-ին։