ԹՈՐՈՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԹՈՐՈՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԹՈՐՈՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Թորոս Խաչատուրեան Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ի երախտաշատ անդամներէն մէկն է։

Եղբ. Թորոս աւելի քան վեց տասնամեակ հանդիսացած է Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ի անխոնջ ու նուիրեալ դէմքերէն մէկը։ Երիտասարդութեան ան եղած է փայլուն կռփամարտիկ։ Կանուխէն նետուած է կազմակերպչական կեանքի ասպարէզ։ Շուրջ յիսուն տարի ան եղած է մասնաճիւղի վարչական, աւելի քան տասնամեակ մը ատենապետի պաշտօնով։

Հաւատաւոր միութենականի յանձնառու կեցուածքով, եղբ. Թորոս, Ստեփան Ամիրայեանի, Վարդան Գազանճեանի, Գարեգին Շամլեանի, Զարեհ Սագայեանի, Բիւզանդ Մինասեանի, Սարգիս Մեսրոպեանի եւ Յակոբ Պալըքճեանի հետ ոչ մէկ ճիգ խնայած է իր սիրելի միութեան անշեղ ուղղութեան, զարգացման ու վերելքին, անոր դրօշին ներքեւ համախմբուած պատանիներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական եւ հոգեկան պատրաստութեան ի խնդիր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով եղբօր երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւնը, 6 Սեպտեմբեր 1977-ին զայն պարգեւատրած է միութեան բարձրագոյն՝«Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Թորոս Խաչատուրեան կը մահանայ Մարտ 1978-ին, Գահիրէ։

Տարածենք