ԺԱԳ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

ԺԱԳ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

ԺԱԳ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ լիբանանեան պասքեթպոլի յաջողութիւններուն նկատառելի նպաստ բերած անուն մըն է եղբ. Ժագ Պոյաճեան, որուն մարզական փառքի օրերը երախտապարտութեամբ կը յիշեն հայեր եւ օտարներ։
Եղբ. Ժագ (Յակոբ) Պոյաճեան ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1930-ին, Պէյրութ։

Եղբայր Ժագին մուտքը Հ.Մ.Ը.Մ. կը կատարուի ֆութպոլի ճամբով։ 1946-1948 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ազատամարտ» ֆութպոլի երկրորդական խումբին։ Ապա, ան չորս տարի մաս կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի Ա. խումբին շապիկը։

Այնուհետեւ, 10 տարի՝ 1953-1963 եղբ. Ժագ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի պասքեթպոլի առաջին խումբին։ Նոյն շրջանին ան հանդէս կու գայ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին հետ։
Այս միջոցին, 1955-1956, եղբ. Ժագ անձնական գործի բերումով տարի մը կը մեկնի Գահիրէ եւ մաս կը կազմէ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ» մասնաճիւղի պասքեթպոլի տղոց խումբին, որուն հետ կը տիրանայ երկրի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին։

Լիբանան վերադարձին կը սկսի եղբայր Ժագի Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուաճումներու երկար շարանը։ 1960-1983 ան կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին մարզումը եւ կը յաջողի խումբը ախոյեանութեան գագաթին պահել այս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին։ Ան 20 տարի (1963-1983) կը վարէ նաեւ Պէյրութի տղոց խումբին մարզիչի պարտականութիւնը։

Մարզական իր գործունէութեան առընթեր, եղբ. Ժագ երկար երկար տարիներ (1962-ին, 1964-1966 եւ 1969-1974) կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի վարչութեան անդամ, մարզական պատասխանատուի պաշտօնով։ 1981-1983 ան կը ստանձնէ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետութիւնը։

Աւելի քան 30 տարի՝ 1962-1996, եղբ. Ժագ իր ներդրումը կը բերէ լիբանանեան պասքեթպոլին, իբրեւ ֆետերասիոնի անդամ, ազգային խումբի մարզիչ եւ թեքնիք պատասխանատու։ Շրջան մը ան կ’ընտրուի նաեւ պասքեթպոլի արաբական ֆետերասիոնի թեքնիք պատասխանատու։

1965-1969, ան կը ստանձնէ նաեւ պասքեթպոլի Լիբանանի համալսարանականներու աղջկանց ազգային խումբին մարզումը, իսկ տարեշրջան մըն ալ՝ 1967-1968, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին մարզումը։
1976-1977, եղբ. Ժագ գործի բերումով կը փոխադրուի Ամման, ուր սիրայօժար կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին պասքեթպոլի խումբին մարզումը եւ հետեւողական ու ժրաջան աշխատանքով ան կը յաջողի խումբը դարձնել Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բարձրացնել Ա. դասակարգ։

1985-2001, եղբ. Ժագ հինգ անգամ կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ (1985-1987, 1988-1991, 1991-1992, 1993¬1995 եւ 1999-2001)։ Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի աղջկանց եւ տղոց խումբերու մարզիչ, 1981-ին, եղբ. Ժագ կը մասնակցի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին մարզախաղերուն, Գանատա, ուր Պէյրութի աղջկանց խումբը կը տիրանայ առաջնութեան տիտղոսին, իսկ տղոց խումբը՝ պատուաբեր չորրորդ դիրքին։

Եղբ. Ժագ 1965-1995, աւելի քան երեսուն տարի, եղած է ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի խաղերու թեքնիք պատասխանատու։

Իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար, եղբ. Ժագ Պոյաճեան 1991-ին կը պարգեւատրուի Լիբանանի երիտասարդութեան եւ կրթութեան նախարարութեան կողմէ։ 1994-ին ան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան», իսկ 2008-ին՝ «Արժանեաց» շքանշաններուն։

Միութենական երեք քառորդ դարու ծառայութիւն մը իր ետին ձգած՝ եղբ. Ժագ Պոյաճեան կը մահանայ 21 Փետրուար 2021-ին, Պէյրութ։

Տարածենք