ԺԻՐԱՅՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԺԻՐԱՅՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԺԻՐԱՅՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի երախտաշատ դէմքերէն եղբ. Ժիրայր Խաչատուրեան ծնած է Ալեքսանտրէթ, 1921-ին։ 1924-ին ան կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր հայ գաղութի կազմաւորման սկզբնական շրջանին կը հիմնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղը։

1931-ին ան մաս կը կազմէ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն։ Ապա, մասնաճիւղէն ներս կը կիրարկէ զանազան մարզախաղեր՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, թենիս եւ հեծիկ։

1952-ին, եղբ. Ժիրայր մաս կը կազմէ մասնաճիւղին վարչութեան, փոխ ատենապետի պաշտօնով։ 1959, 1960 եւ 1964 տարիներուն ան կը վարէ վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Ժիրայր կ՚ըլլայ նաեւ նուիրեալ Դաշնակցական մը։

Ասպարէզով ճարտարագէտ, եղբ. Խաչատուրեան 1964-ին նիւթական կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ Պէյրութի ակումբի շինութեան աշխատանքներուն։

1969-ին, գանձապահի պաշտօնով ան մաս կը կազմէ Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան։ Նոյն տարին ան կը գլխաւորէ Լիբանանի ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին պատուիրակութիւնը՝ Թեհրանի մէջ կազմակերպուած Ասիոյ ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան մրցաշարքին։

1985-ին, եղբ. Ժիրայր մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իսկ 15 Յունուար 2000-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ան կը պարգեւատրուի «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Ժիրայր Խաչատուրեան, հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր կոչումին, անսակարկ կերպով կը ծառայէ նաեւ լիբանանեան իր հայրենիքին։ 1961-էն մինչեւ 1998, 37 տարի շարունակ, ան մաս կը կազմէ Պէյրութի Քաղաքապետական Խորհուրդին։

1970-ին, Այն Սաատէի շինարարական իր համալիրի շրջանին մէջ, ան Ազգային Առաջնորդարանին կը նուիրէ 16.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը՝ Ազգային կեդրոնական վարժարանի մը շինութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի ակումբներու կառուցման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու վարժարանին կողմէ օգտագործուելիք խաղավայրի մը շինութեան համար։ Հետագային, իր բարերարութեամբ, Անթիլիասի «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ կը կառուցուի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն տրամադրուած յարկ մը, որ կը կոչուի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան Կեդրոն»։

Եղբ. Ժիրայր Խաչատուրեան կը մահանայ 5 Դեկտեմբեր 2008-ին։

Տարածենք