ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի վաստակաշատ ու երախտաշատ դէմքերէն է եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան։ Մէկը, որուն անունը ծանօթներուն համար հոմանիշ է անմնացորդ ծառայութեան, անշահախնդրութեան, արդարամտութեան եւ պարկեշտութեան։

Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան ծնած է 1940-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Կրթութիւնը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանին եւ Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ, իսկ կազմաւորումը՝ Էշրէֆիէի Հ.Յ.Դ. «Ազատամարտ» ակումբին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ։

Եօթը տարեկանին եղբ. Ժիրայր կը հագուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին սկաուտական կանաչ տարազը։ Այնուհետեւ, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ, գայլիկական շապիկին գոյները աստիճանաբար փոխելով, 1966-ին, ան կը հասնի մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետի աստիճանին։ Եղբ. Ժիրայր կը մասնակցի Եգիպտոսի համա-արաբական երկիրներու եւ Յունաստանի համաշխարհային սկաուտական ճամպորիներուն։

Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Ժիրայր «անկեղծ զինուոր» մը կը հանդիսանայ իր ժողովուրդի արդար դատին ու պայքարին։ Ան մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն եւ մինչեւ մահ կը մնայ նուիրեալ կուսակցական, ինքնութեան պահպանումը եւ հայրենիքի գաղափարը դասելով ամէն նկատառումէ վեր։ Եղբօրը՝ Խաժակին հետ ան կը մասնակցի Սան Ֆրանսիքոյի հայ գաղութի կազմութեան եւ ներքին կեանքի կազմակերպման, տասնամեակներ շարունակ իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերելով գաղութին ազգային, հասարակական, կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ մարմնակրթական կեանքին ծաղկումին։

Մ. Նահանգներ հաստատուելէ ետք, եղբ. Ժիրայր 1980-ական տարիներուն պատասխանատու պաշտօններ կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրասիսքոյի «Մասիս» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան զանազան յանձնախումբերուն եւ կազմերուն մէջ։ Ան կը մասնակցի շրջանի բազմաթիւ Ներկայացուցչական Ժողովներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդական Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն, երկու քառամեակ՝ 1995-1999 եւ 1999-2003 մաս կազմելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ Երկրորդ քառամեակին, իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ եւ սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատու։

1990-ին, եղբ. Ժիրայր կը նշանակուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Դ. ընդհանուր բանակումի խմբապետ։ 1992-ին, իր կողակիցին՝ Սրբուկին հետ ան կը ստանձնէ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Նաւասարդեան 17-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը, իսկ 2015-ին կը հռչակուի տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»։

Եղբ. Ժիրայր մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ։ Ան հիմնած է իր անձնական հաստատութիւնը եւ ասպարէզին մէջ հասած է փայլուն յաջողութեան։ 1968-ին ամուսնացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի պասքեթպոլի օրուան աստղերէն քոյր Սրբուկ Օհաննէսեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով՝ Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք իրենց ծնողներուն օրինակին հետեւելով, այսօր, իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն։

Վարչական իր երկարամեայ գործունէութեան առընթեր, եղբ. Ժիրայր եղած է ազնիւ բարերար մը իր պաշտելի միութեան, կուսակցութեան եւ ժողովուրդին։ Մեծ է իր ներդրումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանի թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բազմաթիւ ձեռնարկներու յաջողութեան։ Իր իշխանական բարերարութեամբ կառուցուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆեռնանտոյի մասնաճիւղին նոր մարզադաշտը, որ կը կրէ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» անունը։ Ան իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման։ Միութեան 100-ամեակին, օրինակելի նուիրատուութեամբ մը, եղբ. Ժիրայր հիմը դրած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Եկամտաբեր հիմնադրամ»ին։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է միութենական բազմաթիւ հրատարակութիւններու։ Ազգային իր պարտականութիւնը երբեք չէ զլացած Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին եւ Հայ Դատին վերաբերող ծրագիրներու։ 

Միութենական բազմավաստակ ծառայութիւններուն համար եղբ. Ժիրայր պարգեւատրուած է բազմիցս։ 1998-ին, ան մասնաճիւղին կողմէ արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ 2004-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։

Հայրենիքին ի նպաստ իր կատարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք, եղբ. Ժիրայր 2002-ին պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Ոսկեայ Շուշանածաղիկ» շքանշանով։ Նոյն տարին ան արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութեան «Ոսկեայ» յուշամետալին։

Եղբ. Ժիրայր իր մահկանացուն կնքեց 21 Օգոստոս 2022-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Մ. Նահանգներ։  

Տարածենք