ԺՈԶԷՖ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ԺՈԶԷՖ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի պատմութեան բոլոր ժամանակներու ամէնէն նշանաւոր ու վաստակաւոր դէմքն է եղբ. Ժոզէֆ Նալպանտեան։ Իբրեւ մարզիկ, մարզիչ եւ վարչական պատասխանատու յաղթանակի փառաւոր տասնամեակներ կերտած անկրկնելի տիպար մը, որուն անունը անջնջելիօրէն կապուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ լիբանանեան ֆութպոլի վերելքին։
Եղբ. Ժոզէֆ Նալպանտեան կը ծնի 1919-ին եւ կանուխէն կը ճաշակէ որբութեան դառնութիւնները։ «Բախտը կը ժպտի» եւ ան կը փրկուի ստոյգ մահէ, ամէնէն սարսափելի չարչարանքները ճանչնալէ։ Կը վերապրի հայրենի հողէն հեռու, հեռու այն երկրէն, ուր հիմը դրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
Ռըմէյլի համեստ թաղերուն մէջ հասակ առած պատանի Ժոզէֆը աչքերը կը բանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի առաջին քայլերով։ Ան կը հմայուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի ֆութպոլի խումբին յաջողութիւններով։ 1930-ական տարիներու սկիզբը, Դամասկոսի խումբը շաբաթական Պէյրութ կու գար մրցելու լիբանանեան խումբերու դէմ։ Խումբին աստղերը կը կոչուէին Երուանդ (բերդապահ), Զաւէն, Եղիշ, Օղլաքեան, Սաաթճի (յետսապահներ), Օննիկ (միջնապահ), Կարապետ (ձախ ծայր) Արմէն (ձախ մէջտեղ), Մելիքոֆ (կեդրոն), Ֆերտինան (աջ ծայր) եւ այլն։ Ֆութպոլը կ’ըլլայ իր աշխարհը, իսկ բերդապահի դիրքը՝ իր նախընտրութիւնը։
1934-ին եղբ. Ժոզէֆին կը վստահուի դպրոցին՝ Սաժէսի ֆութպոլի խումբին բերդապահի պարտականութիւնը։ 17 տարեկանին լիբանանեան մամուլը արդէն կը խօսի խոստմնալից մարզիկի մը մասին, որ նոյն տարին կը հրաւիրուի Լիբանանի ազգային հաւաքական եւ կը մրցի Վիեննայի նշանաւոր Ատմիրա խումբին դէմ։ Մրցումին ընթացքին ան հրաշքներ կը գործէ եւ ֆրանսական «Օթօ տը Ֆրանս»ը (ապագայի «Լեքիփ»ը) մեծապէս կը դրուատէ զայն։
Քանի մը ամիս ետք, եղբ. Ժոզէֆ դարձեալ կը հրաւիրուի ֆութպոլի հաւաքական, այս անգամ ռումանական երկու խումբի եւ յունական խումբի մը դէմ խաղալու համար։ Այդ օրերուն, Լիբանանի հաւաքականին մաս կազմող միակ հայն էր ան։
Արաբական դպրոց յաճախած եւ ամբողջութեամբ արաբական շրջանակի մէջ հասակ առած երիտասարդ Ժոզէֆին համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը գրաւիչ շատ բան ունէր իր մէջ, սակայն կեանքի պարտադրանքները ճակատագիրը կը տնօրինեն այլ ձեւով։ 1938-ին, հազիւ ուսումը աւարտած, ան մաս կը կազմէ Տէ.Աշ.Փէ. խումբին, որ գործ կ’ապահովէ իրեն, Եղիշին եւ Սաաթճիին։ Տէ.Աշ.Փէ.ն Դամասկոս-Համա երկաթուղագիծի ընկերութեան խումբն էր, որուն հետ Ժոզէֆ Լիբանանի ախոյեանութիւնը կը շահի յաջորդաբար երեք տարի, 1937-1940։
Ժոզէֆ Նալպանտեան Տէ.Աշ.Փէ.ին մաս կը կազմէ մինչեւ 1944։ Այդ տարին Հ.Մ.Ը.Մ. կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան, սակայն կը դիմագրաւէ ներքին դժուարութիւն մը, իր եօթը ֆութպոլիստներուն «Բաղրամեան» խումբին միացումով։ Ներգաղթի եւ ներազգային տագնապի տարիներ էին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տկարացումը նպատակ էր համայնավար շրջանակներու համար, իսկ ֆութպոլը միջոց էր այդ նպատակին հասնելու համար։ Նալպանտեան կը զգայ վտանգը, ականջ կու տայ ներքին ձայնին եւ կ’ուզէ անպայման ըլլալ իր սիրելի խումբին կողքին։ «Բախտը կը ժպտի» դարձեալ եւ այդ օրերուն Տէ.Աշ.Փէ. խումբը կը լուծուի, իսկ Սաժէս խումբն ալ դուրս կը դրուի ֆետերասիոնէն։ Նալպանտեան անվարան կը դիմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ 1944-1945 տարեշրջանէն սկսեալ կը սկսի կրել «դեղին սատանաներ»ուն շապիկը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, Ժոզէֆ Նալպանտեան խմբակիցներ կ’ունենայ Սաաթճին, Եղիշը (յետսապահներ), Վարդանը (աջ յետսապահ), Կիրակոսը (ձախ յետսապահ), Յովհաննէսը (միջնապահ), Սարգիս Ազնաւուրեանը, Վարդիվառ Յովհաննէսեանը, Մանուէլ Ալթունեանը, Ստեփան Մելիքսէթեանը եւ ուրիշներ։ Յաջողութիւնները կը յաջորդեն իրարու։ Այս միջոցին, Նալպանտեան հայերէնի անձնական դասեր կը ստանայ խմբակից Ստեփան Մելիքսէթեանէն եւ 25 տարեկանին ետք հայերէն գրել-կարդալ կը սորվի շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ ֆութպոլի ժողովներուն կը պարտադրէր միայն հայերէն խօսիլ։
Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկ, Ժոզէֆ Նալպանտեանի առաջին յաջողութիւնը կ’ըլլայ 1945-1946 տարեշրջանին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան նուաճումը։ Երկու տարի ետք նուաճումը կը կրկնուի եւ խումբը կը տիրանայ նաեւ Լիբանանի բաժակին եւ միջ-մասնաճիւղային խաղերու ախոյեանութեան։
Երեք տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբին մաս կազմելէ եւ ախոյեանական երկու տիտղոսի տիրանալէ ետք, 1948-ին, Ժոզէֆ Նալպանտեան կը հրաւիրուի ստանձնելու խումբին մարզիչի պատասխանատուութիւնը։ Սկզբնական հանգրուանին իրեն կ’օժանդակեն ֆութպոլի իր կուռքերը՝ Սաաթճին, Եղիշը եւ երիտասարդ Վարդիվառ Յովհաննէսեանը։ 1950-ին, ան մարզումի դասընթացքի մը կը հետեւի Ֆրանսայի մէջ։ Կը կատարելագործէ իր գիտելիքները եւ կը հարստացնէ Տէ.Աշ.Փէ.ի հունգարացի մարզիչ Հերզընկըրէն իր սորվածները։ 1952-ին, ան Ֆրանսա կը մեկնի մարզումի երկրորդ դասընթացքի մը համար եւ վերադարձին կատարելապէս կը տիրապետէ ֆութպոլի բոլոր գաղտնիքներուն։
Մարզիչ Ժոզէֆ Նալպանտեանի հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը կը նուաճէ նոր որակ եւ մակարդակ։ Նալպանտեան խումբը կը գլխաւորէ 25 տարի շարունակ, աննման խումբ մը խաղացողներով միութեան ապահովելով ախոյեանական չորս տիտղոս (1951, 1955, 1963, 1969), Լիբանանի բաժակ (1962), «Ապի Շահլա» մրցաշարքի ինը առաջնութիւն եւ «Էտմոն Ռըպէյզ» մրցաշարքի երկու ախոյեանութիւն։ 1970-ին, իր գլխաւորութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը կը գրաւէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ դիրքը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւնները աննկատ չեն անցնիր Լիբանանի ֆութպոլի պատասխանատուներէն, որոնք Ժոզէֆ Նալպանտեանը կը հրաւիրեն մարզելու Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը։ Նալպանտեան հաւաքականը կը մարզէ 1960-1970։
Մարզական իր գործունէութեան առընթեր, Ժոզէֆ Նալպանտեան կ’ունենայ վարչական բեղուն կեանք։ 1946-ին ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի ֆութպոլի յանձնախումբին։ 1951-1964 ան մասնաճիւղի վարչական է, 1962-ին եւ 1963-ին ատենապետի պաշտօնով։ 1965-1971, երեք շրջան, ան անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, 1975-1990, պատճառ կը դառնայ որ ֆութպոլն ու մարզական կեանքը ծանր հարուած ստանան երկրին մէջ։ Խումբերու գործունէութիւնը կը դադրի։ Կը շարունակէ գործել Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որուն՝ Նալպանտեան երկար տարիներ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչի հանգամանքով։ Իբրեւ ֆետերասիոնի անդամ, ան Լիբանանը կը ներկայացնէ բազմաթիւ մրցաշարքերու։ Կը հաստատէ ծանօթութիւններու լայն շրջանակ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը ներկայացնէ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ, արժանանալով օտարներու տեւական գնահատանքին։
Ժոզէֆ Նալպանտեան կեանքին հրաժեշտ կու տայ 1 Յունուար 1990-ին, 71 տարեկանին, իր ետին ձգելով փայլուն ֆութպոլիստի, հեղինակաւոր մարզիչի եւ հմուտ վարչագէտի անուն եւ հռչակ։