ԼԵՒՈՆ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ

ԼԵՒՈՆ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ

ԼԵՒՈՆ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու ոսկեայ սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներէն է եղբ. Լեւոն Ալթունեանը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ուստա»ն, որ 1952-1973 մեծ դեր ունեցաւ լիբանանեան ֆութպոլի զարգացման մէջ։ Իր խմբակիցներուն՝ «Ճոքի»ին (Յովհաննէս Յուսամեան), Մեծ ու Փոքր Աբոներուն (Աբօ Գասապեան, Աբօ Նէնէճեան), եղբօրը՝ Մանուէլին, Միկէին (Մկրտիչ Մկրտիչեան), Ռաղէպին, Զաւիկին, Սամիկին, Բարսեղին եւ մնացեալ խմբակիցներուն հետ, եղբ. Լեւոն եղաւ ու մինչեւ վերջ մնաց հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, տիպար ֆութպոլիստ, խոնարհ ու ազնիւ մարդ։

Եղբ. Լեւոն Ալթունեան ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1936-ին, Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն ան սկսած է ֆութպոլ խաղալ։ 16 տարեկանին հանդէս եկած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբէն, հետեւելով իր երէց եղբօր՝ Մանուէլի օրինակին։

Առաջին մրցումը ան կատարած է Ռասինկի դէմ։ Այդ մրցումին, իբրեւ պահեստի մարզիկ, եղբ. Լեւոն դաշտ ներկայացած է երկրորդ կիսախաղին, երբ խումբը պարտուած է 1-0 արդիւնքով։ Շնորհիւ սակայն իր արագ ու տպաւորիչ խաղարկութեան, ան նշանակած է երկու կոլ, իսկ եղբայրը՝ Մանուէլ մէկ կոլ, 3-1 արդիւնքով արդար յաղթանակ մը ապահովելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Այնուհետեւ, ան Լիբանանի ֆութպոլի պատմութիւն մուտք գործած է լայն դռնէն, դառնալով բոլոր ժամանակներու լաւագոյն միջնապահներէն ու ապա՝ աջ ծայրի «ռմբարկուներէն» մէկը։

Եղբ. Լեւոն 21 տարեկանին, 1957-ին, մասնակցած է Պէյրութի միջ-արաբական խաղերուն եւ նշանակած է երկու կոլ, Լիբանանին ապահովելով մրցաշարքին պատուաբեր երրորդ դիրքը։ 1963-ին, ֆութպոլի արաբական երկիրներու ախոյեանութեան, ան գլխաւորած է Լիբանանի ազգային խումբը։ Եղած է խումբին խմբապետը եւ նշանակած է 6 կոլ, Լիբանանին անգամ մը եւս ապահովելով պրոնզէ մետալ։

Եղբ. Լեւոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչական խումբին եւ մարզիչ Ժոզէֆ Նալպանտեանի հետ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիրացած է երեք անգամ.- 1954-1955, 1962-1963 եւ 1968-1969 տարեշրջաններուն։ Լիբանանի բաժակակիր դարձած է 1961-1962 տարեշրջանին։ Լիբանանի լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացած է 1962-1963 եւ 1966-1967 տարեշրջաններուն։ 1970-ին, իր խմբապետութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը կը գրաւէ Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երրորդ դիրքը։

Եղբ. Լեւոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը կրած է 21 տարի շարունակ։ Վերջին մրցումը ան կատարած է 1973-ին, Նըժմէի դէմ, Հապիպ Ապի Շահլա մրցաշարքին։ Այդ օրը «Ուստա»ն նշանակած է մրցումին միակ կոլը։ Եղբ. Լեւոնին բազմաթիւ առիթներ ներկայացած են մաս կազմելու եւրոպական խումբերու, սակայն ան հաւատարիմ մնացած է իր պաշտած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ֆութպոլիստի ամբողջ կեանքը անցընելով անոր յարկին տակ։ Պատահած է, որ Ռասինկ ակումբը միջազգային իր կարգ մը մրցումներուն համար եղբ. Լեւոնը փոխ առնէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն։ Ռասինկին հետ եղբ. Լեւոն 1960-ական տարիներուն հանդէս եկած է Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ։

Ֆութպոլիստի ասպարէզին հրաժեշտ տալէ ետք, շրջան մը եղբ. Լեւոն մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի յանձնախումբին։

Եղբ. Լեւոն կը մահանայ 6 Սեպտեմբեր 2020-ին, իր ետին ձգելով մարզական փառաւոր պատմութիւն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաղթանակներու բերկրանք ու հպարտութիւն։

Տարածենք