ԼՈՒՏԵՐ ՄԱՍՊԱՆԱՃԵԱՆ

ԼՈՒՏԵՐ ՄԱՍՊԱՆԱՃԵԱՆ

ԼՈՒՏԵՐ ՄԱՍՊԱՆԱՃԵԱՆ

Եղբ. Լուտեր Մասպանաճեան կը նկատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի իսկական առաքեալը Միջին Արեւելքի մէջ։ 1925-ին, խումբ մը գաղափարապաշտ երիտասարդներու հետ, ան հիմը կը դնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին եւ այնուհետեւ քառորդ դար մաս կը կազմէ անոր իրերայաջորդ վարչութիւններուն, իբրեւ ատենապետ, սկաուտականի ներկայացուցիչ, Ֆութպոլի եւ աթլէթի պատասխանատու։

Եղբ. Լուտեր Մասպանաճեան ծնած է Այնթապ, 2 Փետրուար 1898-ին, աւետարանական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան իր կրթութիւնը ստացած է Այնթապի Ամերիկեան Քոլէճը՝ մարզանքի ուսուցիչ ունենալով Մ. Նահանգներու ուսումնառութենէն նոր վերադարձած Մանասէ Միսիրեանը։

1917-ին, դեռ պատանի, թուրքերը Այնթապի մէջ զօրակոչ կը յայտարարեն եւ հօրը հետ զինք ալ բանակ կը տանին։ 1918-ին, երբ անգլիական բանակը Այնթապ կու գայ, իբրեւ թարգման ան կը ծառայէ անգլիական բանակին։

Այնթապի մէջ, եղբ. Լուտեր մաս կը կազմէ «Համազասպ» մարզական միութեան, որ նկատառելի գործունէութիւն կ’ունենայ մինչեւ Ցեղասպանութիւն։

1918-ի զինադադարին, երբ վերապրող այնթապցիները կը վերադառնան հայրենիք՝ իրենց կործանած բոյները վերականգնելու, կը վերակազմուի «Համազասպ»ը։ Սակայն, հայութեան հանգիստը երկար չի տեւեր։ Քեմալական Թուրքիոյ ձեռնարկած հալածանքներուն եւ ճնշումներուն հակազդելով, հայաբնակ այլ շրջաններու նման, Այնթապ եւս կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան։ Եղբ. Լուտեր կը մասնակցի Այնթապի գոյամարտին, ապա իր ժողովուրդին հետ կ’անցնի Սուրիա՝ հաստատուելու համար Հալէպ, ուր «Համազասպ» միութեան վերապրող վարիչները 1922-ին կը վերակազմեն իրենց միութիւնը եւ կը գործեն երեք տարի։ 1925-ին, տոքթ. Ատուր Գապաքեանի նախաձեռնութեամբ, մարզական այլ միութիւններու հետ, «Համազասպ» եւս մաս կը կազմէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։ Հալէպի մէջ, եղբ. Լուտեր կարեւոր դեր կը խաղայ հայութեան ազգային կեանքի կազմաւորումին եւ կազմակերպումին մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ ան կը լծուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծրագիրներուն գործադրութեան, ցուցաբերելով վարչական փայլուն կարողութիւններ։

Հալէպի մէջ ան կը ճանչուի իբրեւ «Պարոն Լուտեր»։ Իր ջանքերուն շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մարզական տարածուն շարժում մը կը դառնայ Սուրիոյ մէջ։ Եղբ. Լուտեր արհեստով դերձակ էր, բայց ո՞վ էր աշխատողը։ Ան կը շրջէր ակումբէն դաշտ, դաշտէն ակումբ, ժողովէ ժողով, կառավարչատուն, Առաջնորդարան եւ տպարան, մոռնալով տուն ու տեղ։ Ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակի՝ մանչ մը եւ աղջիկ մը։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնը վարած եւ, իբրեւ հանրային-կուսակցական գործիչ, Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ գործած եղբ. Լուտեր 1946-ին կը ստանձնէ նաեւ «Արեւելք» օրաթերթի վարչական տնօրէնի պաշտօնը եւ «Արեւելք-Մարզաշխարհ»ի խմբագրութիւնը` եղբայրներ Զաւէն Սապունճեանի եւ Պարգեւ Միսիրեանի հետ միասին։ Իր կուսակցական պատկանելիութեան համար եղբ. Լուտեր կը կրէ նաեւ բանտարկութեան եւ չարչարանքի լուծը։ Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, սակայն, ան կարգապահութեամբ կը տոկայ իրեն բաժին հանուած դժուարութեան։

1968-ին, եղբ. Լուտեր կը գաղթէ Գանատա եւ կը հաստատուի Թորոնթօ, ուր իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչը Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածող մարմնին, ան կը գլխաւորէ Գանատայի եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու միացումով Շրջանային Վարչութիւն մը յառաջացնելու աշխատանքը։

Եղբ. Լուտեր կը մահանայ 23 Սեպտեմբեր 1976-ին։

Յետ մահու, Յունուար 1977-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը զայն կը պարգեւատրէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Տարածենք